Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին
09 Մայիս 2025
«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան հիմքը եւ հայոց քաղաքական կամքին բեմը»:
Վարանդ Փափազեան (1941-2020, դաշնակցական եւ մամուլի գործիչ)
Արցախեան պայքարի, ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ պայքարի օրերն էին: Հայ քաղաքական-դիւանագիտական եւ ռազմական միտքերը, ձեռք ձեռքի տուած, որոշած էին անկարելին կարելի դարձնել եւ 5 Մայիս 1992-ին ազատագրել Շուշին. սակայն բնութիւնը պարտադրեց գործողութիւնը յետաձգել քանի մը օրով։ Անակնկալ սառնամանիքն ու ձիւնը պատճառ դարձան, որ «խենթերու հնար»-ը իրականացուի 8-9 Մայիսին։
Եւ այդ ալ ի՜նչ փառահեղ հնար, ի՜նչ պանծալի յաղթանակ։
Բանալի ամրոց-քաղաք մըն է Շուշին, որուն տիրացողը՝ տիրացած կ՛ըլլար Արցախին, նաեւ շատ աւելիին։ Այդ օրերու Ստեփանակերտը ազատագրած հայորդիին համար, պայման էր ամէն գնով հասնիլ նաեւ Շուշի, ուր կայք հաստատած էին ծանր հրետանիով օժտուած շուրջ 2500 ազերի բանակայիններ։ Մէյ մը, որ ազատագրուէր մայրաքաղաքին հարաւը ցցուած բարձունքը՝ սէգ Շուշին, դէպի Գորիս տանող ճամբան պիտի ըլլար ապահով։ Պարզ ու մեկին՝ Շուշիի ազատագրումը առիթ պիտի հանդիսանար բանալու Արցախը Հայաստանի կապող ճամբան, առանց մոռնալու Արցախի հարաւային ու հիւսիսային շրջաններուն միջեւ կապի վերահաստատումը։
Սխրալի գործողութիւնը իրականացաւ հազիւ երեք հարիւր զինեալներով: Անմատչելի թուացող բարձունքը գրաւուեցաւ քանի մը ժամուան մէջ, կարելի եղաւ թեթեւ ու կիսածանր զէնքերով պարտութեան մատնել հայ հերոսներուն տասնապատիկը հաշուող թշնամի ուժերը, որոնք շատ աւելի ուժեղ զէնք-զինամթերքի կը տիրապետէին։ Ինկան զոհեր, սակայն անոնք ՀՊԱՐՏ ՈՒ ՀՊԱՐՏԱՑՆՈՂ զոհեր էին: Ստեփանակերտէն Շուշի ճամբուն վրայ, հրասայլի մը մէջ զոհաբերուած հերոսներուն յուշարձանը տասնամեակներ շարունակ մնաց յաղթանակին մէկ խորհրդանիշը, մինչեւ որ… ազերին քանդեց նաեւ զայն:
Այդ օրերու Հ․Հ․ պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի մտայղացումն էր պատմական յարձակումը՝ 33 տարիներ առաջ: Աքանչելի ու զմայլելի սխրանք մը, որ դժբախտաբար 19 Բաղրամեանի այս օրերուն ղեկավարներուն համար «մոռցուելիք անցեալ»-ի մը ցանկին անցած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, 1918-ի անկախութեան՝ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի, եւ դեռ աւելին Վանի, Ուրֆայի, Հաճընի, Այնթապի, Մարաշի եւ Մուսալերան հերոսամարտերու կողքին, հասնելով մինչեւ… Վարդանանց պատերազմ։ ՔՊ-ականներուն համար, նման սխրանքներ կապ չուին իրենց պատկերացուցած «Նոր Հայաստան»ին հետ, որ, ըստ իրենց տրամաբանութեան, պէտք է վազէ պարտութենէ-պարտութիւն, անձնատուութենէ-անձնատուութիւն, հողերու յանձնում, յանձնում, յանձնում…
