33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքներով Ազատագրուեցաւ Հայրենի Բերդաքաղաք Շուշին
09 Մայիս 2025
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերազմի յաղթական աւարտին, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման:
Արցախահայութեան եւ ընդհանուր առմամբ հայոց ազատագրական կամ հայրենական պատերազմի պատմութեան համար ամէնէն փայլուն եւ մեծագոյն նուաճումը եղաւ Շուշիի ազատագրումը:
Շուշիի ազատագրումը` 1992-ին, իրականացաւ համազգային համախմբուածութեան եւ հերոսական սխրանքներու շնորհիւ:
Շուշիի մէջ ազրպէյճանցիք մեծաթիւ զօրք եւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք կեդրոնացուցած էին: Թշնամին Շուշիէն կը ռմբակոծէր Ստեփանակերտը եւ շրջակայ հայկական բնակավայրերը: Մէկ շաբթուան ընթացքին, Շուշիէն կատարուած ռմբակոծումներու հետեւանքով քսան խաղաղ բնակիչներ զոհուած էին Ստեփանակերտի մէջ: Շուշիի ազատագրումը դարձած էր անշրջելի հրամայական:
Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերու հրամանատարութիւնը, թշնամի ուժերու տեղակայման, դիրքերու ու քանակական տուեալներու մասին հետախուզական ճշգրտումներէ ետք ձեռնամուխ եղաւ Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութեան մշակման:
Ապրիլ 28-ին վերջնականապէս որոշուեցան եւ ճշդուեցան յարձակման գլխաւոր ուղղութիւնները, հրամանատարները, ինչպէս նաեւ զէնքի ու զինամթերքի քանակը: Պատրաստուեցաւ Շուշիի մանրակերտը, որուն վրայ հրամանատարները ճշդեցին իրենց գործողութիւնները եւ ընթացիկ ուղղութիւնները:
Հրամանատարական կեդրոնը Շոշ գիւղին մօտակայքը տեղակայուած էր: Արցախի հայոց առաջնորդ Պարգեւ եպիսկոպոս Մարտիրոսեան օրհնեց Շուշիի ազատագրման ծրագիրը եւ հրամանատարներուն յաջողութիւն մաղթեց:
Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը ստացաւ «Հարսանիք լեռներում» անուանումը:
Շուշիի ազատագրման մարտական հրամանը վաւերացուեցաւ մայիս 4-ին, հրամանատար գնդապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեանի ստորագրութեամբ:
Քաղաքին վրայ գրոհը նախատեսուած էր մայիս 5-ին: Սակայն այդ օր առատ ձիւն տեղաց: Կային նաեւ էական այլ խոչընդոտներ, մասնաւորաբար` զէնքի ու զինամթերքի պակաս: Պէտք էր նաեւ հետախուզական շարք մը լրացուցիչ ճշդումներ կատարել: Հետեւաբար հրամանատարութիւնը յարձակման գործողութիւնը մայիս 8-ին տեղափոխեց:
Շուշին կը պաշտպանէր 2800 հոգիէ բաղկացած ազրպէյճանական զօրագունդը, որ իր տրամադրութեան տակ ունէր հրասայլեր, թնդանօթներ, զենիթային-հրթիռային համալիր, ականանետեր եւ հինգ միլիոն միաւոր զինամթերք:
Ռազմական տեսութեան համաձայն, յարձակման գացող կողմը պէտք է
կարենայ ապահովել ուժերու եւ միջոցներու եռապատիկ եւ քառապատիկ առաւելութիւն:
Հայկական հրամանատարութիւնը, բնականաբար, իր տրամադրութեան տակ այդքան ուժ չունէր: Բուն յարձակման պիտի մասնակցէին 1200 մարտիկներ: Եղած ուժերով ու զինամթերքով կարելի էր առաւելագոյնը եռօրեայ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնել:
Սակրաւորները կեդրոնացան յարձակման ուղղութիւններու ելման դիրքերուն վրայ: Վիրաւորներուն բժշկական շուտափոյթ օգնութիւն ցուցաբերելու համար ռազմադաշտային հիւանդանոցներ հաստատուեցան, որոնք առաւելագոյն չափով մօտեցուեցան մարտական գործողութիւններու գօտիին:
Ազատամարտիկներէն ոչ ոք կենդանի մնալու յոյս ունէր: Բոլորը համբուրուեցան, հրաժեշտ տուին իրարու եւ սկսան դիրքաւորուիլ: Անոնք հաւատացած էին, որ պիտի յաղթեն, բայց մեծաթիւ զոհերով, եւ իրենցմէ քիչեր պիտի տեսնեն յաղթանակը:
Հայկական ջոկատները մայիս 7-էն 8 լուսցող գիշերուան ընթացքին, մութին սկսան շարժիլ դէպի Շուշի: Գրոհը սկսաւ կէս գիշերէն ետք ժամը 2:30-ին, «26»-ի, Լաչինի եւ Ջանհասան-Քէօսալարի ուղղութիւններով: Մայիս 8-ի առաւօտուն ազատագրուեցան Քէօսալարի եւ Ջանհասանի բարձունքները եւ նպաստաւոր բնագիծեր հաստատուեցան Շուշիի մատոյցներուն: Կէսօրին քաղաքին պաշտպանութիւնը հիւսիսէն եւ արեւելքէն ճեղքուեցաւ եւ արդէն կռիւներ կը մղուէին շուկային եւ քաղաքի կեդրոնական գօտիին մէջ: Քիրսի ուղղութեամբ գործող ջոկատները գրաւեցին բարձունքները: Թշնամին տարբեր ուղղութիւններով սկսաւ փախուստ տալ: 9 մայիս 1992-ի առաւօտուն Շուշին լրիւ ազատագրուեցաւ:
Շուշիի ազատագրումը վերջնականապէս վերջ տուաւ թուաքանակով, զէնքով, զինամթերքով ու միջոցներով գերակշիռ թշնամիին սեփական ուժերով յաղթելու անկարելիութեան մասին առասպելին:
Շուշիի ազատագրումին յաջորդեց Լաչինի ազատագրումը, ինչ որ հնարաւորութիւն տուաւ ցամաքային կապ հաստատելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: