Ամբողջ շրջանը կ՛երթայ դէպի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում
18 Մայիս 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 17 մայիս 2025-ին «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի կացութեան:
Բագրատունի նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի վախնար պատերազմէն, եւ պատերազմի սպառնալիքը կ՛օգտագործէ սարսափեցնելու համար հակառակորդը, որպէսզի միաժամանակ կարենայ իր միւս նպատակները իրագործել:
Ան նշեց, թէ նախագահ Թրամփի համար Իսրայէլի գոյութեան հարցը հիմնական է, եւ Աբրահամեան համաձայնութեան ենթահողը իրականութեան մէջ Իսրայէլը կայուն պետութիւն մը պահելու, անոր դէմ բոլոր վտանգները վերացնելու եւ Միջին Արեւելքը իսրայէլեան ընդհանուր հովանիին տակ դնելու միտումը ունի:
Ան յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի կառավարութեան Միացեալ Նահանգներուն հետ կնքած զինադադարին, իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին, եւ աւելի քան երեք հազար խախտումներ կատարուած են, միշտ ալ յորդորներ կը հնչեն, թէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ, սակայն հիմնական խնդիրը կը մնայ Դիմադրութեան զէնքը, որ տակաւին կը մնայ թէական, թէ խօսքը Լիթանի գետէն հարա՞ւ, թէ՞ հիւսիս զէնքի գոյութեան մասին է: Բարեբախտաբար Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն բարձր գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ հարցին կը մօտենայ, որովհետեւ այդ հարցը կը վերաբերի Լիբանանի կարեւոր մէկ համայնքին, եւ հանրապետութեան նախագահը կը խուսափի ներքին բախումներէ, եւ ճիշդ է, որ այդպէս կ՛ընէ:
Բագրատունի ընդգծեց, որ քրտական հարցը կը մնայ վէրք մը, որ չէ սպիացած եւ պիտի չսպիանայ` նշելով, որ քրտական խնդիրը այսօրուան խնդիր չէ, այլ աւելի քան մէկ դարու խնդիր է, որուն համար զէնքերը վար դնելու պարագային կը նշանակէ, թէ որոշ ակնկալութիւններ կամ քիւրտերուն տրուած որոշ խոստումներ կան:
Երեսփոխանը յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն ջնջումը արդէն դրական ազդեցութիւն ունեցած է այդ երկրին վրայ, նաեւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:
Ան յայտնեց, որ ամբողջ շրջանը կ՛երթայ դէպի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում, ինչ որ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ: Լիբանանը միշտ եւ ճիշդ քայլով մը, նշած է, թէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնող վերջին երկիրը պիտի ըլլայ, եւ այդ քայլին հիմը պիտի ըլլայ 1949-ի զինադադարի համաձայնագիրը, որուն հիմամբ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւեալ հող չկայ:
Բագրատունի ըսաւ, որ ոչ շատ երկար ժամանակաշրջանի մէջ Լիբանանը աստիճանաբար իր կենսունակութիւնը պիտի վերագտնէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բագրատունի նշեց, որ շրջանին մէջ ընդհանուր հանդարտութիւնը նաեւ հայերուն համար անհրաժեշտ է, որպէսզի մենք ալ կարենանք վերագտնել մեր ուժերը, մեր շունչը աւելի երկարենք եւ մեր համայնքներուն կեանքը վերաշխուժացնենք, աւելի կազմակերպուինք եւ մեր հիմնական նպատակներուն հետամուտ ըլլանք:
Տեսանիւթն՝ այստեղ