«Քոմանտոս»ին նման հերոսներու անունները յիշատակելը անտեղի է եւ կրնայ էջեր գրաւել։ Անոնցմէ շատեր հոն են՝ Եռաբլուրի բարձունքին…: Հրամանատարներուն ներկայացուցած նախագծով խանդավառուած՝ քաջարի երիտասարդները, Հայաստանէն ու սփիւռքեան ափերէ ժամադրուած բանակայիններ ու ֆետայիներ, չորս ճակատներէ յառաջանալով՝ հասան անառիկ ամրոցը։ Յիշատակութեան արժանի է, որ յարձակման գիծերէն մէկը մեկնակէտ ունէր անկարելի Քարին Տակը՝ Շուշիի հարաւային ժայռապատին տակ ծուարած գիւղը, որ նախորդ ամիսներուն հերոսաբար դիմադրած էր ազերիկանան յարձակումներուն ու տոկացած: Ու տղաքը Քարին Տակէն բարձրացան վեր, շա՛տ վեր, Շուշիի մէջ միացան զինակիցներուն: Բնականաբար, կարելի է պատկերացնել, որ պատահածը պարզ հարսանիք մը չէր, այլ պատմութիւն կերտած «Հարսանիք լեռներում»։
…44-օրեայ պատերազմին, բոլորովին տարբեր էր դէպքերու յաջորդականութիւնը։ Իրականութեան մէջ, մութ եւ հարցականներու տակ ճնշուած թղթածրարները տակաւին չեն բացուած, կամ ալ աղաւաղուած, խեղաթիւրուած ձեւով ներկայացուած են ազգին։
Շուշին միշտ ալ արիւնալի ռազմաբեմ եւ կռուախնձոր եղած է Կովկասեան բարձրաւանդակի այդ տարածաշրջանին մէջ։ Նախընթաց դարերուն, քաղաքը երկար ատեն պարսիկներու տիրապետութեան տակ եղած է, թէեւ պահպանած կիսանկախ վիճակը: Մինչեւ այսօր ալ հոն կան կառոյցներ, որոնք պարսկական, եւ ո՛չ թէ ազերիական ճարտարապետութեան կնիքը ունին: Բայց… ի՜նչ խօսք՝ «ազերիական ճարտարապետութեան» մասին, անկախ անկէ, թէ այդ դարերուն, Ատրպէյճանը գոյութիւն իսկ չունէր…: Իր իւրայատուկ դիրքին համար, պարսիկներ եւ ռուսեր երկար ատեն մրցակցած են Շուշիի շուրջ եւ 19-րդ դարուն՝ ի վերջոյ անցած է ռուսական տիրապետութեան տակ, ապա, խորհրդային օրերուն, Ստալինի մէկ քմահաճ որոշումով «ձօնուած» է Ատրպէյճանին, հետեւելով Նախիջեւանի օրինակին։
Հիմա, սուգի մէջ են Արցախի լեռները, սուգի մէջ է նաեւ սէգ Շուշին, որուն տպաւորիչ Սուրբ Ամենափրկիչ – Ղազանչեցոց – եկեղեցին սրբապղծուած է եւ կերպարանափոխուելով, վերածուած է մզկիթի: Արդեօք հոն մխիթարական բան մը կա՞յ, երբ մեր ու աշխարհի աչքերուն առջեւ այլ սրբատեղիներ, յուշահամալիրներ պարզապէս ոչնչացուած են, կը փոշիացուին, իսկ ՔՊ-ական Երեւանը լուռ ու անտարբեր կը մնայ, ինչպէս որ հեռաւոր հանդիսականի աչքով կը դիտէ Շուշին ու Արցախը ազատագրողներու «դատավարութիւնը»՝ Պաքուի մէջ։
Հայաթափ Շուշին եւ Արցախը կարելի չէ «անցեալ»-ի պատմութիւն նկատել, որքա՛ն ալ որ ՔՊ-ապետն ու գործակիցները, անոնց համակրողները յայտարարեն, թէ անոնք Ատրպէյճանի կը պատկանին։
Արցախահայութեան իրաւունքն է վերադառնալ իր հայրենիքը, վերամշակել իր հողը եւ ապրիլ հո՛ն, իր հազարաւոր տարիներու արմատներուն վրայ։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայը չեն կրնար համակերպիլ ՔՊ-ականներու պարտուողական «հնարքներուն» եւ ընդմի՛շտ պիտի կանգնին արցախցիներու կողքին:
Որովհետեւ՝
Արցախը մէկ մասնիկն է մեր Դատին, հայութեան անվիճելի եւ անսակարկելի իրաւունքներուն: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ձայնը չի կրնար ընդմիշտ լռութեան մատնուիլ:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական