Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան երթը անվկանդ շարունակելու առաքելութիւնը՝ համազգային յանձնառութիւն է
24 Ապրիլ 2025
«Մեր փրկութեան միակ բանալին, բոլորանուէր մեր մասնակցութիւնն է ազգային-քաղաքական մեր կեանքին, եւ Հայ Դատի հետապնդման գծով, ազգային-ազատագրական մեր անհաւասար պայքարին, անհատական եւ հաւաքական մեր բոլոր միջոցներով»
Սարգիս Զէյթլեան
Հայոց Մեծ Եղեռնին նախորդող ամիսներուն ընթացքին կայացած երիտթուրքերու կառավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին, Իթթիհատի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ հայ ժողովուրդը զանգուածային ջարդի ենթարկելու գլխաւոր գաղափարախօսներէն Նազըմ Պէյը կը յայտարարէր. «Անհրաժեշտ է ամբողջութեամբ կոտորել հայ ազգը, մեր հողին վրայ ոչ մէկ ողջ մնացած հայու հետք ձգելով։ Նոյնիսկ «հայ» բառը պէտք է ջնջուի մեր յիշողութենէն։ Պատերազմը լաւագոյն առիթն է իրագործելու այս ծրագիրը»…
Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջական հետեւանքը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջումը, Արեւմտեան Հայաստանի հայաթափումը եւ պատմական իր բնօրրանի կորուստն ու բռնագրաւումը։ Յաջորդող տասնամեակներուն, թրքական պետութեան իրերայաջորդ կառավարութիւնները շարունակած են ցեղասպանութեան յանցագործութեան յաջորդող հանգրուանը՝ պատմութեան նենգափոխումով, ցեղասպանութեան արարքը ուրանալով եւ Արեւմտահայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը քանդելով ու հողինհաւասարեցնելով։
Հայութեան համար պատմական անկիւնադարձային արար էր 2015 թուականին հրապարակուած «ՀայոցՑեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիր»ը, որ հայ անկախ պետականութեան եւ ցեղասպանութեան հետեւանք Սփիւռքի հայութեան պաշտօնական դիրքորոշումը ներկայացնող համահայկական հռչակագիր է։
Հռչակագրի 6-րդ յօդուածին մէջ յստակօրէն բնութագրուած են հայոց պահանջատիրութեան հիմքերը, ուր յստակօրէն կը շեշտուի. «Հռչակագիրը արտայայտում է Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի միասնական կամքը` Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում, ինչի համար մշակում է իրաւական պահանջների թղթածրար՝ դիտելով այն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքների եւ օրինական շահերի վերականգնման գործընթացի մեկնարկ»:
Հռչակագրի հրապարակման նախօրեակին, ՀայոցՑեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրման խումբ»ը, 2014 թուականի Սեպտեմբերին՝ «1915-1923 Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման հարցի իրաւական, պատմական, քաղաքական եւ բարոյական կողմերուն առնչուող գիտական բարձր մակարդակով ու խորքային վերլուծութեամբ հատուցման թղթածրար մը պատրաստեց, որուն հիմնական բաղադրիչներն էին Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառած նիւթական կորուստներու համար հատուցումներու պահանջները եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի իրաւայաջորդը հանդիսացող պետական միաւորման համար հողային հատուցումները։
Այստեղ ուշագրաւ է, որ Մեծ Եղեռնէն երկու տարի ետք, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի կողմէ Սթոքհոլմի Ընկերվար Միջազգայնականի Համագումարին (1917) կը ներկայացուէր յուշագիր մը, որուն բովանդակութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՚ուրուագծուէին յանցագործութեան հատուցման առնչուող պահանջները («Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար – ԺԲ. հատոր», էջ 272)։ Այսպէս, յուշագրին մէջ Ռոստոմի կողմէ արձանագրուած է. «Կը պահանջենք նաեւ որ՝ հատուցում պահանջուի թրքական կառավարութենէն՝ պատերազմի ընթացքին բնաջնջուած հայ ընտանիքներուն՝ այն բոլոր նիւթական վնասներուն համար, զորս կարելի չէ արդարացնել մինչեւ իսկ ռազմավարական նկատումներով․ հատուցում` այն բոլոր հարստութեանց՝ դրամ, անասուն, ապրանք, կարասի, որ խլուած են հայերէն պատերազմի եւ տարագրութեանց ընթացքին՝ պետական գանձին, քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնեաներուն, Իթթիհատ կոմիտէի անդամներուն, չեթայական վոհմակներուն, զինուորականներուն եւ մահմետական ամբոխին կողմէ»։
Ցեղաջնջման, ազգասպանութեան, տեղահանութեան եւ բռնագաղթի յանցագործութեանց ի դիմաց հատուցումը կ՚ենթադրէ ֆիզիքական եւ նիւթական կորուստներու հատուցում: Իսկ հատուցման հարցի հիմնախարիսխը կը հանդիսանայ հայութենէն բռնագրաւուածհողերու եւ տարածքներու հատուցումը, որովհետեւ, ի վերջոյ, հայութիւնը ո՛չ միայն ցեղասպանութեան ենթարկուած է, այլեւ՝ բռնօրէն հայրենազրկուած է:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցը այսօր շարունակուող գործընթաց է, որովհետեւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը այսօր կը շարունակուի Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեամբ եւ Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան բռնագաղթով ու Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումով։ Միւս կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի պետութեան անվտանգութեան եւ հայութեան ազգային ռազմավարութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը:
Մինչ հայ ազգի պահանջատիրական երթը թեւակոխած է նոր հանգրուան, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը քննարկման օրակարգի եւ բանավէճի վերածելու ու այդ մասին «խորհրդածելու» միտքը յառաջ մղող Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող վարչախումբին եւ այս խումբի ղեկավարի վտանգաւոր մտադրութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութեան «առաջնահերթութիւն»ը սակարկութեան սակարանին վրայ զետեղելու փորձութիւնները, «Պատմական» Հայաստանը «իրական»ին հակադրելու փորձաքննութիւնները՝ իրողապէս միա՛յն կը հարուածեն մեր պահանջատիրութեան երթին եւ պատմական իրաւունքներու ու արդարութեան վերականգնման աշխատանքներուն։ Երկարժամկէտ հեռանկարով, գործող վարչախումբի այս ընթացքը կրնայ յանգիլ միա՛յն մէկ թշուառ վախճանի՝ «իրական» Հայաստանի կորուստին։
«Հորիզոն»ի խմբագրական