Գոհաբանական աղօթք եւ դափնեպսակներու զետեղում Նէա Զմիռնիի յուշարձանին առջեւ. քայլարշաւ դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն
25 Ապրիլ 2025
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ելոյթներու շարքին, Հինգշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի մէջ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ դափնեպսակներու զետեղման յատուկ արարողութիւն։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ու Աթէնքի մարզպետարանին կողմէ եւ կը վայելէր յարանուանութեանց պետերու հովանաւորութիւնը, ներկայութեամբ պաշտօնական բազմաթիւ հիւրերու եւ հայրենակիցներու։
Ներկայ եղան խորհրդարանի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց կարգին «Փլեւսի» կուսակցութեան նախագահ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Զոի Քոնսթանտոփուլու, «Փասօք» կուսակցութեան ներկայացուցիչ երեսփոխան Փաւլոս Խրիսթիտիս, «Նիքի» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նիքոս Վրեթոս, Ատիկէի փոխմարզպետ Խրիսթոս Թէոտորոփուլոս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, մարզպետական եւ քաղապետական խորհրդականներ, Համապոնտական միութեան ներկայացուցիչ Խրիսթոս Տիմոփուլոս, ռուսական դեսպանութեան քարտուղարը, ինչպէս նաեւ Անքլիքան եկեղեցւոյ եւ Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ կրօնաւոր ներկայացուցիչներ։
Հայկական կողմէն իրենց ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին թեմակալ Առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ վրդ. Պասալէ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, հոգեւոր դասը, Հ.Հ. դեսպանութեան ներկայացուցիչ հիւպատոս Լիանա Մարութեան, Ազգային վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէն, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները, վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցիչները, երիտասարդական ու պատանեկան սերունդը եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ։ Պատուոյ դիրք գրաւած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խումբերու յատկանշական միաւոր մը, Եռագոյն եւ յունական դրօշակներով։
Ելոյթի բացումը կատարեց ընկ. Ալիս Ապրոյեան, որ նախապէս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման եւ անոր բնիկ ժողովուրդի ամբողջական տեղահանման ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման։ Նաեւ լայն անդրադարձ կատարեց Թուրքիոյ կողմէ 110 տարի անպատժելի մնացած ցեղասպանութեան իրողութեան մասին եւ շեշտեց հայ ժողովուրդի պայքարի աննկուն կամքը, հաստատելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ հատուցում ստանալու։ Նաեւ խօսողը ընդգծեց յոյն ժողովուրդի զօրակցութիւնն ու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ։ Յաջորդաբար, խօսք առին կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք անվառան դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը, պահանջեցին ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ եւ դատապարտեցին թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութիւնը Արցախի վրայ։ Անդրադառնալով Արցախի հայաթափումին, շեշտեցին պետութիւններու եւ միջազգային ընկերութեան անտարբերութեան կեցուածքը հանդէպ հայ ժողովուրդի կրած ողբերգութեան։
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս կուռ խօսքով մը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի յատկանիշներուն մասին, դրուատելով անոնց ներկայութիւնը քաղաքէն ներս։ Խօսեցաւ Նէա Զմիռնիի եւ Սիսիան քաղաքներու եղբայրացման մասին, նշելով թէ շուտով պիտի ծրագրուին նոր շփումներ։ Ան եւս դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը եւ կոչ ուղղեց մարդկութեան՝ անհատոյց չթողել հայ ազգին դէմ կատարուած մեծ ոճրագործութիւնը։ Յատուկ անդրադարձով մը դատապարտեց Արցախի վրայ գործուած ոճիրները եւ բնակչութեան տեղահանումը։
Յաջորդաբար, յուշակոթողին շուրջ բոլորուեցան յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը եւ հոգեւոր դասը, որոնք Սրբազան հօր նախագահութեամբ կատարեցին գոհաբանական եւ բարեխօսական աղօթք Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած անմեղ զոհերու յիշատակին: Հուսկ՝ Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին ընդգծեց, թէ կատարուած ոճիրը մեր ինքնութեան ցեղասպանութիւնն է, բայց նաեւ պէտք է յանձնառու ըլլալ վերանորոգելու մեր ինքնութեան պայքարը, պայքարիլ մեր լեզուին ու մշակոյթին համար եւ դառնալ մեր ինքնութեան տէրը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու պատուոյ ազդանշանին տակ, տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղում։ Յաջորդաբար պսակներ խոնարհեցուցին Հ.Հ. հիւպատոս Լիանա Մարութեան, Ատիկէի փոխմարզպետ Խրիսթոս Թէոտորուփուլոս, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, համապոնտական միութեան ներկայացուցիչը եւ հայ գաղութին անունով ընկ. Մաննիկ Աշրեան։
Յուզումի մթնոլորտին մէջ լսուեցան հայկական եւ յունական ոգերգները, միաժամանակ սկաուտական փաղանգը պատուի կանգնած էր։ Ելոյթի աւարտին, ներկայ ժողովուրդը մօտեցաւ յուշարձանին եւ ծաղիկներ զետեղեց անոր շուրջ։
Այնուհետեւ, բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Սինտաղմայի հրապարակը, մաս կազմելու համար ժողովրդային բողոքի քայլարշաւին դէպի թրքական դեսպանատուն։
Ժողովրդային բողոքի քայլարշաւ եւ ցոյց դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն
Հայ երիտասարդութիւնը դարձեալ պահանջատիրութեան առաջատարը եղաւ
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի նշումը տուաւ յունահայութեան համախմբումի եւ պահանջատիրութեան ազդանշանը 24 Ապրիլի օրը, երբ ամէն տարիքի հայրենակիցներ, մեծով ու փոքրով, վեր բարձրացուցին իրենց բողոքի ձայնը, դէպի թրքական դեսպանատուն քայլարշաւին եւ ցոյցին ամբողջ տեւողութեան։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր, համաժողովրդային ցոյցը կազմակերպելու յանձնառութիւնը շեշտակիօրէն կ՚արտայայտուի Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կողմէ, որուն շուրջ կը բոլորուին մեր գաղութի երիտասարդ զանգուածները եւ կը դառնան հայոց արդար պահանջատիրութեան առաջատար ձայնը։ 110-րդ հանգրուանին, աննախընթաց եղաւ հայ երիտասարդութեան եւ պատանեկութեան մասնակցութիւնը։ Բոլորին դէմքերուն վրայ բացայայտ էր հայութեան դատին տէր կանգնելու միակամ կեցուածքը։
Անգամ մը եւս, ժողովուրդի ժամադրավայրը դարձաւ Սինտաղմայի կեդրոնական հրապարակը, հելլէն խորհրդարանին դիմաց, ուր քանի մը օրէ ի վեր կը գործէ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական. միութեան տեղեկատուական կրպակը։ Ամէն տարիքի հայրենակիցներ իրենց ուժեղ ներկայութիւնը հաստատեցին ցոյցին, պահանջելով թուրք պետութենէն ճանչնալ 110 տարի անհատոյց մնացած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ միահամուռ դատապարտեցին Արցախի բռնագրաւումը ցեղասպան Ատրպէյճանի կողմէ։ Բոլոր բացագանչութիւններուն եւ պահանջատիրական արտայայտութիւններուն մէջ յատկանշական էր հայ նոր սերունդի մասնակցութիւնը, որուն պահանջատիրական ոգին առաջնորդող ուժը դարձաւ քայլարշաւի ամբողջ ընթացքին։
Ժողովրդային թափորի մեկնարկէն առաջ, Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամները շարքերով կանգնեցան հրապարակի աստիճաններուն վրայ, իրենց ձեռքը բռնած ըլլալով Ատրպէյճանի կողմէ պատանդ տարուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու պատկերները, մինչ միութեան մէկ անդամը արտասանեց դատապարտանքի խօսք Պաքուի մէջ ընթացող ապօրինի դատավարութեան մասին։
Որոշեալ ժամուն, Պատանեկան միութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Արցախի մեծադիր դրօշները լայնօրէն պարզած, ժողովրդային համախմբումը ճամբայ ելաւ Սինտաղմայի հրապարակէն եւ ուղղուեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անդամները մեծ պաստառներ բռնած, ցոյցին ազդանշանը տուին զանազան լոզունգներով, որոնք կը դատապարտէին թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քաղաքականութիւնը, միաժամանակ կը պահանջէին Թուրքիայէն առերեսուիլ իր արիւնոտ պատմութեան հետ ու ճանչնալ հայութեան դէմ գործած ոճիրը։ Ժողովուրդը եւս հետեւելով արտասանուած լոզունգներուն, միակամ եւ հաւաքական ուժգնութեամբ կը կրկնէր զանոնք։ Աթէնքի կեդրոնական ճամբաներէն անցած թափորին հետեւեցան բազմաթիւ յոյն հայրենակցիներ, որոնք քաջալերական արտայայտութիւններով իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնէին հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն։
Ժողովրդային թափորը հասաւ Ռիղիլիս հրապարակը, ուր անգամ մը եւս, ոստիկանութեան զրահապատ մեքենաները փակած էին ճամբան դէպի թրքական դեսպանատուն։ Տարիներու վրայ երկարող անհաճոյ պատկերը դարձեալ կրկնուեցաւ, դէմ յանդիման գտնուելով ոստիկանական յատուկ ջոկատներուն, որոնք թոյլ չեն տար խաղաղ ցուցարարներուն մօտենալ թրքական դեսպանատան շէնքը եւ իրենց ցասումը արտայայտել ընդդէմ շարունակուող թրքական քաղաքականութեան։ Տեղւոյն վրայ գործադրուեցաւ զօրակցական խօսքերու կարճ յայտագիր մը, որուն ընթացքին յունական կուսակցութիւններու եւ համապոնտական միութեան երիտասարդական բաժիններու ներկայացուցիչները, մէկ առ մէկ, ուղերձներով հանդէս եկան եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին։
Մինչ Երիտասարդական միութեան պատուիրակութիւն մը յառաջացաւ դէպի դեսպանատուն՝ փորձելու համար յանձնել յուշագիրը, Երիտասարդական միութեան անդամ մը կարդաց յուշագիրի պարունակութիւնը, իսկ աւարտին յայտնեց, թէ այս անգամ եւս պատուիրակութիւնը բախեցաւ ոստիկանական պատասխանատուներու յամառ եւ կտրուկ մերժումին հասնելու մինչեւ դեսպանատան դուռը, պատուիրելով հայ երիտասարդներուն յուշագիրը զետեղել դեսպանատունէն հեռաւորութեան վրայ գտնուող ծառի մը վրայ…։
Տրուած բացատրութիւններուն վրայ, ժողովուրդի ընդվզումը աւելի ուռճացաւ, իսկ մեր հայրենակիցները զօրաւոր բացագանչութիւններով դատապարտեցին մերժումի արարքը։
Զայրոյթի եւ ցասումի այդ բուռն պահերուն, կարգ մը երիտասարդներուն կողմէ այրուեցաւ Թալեաթի, Էնվերի, Ճեմալի, ինչպէս նաեւ Էրտողանի եւ Ալիեւի պատկերը կրող պաստառ մը, մինչ բոլոր երիտասարդները շարունակական բացագանչութիւններով իրենց ընդվզումը կ՚արտայայտէին։
Յանկարծ երիտասարդներու մեծ թափորը սկսաւ արագօրէն շարժիլ դէպի ոստիկանական ուժերու պատնէշը, իսկ պատասխանատու ընկերները կը փորձէին զսպել մեր երիտասարդները, որպէսզի առաջքը առնուի ոստիկանութեան հետ որեւէ բախումի։
Մթնոլորտը շիկացած էր ու մեր տղաքը աւելի ուժգին կը պահանջէին յառաջանալ մինչեւ դեսպանատուն, միաժամանակ լոզունգները աւելի զօրաւոր լսուեցան համախմբուած ժողովուրդին կողմէ։
Հակառակ ոստիկանութեան մերժումին, բողոքի ժողովրդային ցոյցը հասաւ իր նպատակին, թրքական պետութեան ներկայացուցիչներուն լսելի դարձնելով հայ ժողովուրդի բողոքն ու արդարութեան վերականգնումի պահանջը։
Ցոյցի աւարտին, համախմբուած հայ երիտասարդները եւ ժողովուրդը միաբերան երգեցին հայկական եւ յունական ոգերգները։