Ցաւակցագիր
07 Մայիս 2025
ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։
Այս տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, սգակիր ընկերներուն եւ բարեկամներուն։
Ընկ. Նազարէթ Սապունճեան երկար տարիներ եղած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձութեան անդամ՝ իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ։
Բիւր յարգանք վաստակաշատ ընկերոջ յիշատակին։
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