Զօրակցական Երթ Պուրճ Համուտի Մէջ
23 Ապրիլ 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 19 ապրիլին Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական երթ մը` Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով:
Մասնակիցները շրջանի ժողովուրդին բաժնեցին զօրակցական կոչեր` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով, որոնց մէջ նշուած է.
«Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը գերագոյն յիշեցում է, որ ոճրագործ Թուրքիոյ դէմ պայքարը պէտք է շարունակուի, մինչեւ որ հասնինք ամբողջական ճանաչման եւ լիիրաւ հատուցման` ի խնդիր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման:
«Փաստօրէն, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան ծարաւը յագեցած չէ, անոնք կը շարունակեն սպառնալ հայ ժողովուրդին անկախութեան ու գոյատեւման:
«Արցախի բռնագրաւումը եւ հայ ռազմագերիներու ապօրինաբար Պաքուի մէջ պահուիլը ապացոյց են, որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի…
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Պահն է միասնական բռունցքով պայքարելու եւ ո՛չ ըսելու Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի բռնապետական ճնշումներուն:
«Ո՛չ ըսենք` ստրկութեան, բռնատիրութեան, զիջումնային-յանձնուողական քաղաքականութեան եւ շարունակուող ցեղասպանութեան»: