ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Գոհաբանական աղօթք եւ դափնեպսակներու զետեղում ­Նէա Զմիռնիի յուշարձանին առջեւ. քայլարշաւ դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն

25 Ապրիլ 2025

­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, ­Հինգ­շաբ­թի, 24 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, ­­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ կանգ­նած ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ու Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նին կող­մէ եւ կը վա­յե­լէր յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ պաշ­տօ­նա­կան բազ­մա­թիւ հիւ­րե­րու եւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու։

­­Ներ­կայ ե­ղան խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց կար­գին «Փ­լեւ­սի» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ եւ խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­­Զոի ­­Քոնս­թան­տո­փու­լու, «­­Փա­սօք» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ե­րես­փո­խան ­Փաւ­լոս Խ­րիս­թի­տիս, ­«­Նի­քի» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Նի­քոս Վ­րե­թոս, Ա­տի­կէի փոխ­մարզ­պե­տ Խ­րիս­թոս ­Թէո­տո­րո­փու­լոս, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, մարզ­պե­տա­կան եւ քա­ղա­պե­տա­կան խորհր­դա­կան­ներ, ­­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չ Խ­րիս­թոս ­Տի­մո­փու­լոս, ռու­սա­կան դես­պա­նու­թեան քար­տու­ղա­րը, ինչ­պէս նաեւ Անք­լի­քան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հն­դիկ ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ կրօ­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

­­Հայ­կա­կան կող­մէն ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին ­թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, ­­Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նորդ ­Մի­քա­յէլ վրդ. ­Պա­սա­լէ, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ վեր. ­­Վի­գէն ­­Չո­լա­քեան, հո­գե­ւոր դա­սը, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հիւ­պա­տոս ­Լիա­նա ­Մա­րու­թեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդր. կո­մի­տէն, Հ.Կ.­­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը, ե­րի­տա­սար­դա­կան ու պա­տա­նե­կան սե­րուն­դը եւ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ։ ­­Պա­տո­ւոյ դիրք գրա­ւած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան խում­բե­րու յատ­կան­շա­կան միա­ւոր մը, Ե­ռա­գոյն եւ յու­նա­կան դրօ­շակ­նե­րով։

Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ա­լիս Ապ­րո­յեան, որ նա­խա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի բռնագրաւ­ման եւ ա­նոր բնիկ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան տե­ղա­հան­ման ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ոչն­չաց­ման։ ­Նաեւ լայն անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Թուր­քիոյ կող­մէ 110 տա­րի ան­պատ­ժե­լի մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թեան մա­սին եւ շեշ­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րի անն­կուն կամ­քը, հաս­տա­տե­լու պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը եւ հա­տու­ցում ստա­նա­լու։ ­Նաեւ խօ­սո­ղը ընդգ­ծեց յոյն ժո­ղո­վուր­դի զօ­րակ­ցու­թիւնն ու ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ։ ­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ա­ռին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք ան­վա­ռան դա­տա­պար­տե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը, պա­հան­ջե­ցին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­­Թուր­քիոյ կող­մէ եւ դա­տա­պար­տե­ցին թուրք-ատրպէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խի վրայ։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փու­մին, շեշ­տե­ցին պե­տու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թեան ան­տար­բե­րու­թեան կե­ցո­ւած­քը հան­դէպ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած ող­բեր­գու­թեան։

­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­­Քու­թե­լա­քի­ս ­կուռ խօս­քով մը անդ­րա­դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յատ­կա­նիշ­նե­րուն մա­սին, դրո­ւա­տե­լով ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը քա­ղա­քէն ներս։ ­Խօ­սե­ցաւ ­­Նէա Զ­միռ­նիի եւ ­­Սի­սիան քա­ղա­քնե­րու եղ­բայ­րաց­ման մա­սին, նշե­լով թէ շու­տով պի­տի ծրագրուին նոր շփում­ներ։ Ան եւս դա­տա­պար­տեց ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը եւ կոչ ուղ­ղեց մարդ­կու­թեան՝ ան­հա­տոյց չթո­ղել հայ ազ­գին դէմ կա­տա­րո­ւած մեծ ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը։ ­Յա­տուկ անդ­րա­դար­ձով մը դա­տա­պար­տեց Ար­ցա­խի վրայ գոր­ծո­ւած ո­ճիր­նե­րը եւ բնակ­չու­թեան տե­ղա­հա­նու­մը։

­­Յա­ջոր­դա­բար, յու­շա­կո­թո­ղին շուրջ բո­լո­րո­ւե­ցան յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց հո­գե­ւոր պե­տե­րը եւ հո­գե­ւոր դա­սը, ո­րոնք Սր­բա­զան հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ կա­տա­րե­ցին գո­հա­բա­նա­կան եւ բա­րե­խօ­սա­կան ա­ղօթք ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: ­­Հուսկ՝ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին ընդգ­ծեց, թէ կա­տա­րո­ւած ո­ճի­րը մեր ինք­նու­թեան ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է, բայց նաեւ պէտք է յանձ­նա­ռու ըլ­լալ վե­րա­նո­րո­գե­լու մեր ինք­նու­թեան պայ­քա­րը, պայ­քա­րիլ մեր լե­զո­ւին ու մշա­կոյ­թին հա­մար եւ դառ­նալ մեր ինք­նու­թեան տէ­րը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րու պա­տո­ւոյ ազ­դան­շա­նին տակ, տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում։ ­Յա­ջոր­դա­բար պսակ­ներ խո­նար­հե­ցու­ցին Հ.Հ. հիւ­պա­տոս ­Լիա­նա ­Մա­րու­թեան, Ա­տի­կէի փոխ­մարզ­պետ Խ­րիս­թոս ­Թէո­տո­րու­փու­լոս, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ հայ գա­ղու­թին ա­նու­նով ընկ. ­Ման­նիկ Աշ­րեան։

­­Յու­զու­մի մթնո­լոր­տին մէջ լսո­ւե­ցան հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ սկաու­տա­կան փա­ղան­գը պա­տո­ւի կանգ­նած էր։ Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը մօ­տե­ցաւ յու­շար­ձա­նին եւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղեց ա­նոր շուրջ։

Այ­նու­հե­տեւ, բո­լոր ներ­կա­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը, մաս կազ­մե­լու հա­մար ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւին դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

 

Ժողովրդային բողոքի քայլարշաւ եւ ցոյց դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն

­­Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը դար­ձեալ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ջա­տա­րը ե­ղաւ

­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-ա­մեա­կի նշու­մը տո­ւաւ յու­նա­հա­յու­թեան հա­մախմ­բու­մի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ազ­դան­շա­նը 24 Ապ­րի­լի օ­րը, երբ ա­մէն տա­րի­քի հայ­րե­նա­կից­ներ, մե­ծով ու փոք­րով, վեր բարձ­րա­ցու­ցին ի­րենց բո­ղո­քի ձայ­նը, դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն քայ­լար­շա­ւին եւ ցոյ­ցին ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ ­Տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր, հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցը կազ­մա­կեր­պե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը շեշ­տա­կիօ­րէն կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւի Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ, ո­րուն շուրջ կը բո­լո­րո­ւին մեր գա­ղու­թի ե­րի­տա­սարդ զան­գո­ւած­նե­րը եւ կը դառ­նան հա­յոց ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ջա­տար ձայ­նը։ 110-րդ ­հանգրո­ւա­նին, ան­նա­խըն­թաց ե­ղաւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ ­Բո­լո­րին դէմ­քե­րուն վրայ բա­ցա­յայտ էր հա­յու­թեան դա­տին տէր կանգ­նե­լու միա­կամ կե­ցո­ւած­քը։

Ան­գամ մը եւս, ժո­ղո­վուր­դի ժա­մադ­րա­վայ­րը դար­ձաւ ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը, հել­լէն խորհր­դա­րա­նին դի­մաց, ուր քա­նի մը օ­րէ ի վեր կը գոր­ծէ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան. ­միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպա­կը։ Ա­մէն տա­րի­քի հայ­րե­նա­կից­ներ ի­րենց ու­ժեղ ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տե­ցին ցոյ­ցին, պա­հան­ջե­լով թուրք պե­տու­թե­նէն ճանչ­նալ 110 տա­րի ան­հա­տոյց մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ միա­հա­մուռ դա­տա­պար­տե­ցին Ար­ցա­խի բռնագ­րա­ւու­մը ցե­ղաս­պան Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։ ­Բո­լոր բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րուն եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ յատ­կան­շա­կան էր հայ նոր սե­րուն­դի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գին ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժը դար­ձաւ քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ ըն­թաց­քին։

­Ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րի մեկ­նար­կէն ա­ռաջ, Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը շար­քե­րով կանգ­նե­ցան հրա­պա­րա­կի աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ, ի­րենց ձեռ­քը բռնած ըլ­լա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ պա­տանդ տա­րո­ւած Ար­ցա­խի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րու պատ­կեր­նե­րը, մինչ միու­թեան մէկ ան­դա­մը ար­տա­սա­նեց դա­տա­պար­տան­քի խօսք ­Պա­քո­ւի մէջ ըն­թա­ցող ա­պօ­րի­նի դա­տա­վա­րու­թեան մա­սին։

Ո­րո­շեալ ժա­մուն, ­­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մե­ծա­դիր դրօշ­նե­րը լայ­նօ­րէն պար­զած, ժո­ղովր­դա­յին հա­մախմ­բու­մը ճամ­բայ ե­լաւ ­­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կէն եւ ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը մեծ պաս­տառ­ներ բռնած, ցոյ­ցին ազ­դան­շա­նը տո­ւին զա­նա­զան լո­զունգ­նե­րով, ո­րոնք կը դա­տա­պար­տէին թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէին ­­Թուր­քիա­յէն ա­ռե­րե­սո­ւիլ իր ա­րիւ­նոտ պատ­մու­թեան հետ ու ճանչ­նալ հա­յու­թեան դէմ գոր­ծած ո­ճի­րը։ ­­Ժո­ղո­վուր­դը եւս հե­տե­ւե­լով ար­տա­սա­նո­ւած լո­զունգ­նե­րուն, միա­կամ եւ հա­ւա­քա­կան ուժգ­նու­թեամբ կը կրկնէր զա­նոնք։ Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ճամ­բա­նե­րէն ան­ցած թա­փո­րին հե­տե­ւե­ցան բազ­մա­թիւ յոյն հայ­րե­նակ­ցի­ներ, ո­րոնք քա­ջա­լե­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէին հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րուն։

­­Ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րը հա­սաւ ­­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րա­կը, ուր ան­գամ մը եւս, ոս­տի­կա­նու­թեան զրա­հա­պատ մե­քե­նա­նե­րը փա­կած էին ճամ­բան դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։ ­­Տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող ան­հա­ճոյ պատ­կե­րը դար­ձեալ կրկնո­ւե­ցաւ, դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­լով ոս­տի­կա­նա­կան յա­տուկ ջո­կատ­նե­րուն, ո­րոնք թոյլ չեն տար խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րուն մօ­տե­նալ թրքա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քը եւ ի­րենց ցա­սու­մը ար­տա­յայ­տել ընդ­դէմ շա­րու­նա­կո­ւող թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ ­­Տեղ­ւոյն վրայ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րու կարճ յայ­տա­գիր մը, ո­րուն ըն­թաց­քին յու­նա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ե­րի­տա­սա­ր­­դա­կան բա­ժին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, մէկ առ մէկ, ու­ղերձ­նե­րով հան­դէս ե­կան եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։

­­Մինչ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցաւ դէ­պի դես­պա­նա­տուն՝ փոր­ձե­լու հա­մար յանձ­նել յու­շա­գի­րը, Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ մը կար­դաց յու­շա­գի­րի պա­րու­նա­կու­թիւ­նը, իսկ ա­ւար­տին յայտ­նեց, թէ այս ան­գամ եւս պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը բա­խե­ցաւ ոս­տի­կա­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու յա­մառ եւ կտրուկ մեր­ժու­մին հաս­նե­լու մին­չեւ դես­պա­նա­տան դու­ռը, պա­տո­ւի­րե­լով հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յու­շա­գի­րը զե­տե­ղել դես­պա­նա­տու­նէն հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող ծա­ռի մը վրայ…։

Տ­րո­ւած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, ժո­ղո­վուր­դի ընդվ­զու­մը ա­ւե­լի ուռ­ճա­ցաւ, իսկ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը զօ­րա­ւոր բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով դա­տա­պար­տե­ցին մեր­ժու­մի ա­րար­քը։

­­Զայ­րոյ­թի եւ ցա­սու­մի այդ բուռն պա­հե­րուն, կարգ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կող­մէ այ­րո­ւե­ցաւ ­­Թա­լեա­թի, Էն­վե­րի, ­Ճե­մա­լի, ինչ­պէս նաեւ Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­լիե­ւի պատ­կե­րը կրող պաս­տառ մը, մինչ բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով ի­րենց ընդվ­զու­մը կ­­՚ար­տա­յայ­տէին։

­­Յան­կարծ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մեծ թա­փո­րը սկսաւ ա­րա­գօ­րէն շար­ժիլ դէ­պի ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու պատ­նէ­շը, իսկ պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րը կը փոր­ձէին զսպել մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­ռաջ­քը առ­նո­ւի ոս­տի­կա­նու­թեան հետ ո­րե­ւէ բա­խու­մի։

Մթ­նո­լոր­տը շի­կա­ցած էր ու մեր տղա­քը ա­ւե­լի ուժ­գին կը պա­հան­ջէին յա­ռա­ջա­նալ մին­չեւ դես­պա­նա­տուն, միա­ժա­մա­նակ լո­զունգ­նե­րը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր լսո­ւե­ցան հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։

­­Հա­կա­ռակ ոս­տի­կա­նու­թեան մեր­ժու­մին, բո­ղո­քի ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցը հա­սաւ իր նպա­տա­կին, թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն լսե­լի դարձ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­ղոքն ու ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի պա­հան­ջը։

­­Ցոյ­ցի ա­ւար­տին, հա­մախմ­բո­ւած հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը միա­բե­րան եր­գե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում Բելգիայի Դաշնային խորհրդարա

Հուլիսի 15-ին ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի նախագահ Գասպար Կարապետյանը, Արց

20 Հուլիս 2026
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի առաջին նաւապտոյտը կը պսակուի

Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւրոպական առաջին նաւապտոյտը, Դանուբ գետին վրայ, այսօր իր աւարտին կը

20 Հուլիս 2026
Շիրակի նահանգապետ Կարո Սասունու արձանի

Գյումրու Պռոշյան և Գարեգին Նժդեհ փողոցների խաչմերուկում բացվեց Շիրակի ազդեցիկ

17 Հուլիս 2026
Երեւանէն մղոններ հեռու… Պրիւքսէլ

Հ․Հ․ կառավարութեան նիստերուն, 19 Բաղրամեան պողոտայի պետական կառոյցի աթոռներուն

17 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Բիւրոն Կը Ցաւակցի Քաթարի Նախկին Իշ

Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատի հօր` նախկին իշխան Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի

16 Հուլիս 2026
«Սփյուռքը չի լռելու». Մոսկվայում բողո

Մոսկվայի հայկական եկեղեցու բակում երեկ հայ համայնքի ներկայացուցիչները հավաքվել

16 Հուլիս 2026
Հորմոզի նեղուցը պատւար ԱՄՆ-Իսրայէլ տան

1. Հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնները իրաւամբ վե

15 Հուլիս 2026
Իսրայելի համար հետեւանքները սարսափելի

Հորմուզի նեղուցի մերձակայքում իրականացված օդային հարվածներից հետո Միացյալ Նահա

15 Հուլիս 2026
Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Հայաստանի ի

Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչումը նոր փուլ մ

15 Հուլիս 2026
Եվրոպական խորհրդարանը վերահաստատում է

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի աջակցությամբ և Եվրոպական խորհրդարանի պատգամավ

15 Հուլիս 2026
Պաքուի Մէջ Հայ Բանտարկեալներու Մասին Հ

Ժողովին ընթացքին խօսք առաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի որդին

15 Հուլիս 2026
Գիտէ, Բայց Չէ Տեսած

Ամէն հինգշաբթի, կառավարութեան հերթական նիստէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճեպ

15 Հուլիս 2026
Լավ լուր. ԵՄ-ն մտադրությունների հուշագ

Փաստաթղթում նշվում է, որ երկու կողմերը «հետաքրքրություն են հայտնում ուսումնասի

14 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Հանրային կարծիքի նոր ճարտարապ

Նախորդ ակնարկում անդրադարձել էինք հանրային կարծիքի ձեւաւորմանը՝ որպէս ժամանակա

14 Հուլիս 2026
Ակնարկ. «Վերջապէս»

Թուրքիոյ նախագահին հրաւէրին ընդառաջումով Լիբանանի վարչապետին Թուրքիա կատարած ա

14 Հուլիս 2026
Միջազգային իրավունք․ երբ արժեքները դառ

Իրենց ժողովրդավար հռչակած պետություններն այսօր խոսում են ժողովրդավարության, մա

13 Հուլիս 2026
Օշականում նշվել է Քրիստոսի Պայծառակեր

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

13 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Դեմոկրասիայի անունով՝ յանուն բ

Հասարակական կարծիքի ձեւաւորման մասին խօսելիս նախ պէտք է հասկանալ, թէ ինչի՞ համ

13 Հուլիս 2026
Ցավակցագիր

Խորը վշտով ու ցավով տեղեկացանք. - Մեր սիրելի հայրենակից, ազգային ու հասարակ

12 Հուլիս 2026
ՆԱԹՕ-ի Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Զարգացման Նոր Փու

Քաղաքականութեան կողքին ի յայտ եկած էր նաեւ նիւթական եւ տնտեսական թնճուկը, զոր

10 Հուլիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company