ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Միքայէլ Յովհաննիսեան. Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրին յետ-Եղեռնեան նահատակ գաղափարապաշտը

22 Ապրիլ 2013

Ապրիլեան ոգեկոչումներու եւ խորհրդածութեանց ծանր մթնոլորտը յատկապէս շեշտելու կու գայ Ապրիլ 22ի այս օրուան զուգադիպող մահուան 79րդ տարելիցը Միքայէլ Վարանդեանի։

1915ի Ապրիլ 24ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած, աքսորուած ու Արհաւիրքի ճամբուն վրայ տմարդի խոշտանգուած ու նահատակուած հայոց Մեծերու շարքին չգտնուեցաւ Միքայէլ Վարանդեան։

Բայց Հայկական Յեղափոխութեան անկրկնելի գաղափարախօսն ու Դաշնակցութեան տեսաբանը այլապէս, թրքական պետութեան գործադրած հայասպանական մեծ ոճիրին ոգեղէն աւերիչ հետեւանքներուն իմաստով, անպայման կը դասուի Հայու Հաւատքին խաչելութիւնը մարմնաւորած յետ-Եղեռնեան «նահատակներ»ու շարքին…

Թուրքիոյ պետականօրէն ծրագրած, կազմակերպած եւ գործադրած հայասպանական ոճիրը միայն միլիոնուկէս անմեղ հայերու մարմինը չսպաննեց… նաեւ՝ խորապէս հարուածեց Հայու Հոգին ու Միտքը։

Իսկ սրբակերպ Կոմիտաս Վարդապետը, որ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ իբրեւ գերագոյն խորհրդանիշը մեր ազգի ոգեղէն նահատակութեան, ըստ ամենայնի միակ պարագան չեղաւ Մեծ Եղեռնի ահաւոր հարուածին եւ անոր շարունակուող հետեւանքներուն հոգեպէս զոհ գացած հայ ժողովուրդի զաւակներուն։

Այդ իմաստով Միքայէլ Վարանդեան խորհրդանշեց նահատակութիւնը հայու գաղափարապաշտութեան. թէեւ թրքական մահացու հարուածը չհասաւ անոր մարմնին, բայց անդառնալիօրէն խոցեց ու զգետնեց Գաղափարապաշտ Հայու այն բարձրաթռիչ Ոգին, որուն կատարելատիպ մարմնաւորումն էր Վարանդեան, անվիճելիօրէ՛ն։

Իրաւամբ, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը շատ բան պիտի կորսնցնէր գաղափարական իր կրակէն եւ ոգեւորիչ շունչէն, եթէ իր ոգորումին մէջ ու պայքարի յառաջապահ դիրքերու վրայ չունենար Միքայէլ Վարանդեանի անձննուիրումով գաղափարախօս ու տեսաբան դրօշակիրը՝ գաղափարի անկե՛ղծ զինուորը։

Գաղափարի հուրով համակուած էր Վարանդեանի ողջ էութիւնը եւ անոր գրիչէն լոյս աշխարհ եկած էջերը, ինչ որ ալ ըլլար անոնց բնոյթը, հրապարակագրութիւն թէ պատմագրութիւն, փիլիսոփայութիւն թէ ընկերաբանութիւն, յուշագրութիւն թէ քաղաքական տեսութիւն, ամէն բանէ առաջ եւ վեր գաղափարական հրաբուխի ժայթք էին։

Իրենց ջերմութեամբ ու սիրտ եւ միտք վառող կրակով՝ Վարանդեանի գրութիւնները կը կլանէին, կþոգեւորէին ու պայքարի կը մղէին ընթերցողը։

Միքայէլ Յովհաննիսեան էր աւազանի անունով։ Ծնած էր 1872ին Արցախի Վարանդայ գաւառի Քեաթուկ գիւղը։ Ծննդավայրի ներշնչումով ալ, հետագային, որդեգրեց Վարանդեան գրչանունը, որ փաստօրէն նաեւ իսկական ազգանուն դարձաւ։

Բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ՝ Վարանդեան իր տարրական ու միջնակարգ ուսումը ստացաւ Շուշիի ռէալական վարժարանին մէջ։ Այդ ժամանակներուն Շուշի կը հանդիսանար գաղափարական կազմաւորման հիմնական հնոց մը՝ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարով տոգորուած, ինչպէս նաեւ ռուսական թէ եւրոպական յեղափոխական շարժումներու յառաջդիմական գաղափարներով խանդավառ նորահաս սերունդին համար։

Վարանդեան աշակերտական տարիներէն փարեցաւ Երկրի հայութեան ազգային ազատագրումի դատին եւ, գաղափարապաշտ իր էութեամբ, կոչումի ու առաքելութեան վերածեց հայկական յեղափոխութեան գաղափարախօսական հիմնաւորումը, հունաւորումը եւ ժողովրդականացումը։

Այդ ներշնչումով եւ ուղիով՝ 1880ականներու վերջերուն գրուած իր առաջին յօդուածները ան լոյս ընծայեց ժամանակի հայկական ազատախոհ մամուլի էջերուն. Թիֆլիս լոյս տեսնող Արասխանեանի «Մուրճ»ը եւ Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»ը հանդիսացան օրրանը EGO ստորագրութեամբ հայ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւած երիտասարդ մտաւորականին։

Շուշիի Ռէալական վարժարանը աւարտելէ ետք, Թիֆլիս ապրող իր մօրեղբօր՝ յայտնի մեծահարուստ Արամեանցի նիւթական հովանաւորութեամբ, Վարանդեան 1890ին մեկնեցաւ Զուիցերիա, Ժընեւի համալսարանին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Շուտով դարձաւ Ժընեւի հայ ուսանողական շարժումներու աշխոյժ մասնակիցն ու մղիչ ուժը։ Չբաւարարուեցաւ Ժընեւի համալսարանի ընկերային գիտութեանց անուանի դասախօսներու դասընթացքներուն հետեւելով։ Նաեւ Գերմանիոյ համալսարաններուն ազատ ունկնդիր դարձաւ, մօտէն հետեւեցաւ գերմանացի մեծանուն փիլիսոփաներու եւ ընկերաբաններու դասախօսութեանց ու դասաւանդութեանց։

Եւրոպայի մէջ ընկերվարական մտքի ու ազգային-ազատագրական թէ ընկերային-քաղաքական շարժումներու զարթօնքի տարիներն էին։ Վարանդեան ոչ միայն ուսանողը եղաւ զուիցերիացի թէ գերմանացի, պելճիքացի թէ ֆրանսացի, ռուս թէ անգլիացի ընկերվարական, ազգայնական թէ անիշխանական դէմքերու դասախօսական ելոյթներուն կամ այցելու դասաւանդութեանց, այլեւ՝ սերտ կապեր հաստատեց անոնց հետ։ Ընկերվարական Բ. Միջազգայնականի կազմութեան եւ արագ ժողովրդականացման տարիներն էին, իսկ Վարանդեան արդէն գտած էր հայ ընկերվարականի իր ուղին։

Միքայէլ Վարանդեանի կեանքին շրջադարձային պահը եղաւ 1892ին Դաշնակցութեան հիմնադիր Ռոստոմի Ժընեւ ժամանումը՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործը կազմակերպելու առաքելութեամբ։ Ռոստոմ Վարանդեանի մէջ գտաւ գաղափարապաշտ ու տեսականօրէն լաւագոյնս պատրաստուած այն ուժը, որ ի վիճակի էր ի կատար ածելու նորաստեղծ Դաշնակցութեան ազգային-յեղափոխական առաջադրանքներուն գաղափարաբանական հիմնաւորումին եւ քարոզչութեան զգայուն գործը։ Իսկ Վարանդեան Ռոստոմի մէջ գտաւ յեղափոխական կենդանի պայքարի ու կազմակերպական գործի մեծ վարպետ մը, որ իր աշխարհայեացքով եւ ընկերային արդարութեան պաշտամունքով այնքան հոգեհարազատ էր իր համոզումներուն եւ արժէքային համակարգին։

Համալսարանական ուսման զուգահեռ՝ Վարանդեան տենդագին փարեցաւ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործին, իբրեւ Ռոստոմի աջ բազուկը։ Ոչ միայն «Դրօշակ»ի իւրաքանչիւր համարին յօդուած հասցուց, այլեւ՝ յաճախ միեւնոյն համարին մէջ տարբեր բաժիններով աշխատակցութիւն բերաւ։ Գրեց խմբագրական եւ առաջնորդող յօդուած։ Բանավէճի մէջ մտաւ հայկական յեղափոխութիւնը մրոտելու ելած աջի թէ ձախի գաղափարախօսներուն հետ։ Բանաստեղծի յուզական շունչով եւ փիլիսոփայի խոհուն վերլուծութեամբ՝ ներկայացուց հայ ազատագրական շարժման զոհասեղանին ինկած հերոսները։ Մամուլի տեսութիւններով մնայուն լուսարձակի տակ պահեց եւրոպական ազատախոհ մամուլի հայանպաստ հրապարակումները։ Բայց նաեւ միշտ ժամանակը գտաւ կամ առիթը ստեղծեց, որպէսզի պատրաստէ եւ յօդուածաշարքի տեսքով լոյս ընծայէ գիտական աշխատասիրութիւններ՝ պատմական, գաղափարաբանական, քաղաքական ու հասարակագիտական հարցերու եւ նորայայտ զարգացումներու վերաբերեալ, ի սպաս հայ ժողովուրդի ազգային-գաղափարական գիտակցութեան մշակումին եւ հարստացման։

Միաժամանակ՝ Միքայէլ Վարանդեան արժանաւորապէս դարձաւ պատգամատարը հայոց յեղափոխական զարթօնքին, ազգային-ազատագրական պայքարին, Հայկական Հարցի քաղաքական քարոզչութեան եւ հայ ազգային գաղափարախօսութեան ընկերվարական հիմնաւորումին ու հարստացումին։

Իբրեւ այդպիսին՝ Վարանդեան կանոնաւորաբար մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյին՝ ստանձնելով նախ արտասահմանեան քարոզչութեան, ապա՝ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը։ Այդ զոյգ հանգամանքներով՝ Վարանդեան մեծ ներդրում ունեցաւ ֆրանսերէն «Պրօ-Արմենիա» թերթի հրատարակութիւնը եւ Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականին Դաշնակցութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը իրականացնելու մարզերուն մէջ։

Առաջին Աշխարհամարտին բռնկումը, որ ազգային ճակատի վրայ հայոց դէմ ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրին գործադրութեան «յարմար» պահը ընձեռեց թուրք պետական ղեկավարութեան, իսկ եւրոպական ճակատի վրայ ծայրայեղօրէն խորացուց ընկերվարական կուսակցութիւններու միջեւ ազգային պառակտումը, ծանրագոյն անդրադարձ ունեցաւ եւ բառին բուն իմաստով ընկճեց գաղափարապաշտութեան դրօշակիր Վարանդեանը ներաշխարհը։ Թէեւ 1915ին անցաւ Կովկաս ու որոշ ժամանակ վարեց Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին խմբագրութիւնը, բայց երկար չկրցաւ մնալ եւ վերադարձաւ Եւրոպա, ուր մինչեւ Հայաստանի անկախացումը գործակցեցաւ Պօղոս Նուպարի Ազգային Պատուիրակութեան հետ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք՝ նշանակուեցաւ Հայաստանի դեսպան Հռոմի մէջ։ Նոյնիսկ իր մասնակցութիւնը բերաւ Նեմեսիսի իրականացման աշխատանքներուն, յատկապէս Հռոմի մէջ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումին։

Բայց ծանրօրէն խոցուած էր գաղափարապաշտ Վարանդեանի հոգին, որ բնաւ չկրցաւ հաշտուիլ նախ թուրք յառաջդիմական շարժման անունով իշխանութեան հասած Երիտթուրքերու հակահայ, իմա՛ հայասպանական թրքամոլութեան, ապա՝ Եւրոպայի ազատախոհ ու ընկերվարական իր գաղափարակիցներու եւ մտերիմներու դրսեւորած ինքնակեդրոն, այլամերժ ու պատեհապաշտ վարքագծին հետ։ Չկրցաւ տանիլ յատակպէս Հայոց Մեծ եղեռնին նկատմամբ Եւրոպայի անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ յանուն ընկերվարութեան պոլշեւիկ «յեղափոխական»ներու գործած ոճիրները, որոնց ծայրայեղ դրսեւորումը եղաւ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ, Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան խորտակումը։

Այդ պատճառով ալ, իր կեանքին վերջին քսանամեակը Վարանդեան անցուց ինքնամփոփ, հոգեպէս ինկած եւ ծայր աստիճան յուսահատ վիճակի մէջ։ Անշուշտ շարունակեց գրել, բայց քաղաքական եւ կազմակերպական երբեմնի աշխուժութիւնը չունեցաւ այլեւս։

Եւ 1934ին, երբ իրեն այնքան հոգեհարազատ ու երկարամեայ գործակիցը՝ Աւետիս Ահարոնեան Վարանդեանի նախաձեռնութեամբ դասախօսական ելոյթի համար հրաւիրուեցաւ Մարսէյլ, բայց բեմի վրայ կաթուածահար ըլլալով չկրցաւ ամբողջացնել իր խօսքը, Վարանդեան վերջնականապէս փուլ եկաւ։

Քանի մը շաբաթ ետք, Ապրիլի 22ին, Վարանդեան սրտի կաթուած ունեցաւ, որ մահացու եղաւ։

Վարանդեան գաղափարական եւ քաղաքական ամբողջ հարստութիւն մը կտակեց մեր սերունդներուն։ Թէեւ հիմնական գործերը լոյս տեսան առանձին հատորներով, բայց «Դրօշակ»ի եւ դաշնակցական մամուլի էջերուն տակաւին ցրուած կը մնան մեծ թուով աշխատասիրութիւններ եւ հրապարակագրական էջեր, որոնք աւելի ամբողջական կ՛ընծայեն գաղափարական դիմագիծը այս մեծ հայուն, որ իր մտաւորական ողջ ուժն ու պատրաստութիւնը ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան մեծագոյն դատին։

Միքայէլ Վարանդեանի «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւն»ը, «Հոսանքներ»ը, «Հայկական Շարժման նախապատմութիւն»ը, «Վերածնուած հայրենիքը եւ մեր դերը», «Բողոքը նորագոյն պատմութեան մէջ», «Կրօն եւ գիտութիւն»ը, «Դաշնակցութիւնը եւ նրա հակառակորդները», «Սիմոն Զաւարեան»ը, «Մուրատ»ը, «Համայնավարութիւնը եւ միջազգային յեղափոխութիւնը» եւ բազմաթիւ միւս գործերը գաղափարական սնունդի կենսատու աղբիւր կը մնան մեր սերունդներուն համար:

Միքայէլ Վարանդեանով մեր սերունդները ճանչցան ու պաշտեցին Հայն ու Հայաստանը, Հայ Յեղափոխական Շարժումն ու անոր մարտական ուժականութիւնը մարմնաւորող Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։

Եւ աւելի քան բնական է, որ Ապրիլեան մեր Նահատակներու ոգեկոչման այս օրերուն, թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրն անպատիժ թողած մեծապետական աշխարհին մեղսակցութիւնը դատապարտող մեր ելոյթներուն հետ, հայ քաղաքական միտքը կþոգեկոչէ մահուան տարելիցը եւ կը խոնարհի յիշատակին առջեւ Միքայէլ Վարանդեան անուն Մեծ Հայուն, որուն մարմնաւորած Հայկական Գաղափարապաշտութիւնը հայոց սերունդներուն միշտ պիտի պատգամէ.-

«Հայաստան կոչուած երկիրը դարձեր է մեզ համար աւելի քաղցր ու հրապուրիչ։ Որովհետեւ… այդ հողը ծնուել, պարարտացել է գաղափարով, որ մեր ըմբոստ նահատակների արիւնն է ու նրանց աճիւնները։ Սոսկ անկենդան մի նիւթ չէ այլեւս հայկական հողը, այլ նա շնչաւորուած է, գաղափարուած։ Նա այլեւս սոսկ նիւթական քաղաքակրթութեան մի գործօն չէ, այլ կազմում է մեր իմացական քաղաքակրթութեան մի անբաժան մասնիկը, մեր նորագոյն ազգայնականութեան անկիւնաքարը»։

Ն.
ԱԶԱՏ ՕՐ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
44-օրյայի զեկույցում առկա են փաստեր,

Այս և այլ հարցերի շուրջ 168.am-ը զրուցել է ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, «Հայաստան»

20 Հունվար 2026
ՔՊ-ականների նախագիծը չի համապատասխանու

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

20 Հունվար 2026
Իշխանությունը խաղաղություն ասված հնարք

«Այսօր Հայաստանը որպես պետություն չկա, կա Նիկոլ Փաշինյանի կալվածք, որն ինքը տն

20 Հունվար 2026
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարարութ

Որևէ հայ չի կարող դեմ լինել Հայրենիքի համար նահատակների հիշատակը հարգելու համա

20 Հունվար 2026
Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

Մեր աշխատակիցին յօդուածին տեղ կու տանք, առանց բաժնելու յատկապէս ներիրանեան իրա

20 Հունվար 2026
Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

Կրինլանտի խնդիրի սրացումը տարբեր շարժառիթներ ունի: Նշենք սակայն, որ անոր ռազմա

20 Հունվար 2026
Հայակերտումը եւ ազգային ինքնութեան կեր

21-րդ դարու երկրորդ քառորդի շեմին կանգնած սփիւռքահայութեան դիմաց պարզուող մարտ

19 Հունվար 2026
«Մենք կանք». չնայած դժվարություններին`

«Արցախի մշակույթի և զբոսաշրջության զարգացման գործակալություն» ՀԿ նախագահ Սերգե

19 Հունվար 2026
«Հայաստան» խմբակցությունը հանդիպումներ

«Հայաստան» խմբակցությունը քաղաքացիների հետ հանդիպումների շարք է սկսել,- այս մա

17 Հունվար 2026
Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ

Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը այսօր՝ 17 յունուարի առաւօտուն ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի

17 Հունվար 2026
Ակնարկ. Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ

Արցախի պատերազմի 4 ռազմագերիներու վերադարձը քաղաքական որոշ դիտարկումներու կ՛առ

17 Հունվար 2026
Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման հրամայական

Վերջին տարիներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական յատուկ հռչակագրով լ

16 Հունվար 2026
Այս իշխանութեան մնալը մեզ սպառնում է,

«Հորիզոն»-ի ամանորեայ բացառիկի զրուցակիցն է ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, Հայաստանի

16 Հունվար 2026
Սա է իրականությունը, որտեղ կաշառքն այլ

Ինչու է Նիկոլի ռեժիմը ատում և հետապնդում իր գործի, մասնագիտության, աշխատանքի մ

16 Հունվար 2026
Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցե

16 Հունվար 2026
Հայ Դատը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Ըրաւ՝

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած գերի

16 Հունվար 2026
Հանդիպել են Հայ Ազգային Կոնգրեսի և Հայ

Քաղաքական խորհրդակցությունների շրջանակներում այսօր հանդիպում է տեղի ունեցելՀայ

15 Հունվար 2026
«Հայկական իրավական կենտրոնի» հայտարարո

Հայ դատի համակարգում գործող «Արդարության և մարդու իրավունքների հայկական իրավակ

15 Հունվար 2026
Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ

Պէյրութի վարչապետարանին մէջ կայացած Հնգեակի (Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգ

15 Հունվար 2026
Կյանքի ու հայրենիքի մարդը. տեղի ունեցա

Հունվարի 14-ին Կոնգրես հյուրանոցում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Երևանի Քաղաքային կոմիտեի

15 Հունվար 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company