Ցեղասպանութեան Ընկերներ. Գերմանիան Ողջակիզումէն Ոչի՞նչ Սորված է
19 Մայիս 2025
Կազայի մէջ 19 ամիս է Իսրայէլի կողմէ շարունակուող ցեղասպանութիւնը
Պերլինի յայտնի հրէական Ճաշարանը «Իսրայէլի օր»-ը ընտրած է կատակով մը նշելու պաղեստինցիներուն սպանդը (1):
Այս է խորագիրն ու ենթախորագիրը Ռաշա Թուտէյի աշխատակից Թարէք Սիրիլ Ամարի (2) 14 մայիս 2025-ի յօդուածին: Պատմաբան եւ միջազգային քաղաքականութեան փորձագէտ, Փրինսթընէն պատմական գիտութիւններու դոկտոր: Ան կրթաթոշակներ ստացած է Ողջակիզումի թանգարանէն եւ Հարվըրտի ուքրանական կաճառէն: Ծագումով Գերմանիայէն, ան ապրած է Անգլիոյ, Ուքրանիոյ, Լեհաստանի, Ամերիկայի եւ այժմ՝ դասախօս Թուրքիոյ Քոչ համալսարանին մէջ։
Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը:
Պերլինի իսրայէլեան ճաշարանին նոյնքան անմարդկային ամօթալի ծանուցումը, ջարդուած պաղեստինցի մանուկներու դէմքով ձմերուկներ, եւ անոնցմէ ձմերուկի հիւթով իսրայէլեան դրօշակով խմիչ
«Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի կեդրոնին մէջ վերջերս ցուցադրուած մէկ անորակ որմազդը փոքր գայթակղութեան պատճառ դարձաւ, հակասելով երկրին սովորաբար Իսրայէլի անսասան աջակցութեան՝ հակառակ անոր, որ վերջինս (Կազայի մէջ*) ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ:
«Միջադէպին էութիւնը պարզ է. ապրիլի վերջին՝ «Գերմանիա իսրայէլեան հասարակութիւն»-ը ԳԻՀ (DIG), Պերլինի մէջ տօնեց իր «Իսրայէլեան օրեր»-էն մէկը։ Գերմանիոյ մէջ ԳԻՀ-ը նշանաւոր եւ հզօր կազմակերպութիւն է: Անոր տնտեսական հիմնական աղբիւրը, ըստ երկրի պաշտօնական 2023-ի գրանցումին՝ Գերմանիոյ պետութիւնն է։ Քաղաքացիական կրթութեան դաշնային գործակալութիւնը, ըստ էութեան, Գերմանիոյ կեդրոնամէտ գաղափարախօսական ուղղափառութեան եւ ուսուցումի գրասենեակն է, որ կը նկարագրուի իբրեւ երկրին «կեդրոնական կազմակերպութիւնը […], ուր Իսրայէլի բարեկամները կը միանան ոչ կուսակցական համագործակցութեամբ»:
««Իսրայէլի օրը» հիմնականին մէջ ոչ պաշտօնական ձեռնարկ էր, փողոցի երեկոյթ՝ ճառախօսութիւններով։ Իրերը աւելի զուարճալի դարձնելու համար Ֆէյնպըրկ ճաշարանը կը մատակարարէր: Յատկապէս, Ֆէյնպըրկը, որ ըստ իրենց, մասնագիտացած է իսրայէլեան խոհանոցով, մինչ պաղեստինցիները անոր շատ մը ուտեստները գողութիւն կը համարեն իրենց աւանդոյթներէն, կը հրամցնէր ձմերուկի շատ իւրայատուկ խմիչք մը:
«Խմիչքին գովազդը կը պատկերէր առիւծ մը (իսրայէլացիներուն կողմէ ազգային խորհրդանիշ), որ կը կրէր Իսրայէլի դրօշով գոգնոց: Առիւծը բռնած էր երկու մեծ գաւաթ, որոնցմէ մէկը ձմերուկի շերտերով (ձմերուկը՝ Պաղեստինի եւ անոր դիմադրութեան աւանդական եւ յայտնի խորհրդանիշն է), միւսին՝ ձմերուկի հիւթ՝ Իսրայէլի փոքրիկ դրօշով։
«Խորապատկերը կը ներկայացնէր ձմերուկի կոյտ մը, որոնց մէկ մասը կիսուած էր, ցոյց տալով մանկական դէմքեր: Պաստառին վրայ գրուած էր (կէս անգլերէն կէս գերմաներէն). «Ձմերուկը կը հանդիպի Սիոնին: Իսրայէլեան ոճով ձմերուկ՝ բզքտուած, ճզմուած եւ կտոր-կտոր եղած»:
«Կիսուած ձմերուկները կը յայտնեն «սիրունութիւն», յատկանիշներու գրեթէ ընդունուած կերպար մը, որ ցոյց կու տայ մանկական դէմքեր եւ հոգեբանօրէն բնական անհատներուն մօտ կ՚առաջացնէ կարեկցանքի եւ խնամքի կամ առնուազն զսպուածութեան զգացումներ:
«Պատգամը յստակ էր եւ բնա՛ւ զաւեշտալի չէր: Իսրայէլեան «առիւծը» կը ճզմէր պաղեստինեան «ձմերուկները» հաճելի զովացնող պաղ եւ արեան կարմիր միջուկի մէջ, որ ուժեղացած էր նաեւ ենթադրաբար տօնական օղիի «կրակով»: Մարդակերպ «ձմերուկներուն» դէմքերը մանկական էին, ամեն ինչ աւելի՛ նողկալի դարձնելով: Յստակ է նաեւ. որ այս գովազդը հաւնողները, մարդկային բնական զգացում չունին:
«Անոնք, որոնք ցեղասպանութիւն կ՚ուսումնասիրեն, արդէն համաձայն են, որ զոհերուն կանխամտածուած անմարդկայնացումը քարոզչութեան եւ ուսուցումի միջոցով, անոր տարրական մեթոտներէն եւ նշաններէն մէկն է: Իսկ անոնք, որոնք կը ձեւացնեն, թէ չեն նկատեր այս գովազդին անմարդկային նման դասական երեւոյթը, դիտումնաւոր բթամիտներ են:
«Պաստառը, անշուշտ, ուղղակի ակնարկ մըն էր Իսրայէլի շարունակուող ցեղասպանութիւն ցեղային զտումներ զոյգ գործողութեան, որուն հիմնական (թէեւ ոչ միակ) թիրախը Կազայի պաղեստինցիներն էին: Այն վայրը, ուր զոհերուն մեծ մասը, նորածիններ եւ մանուկներ էին, որոնք բառացիօրէն «կոտրտուած» եւ «կտոր-կտոր» եղած Իսրայէլի օդային յարձակումներու եւ ռմբակոծումներու հետեւանքով, ինչպէս նաեւ, սովամահ եղած եւ զրկուած բնակարանէ եւ ապրուստի կենսական ենթակառոյցներէ, յատկապէս՝ բժշկական հաստատութիւններէ, եւ, մանաւա՛նդ՝ ծնողներէ: Կազայի մէջ՝ Իսրայէլի յարձակումին տակ, բժիշկները նոր եզր մը ստեղծեցին՝ WCNSF «Վիրաւոր երեխայ առանց վերապրող ընտանիքի»:
«ՄԱԿ-ի մարդասիրական գրասենեակի ղեկավար, Կազայի պատասխանատու՝ Ճոնաթան Ուիթալի խօսքերով, Իսրայէլը կը կիրարկէ «ծրագրուած զրկանք» եւ «պաղեստինցիներու կեանքի դիտումնաւոր քանդում»:
«Վերջին տուեալներովսպաննուած պաղեստինցիներուն թիւը կը մօտենայ առնուազն 63 հազարի: Գրեթէ 112 հազար վիրաւոր, մեծ մասը ծանր տեսակի՝ ցկեանս հաշմանդամ՝ անդամահատութիւններու պատճառով: Որքա՛ն ալ սարսափելի են, այս թիւերը, որոնք հրապարակուած են Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ, որ, ի տարբերութիւն իսրայէլեան եւ արեւմտեան քարոզչութեան, նուազագո՛յնն է, միայն սառոյցին գագա՛թը: Առաջին հերթին, հեղինակաւոր Տը Լանսեթ The Lancet բժշկական ամսագիրին կատարած ուսումնասիրութիւնը երկար ատենէ կը պնդէ, որ իրական թիւերը, հաւանաբար, զգալիօրէն աւելի բարձր են:
«Սպաննելը, վիրաւորելը եւ հաշմանդամութիւնը, անշուշտ, իսրայէլեան բռնութիւններուն միայն մէ՛կ մասն է: Զանգուածային տեղահանութիւնը, Կազայի շրջաններու բառացիօրէն հիմնայատակ քանդումը, որուն մեծ մասը վերածուած է թունաւոր փոշիի եւ միւս կողմէ համատարած հոգեբանական ճնշիչ վնասները վերապրողներուն: Այստեղ բաւարար միջոց չկայ բացատրելու Իսրայէլի ցեղասպանութեան բոլոր արատաւոր միջոցները կամ անոնց սարսափելի հետեւանքները: Ինչպէս նախորդ ցեղասպանութիւններուն պարագային, լեզուական սահմանափակումը չարտօներ նկարագրել: Սովորական բառերով դժուար է պատշաճեցնել թէ՛ Իսրայէլի գործած ոճիրները իրենց արեւմտեան մեղսակիցներով եւ թէ՛ ալ հիւանդագին չարչարելէ հաճոյք առնող իրենց դաժանութիւնը, որ հպարտօրէն կը դրսեւորեն ոչ թէ քանի մը, այլ շատ մը համազգեստով եւ առանց համազգեստի իսրայէլացիներ:
Տակաւին, սա այն արարքն է, որ Ամնեսթի ինթըրնեշընըլը եւ շատ ուրիշներ իրաւացիօրէն բնորոշած են իբրեւ «ուղիղ հեռարձակմամբ ցեղասպանութիւն», live: Իսրայէլացի շատ մը յանցագործներու ապշեցուցիչ անամօթութեան՝ ամբարտաւանութեան եւ ժամանակակից լրատուամիջոցներուն եւ յատկապէս ընկերային ցանցերու միջոցներուն զարգացման պատճառով սա ցեղասպանութիւն է, որ տեղի կ՚ունենայ համաշխարհային հանրութեան աչքին առջեւ, ինչպէս երբեք:
«Ահա թէ ինչո՛ւ բոլորովին անհնար է հաւատալ այն անհեթեթ փորձերուն, որոնք այժմ կը կատարուին «առիւծին» գովազդը ստեղծողներուն կողմէ:
«Ըստ երեւոյթին, շշմած բողոքներէն եւ վախնալով հնարաւոր իրաւական հետեւանքներէն՝ Ֆայնպըրկի սեփականատէր Եորայյ Ֆայնպըրկը ետ դարձ կատարած է պնդելէ, որ ձմերուկները կանչ մը եղած են «հակասեմականութեան» համար եւ, թէ, այս բոլորը արդէն կատակ էր:
«Երկու պարագաներն ալ վիրաւորական ու անհեթեթ են: Բոլորը գիտեն, որ ձմերուկը կը խորհրդանշէ Պաղեստինը, պաղեստինցիները եւ անոնց դիմադրութիւնը, այլ ոչ թէ «հակասեմականութիւնը»: Անշուշտ, կրնայ ըլլալ, որ գովազդը ստեղծողներուն վատ միտքերուն մէջ այդ երկուքը նոյն բանը կը թուին ըլլալ: Այդ կ՚ըլլայ դասական սիոնիստական խաբէութիւն, ինչպէս նաեւ քարոզչական հնարք: Սակայն, ակնյայտօրէն, սուտ:
«Բացի այդ, շատ, շատ դժուար է բացատրել, թէ ինչո՞ւ իբր «հակասեմական» ներկայացնող բաները այժմ պէտք է ներկայացուին սիրուն, մանկական դէմքերով: Ո՛չ, եկէք հաստատենք, որ անտրամաբանական սուտ է այս, նոյն չարիքին անհեթեթութիւնը, ինչպէս իսրայէլացի ցեղասպաններուն անվերջ սուտերը, այստեղ եւ այնտեղ ՀԱՄԱՍ-ի գոյութեան մասին, ուզած ատենին, որ յաճախ է, երբ մէկ այլ հիւանդանոց, վրանային համախմբում կամ բնակելի շէնք կը ռմբակոծեն:
«Ինչ կը վերաբերի «երգիծաբանութեան», որ ԳԻՀ-ին կողմէ հրապարակաւ հաւանութիւն ստացած է (անակնկա՞լ, զարմա՞նք), ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ: Եթէ այս նողկալի նկարը ստեղծողները իսկապէս զգացին, որ իրենք կ՚արտադրեն «սրամիտ» կամ «դիւրագրգիռ» յայտարարութիւն մը, տեսակ մը «կատակ», ապա, պարզապէս կը նշանակէ, որ անոնք «բնական» կը համարեն «կատակել» ցեղասպանութեան եւ յատկապէս երեխաներու զանգուածային սպանութիւններունները: Նման «երգիծանքի» զգացումէն անբնական ու բարոյապէս աւելի փտած բան չի կրնար ըլլալ։ Լրջօրէն պարծենա՞լ հաւաքական սպաննութեա՞մբ, թէ՞ «ուղղակի կատակել»… Գիտէ՞ք ինչ. Կարեւոր չէ, երկու պարագային ալ կը նշանակէ, որ դուք հրէշ մըն էք:
«Սակայն այս գայթակղութիւնը կը ներառէ աւելին, քան մէկ գերմանական եւ իսրայէլեան ճաշարանի արիւնալի մոլեռանդութիւնը: Հաշուի առէք, որ ա՛յս ԳԻՀ-ի պաշտօնական ձեռնարկ մըն էր, որուն ներկայ էին թէ՛ անոր նախագահ Վոլքըր Պեքը, թէ՛ ալ Գերմանիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան Ռոն Փրոսորը: Անոնք չեն կրնար տեղեակ չըլլալ «առիւծը-կ՚ոչնչացնէ-ձմերուկը» գովազդի մասին. ինսթակրամի նկարին մէջ կ՚երեւէր, որ երկուքն ալ գովազդին առջեւ կայնած էին:
«Պեքը կարեւոր քաղաքական գործիչ է Գերմանիոյ Կանանչ կուսակցութենէն, Իսրայէլի մոլեռանդ կողմնակից եւ, այնպէս կը պատահի, որ ան նաեւ փայլուն անցեալ մը չունեցող գործիչ է: Ան զօրաւիգ կանգնած է «մանուկներու սեռային շահագործումը» յանցանք չհամարելու օգտին, այսինքն՝ իրողապէս, անչափահասներու նկատմամբ սեռային բռնութիւն ենթարկողները անպատիժ մնալու կողմնակից: Փաստ մը, որ ան հետագային փորձեց անյաջող կերպով ծածկել: Ան նաեւ բռնուած է ծանր թմրամիջոցներ գործածելու յանցանքով։
«Փրոսորը վեթերան իսրայէլացի դիւանագէտ է, որ կ՚ընէ այն, ինչ որ կ՚ընեն իսրայէլացի դիւանագէտները: Անցեալի կարեւոր դէպքերը կը ներառեն ՄԱԿ-ի ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի վրայ յարձակումը, որ պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան թշնամանքի յայտնի քայլն է, որուն նպատակն է խափանել անոնց որեւէ օժանդակութիւն, որ կրնայ խանգարել Իսրայէլի պաշարումը եւ սովի գործողութիւնները: Իրօք, ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի վրայ իսրայէլեան յարձակումները այժմ հասած են Արդարադատութեան միջազգային դատարան (ICJ) անոր դէմ յարուցուած դատ մը եւս:
«Վերջերս Փրոսորը փորձած է ճնշել Գերմանիոյ մէջ քննադատական ձայները, որոնց մէջ՝ իսրայէլացի փիլիսոփայ Օմրի Պոհմը, եւ, յատկապէս, ոստիկանական մօտեցումով, արատաւորելով գերմանական համալսարաններուն մէջ իսրայէլեան յանցագործութիւններուն դիմադրութիւնը եւ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը որակելով, իբրեւ «նոր հակասեմականութիւն»: Որքա՛ն իւրօրինակ:
«Դժուար չէ պատկերացնել, որ երկու պարոններն ալ ոչ մէկ վատ բան տեսած են այդ ձմերուկ կտրտող առիւծին մէջ եւ թերեւս, նոյնի՛սկ վայելած են ցեղասպանութեան «կատակ» խմիչքը: Եւ անշուշտ անոնց ո՛չ մէկ հետեւանք կը սպառնայ: Որովհետեւ, եւ սա, այս ստորին գործին ամենալայն եւ տխուր բնաբանն է, Գերմանիան ընտրած է Իսրայէլի կողմը՝ «մինչեւ դառն աւարտը», յամառութեամբ, որ կը յիշեցնէ այն միւս շատ հիասթափեցնող Գերմանիան, որ չկրցաւ կասեցնել, հաւատարիմ մնաց եւ պայքարեցաւ յանուն նացիզմի, մինչեւ վերջապէս ուրիշները վերջ դրին, հիմնականին մէջ խորհրդայինները:
«Պերլինը՝ մայրաքաղաքը, առաջին ճակատը եղած է այս նոր, կարծես, փոխանցուած ազգայնականութեան՝ առանց կաշկանդումի, իսկ այս կոյր հաւատարմութիւնը՝ զուտ չարիքի: Քաղաքապետ Քայյ Վեկնըրը ցեղասպանութիւնը ժխտող համբաւ ձեռք բերաւ, իսկ իր ոստիկանութիւնը՝ պաղեստինցի զոհերուն հետ համերաշխութիւն ցուցաբերողներուն նկատմամբ դաժանութեան համբաւ: Եւ սա այն քաղաքն է, ուր ցեղասպանութեան դէմ ցուցարարը նոր դատապարտուեցաւ «Ողջակիզումը նսեմացնելու» համար, պարզապէս. «Մենք ոչի՞նչ սորված ենք Ողջակիզումէն» գրութեամբ ցուցանակը բողոքի խաղաղ ցոյցի ատեն բռնելուն համար: Յստակ է, որ այդ դատաւորը սորված չէ:
«Համատարած, գերիշխող բարոյական խաթարումի այս խորապատկերին, պաղեստինցիները դաժանօրէն անմարդկայնացնող այս գովազդը անակնկալ մը չէր: Հետաքրքրականը այն է, որ այս անգամ բողոքի ցոյց եղած է, նոյնիսկ, եթէ շատ տկար, որոշ կարեւոր լրատուամիջոցներուն մէջ: Թերեւս Գերմանիան տակաւին ամբողջութեամբ կորսուած չէ։ Կամ ի՛նչ… ինչպէս գերմանական պատմութեան մէջ, նախապէս մի՛այն փոքրամասնութիւնն է, որ պարկեշտութիւն ցուցաբերած է, բայց չէ կրցած փոխել երկրին խորապէս անպարկեշտ ընթացքը, բարոյապէս եւ իմացականօրէն անպէտք դարձած վերնախաւը եւ անոնց հետեւող մեծամասնութիւնը»: Վերջ:
Նսեմացնելով եւ կատակի առարկայ դարձնելով ցեղասպանութիւնը, կամ՝ ուրանալով ու ժխտելով ցեղասպանութիւնը, գործադրողին հրէշային էութենէն ու յանցանքի պատասխանատուութենէն ոչի՛նչ կը պակսեցնէ: Իսկ ցեղասպանութեան ուղղակի մեղսակիցները, ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգներն ու Անգլիան, որոնք զինամթերք տրամադրելով ու զանազան միջոցներով մասնակից են սպանդին, նաեւ հաշուետու են պաղեստինցի ժողովուրդին ու մարդկութեան:
Գերմանիան ուղղակի մեղսակից էր Թուրքիոյ կողմէ հայոց ցեղասպանութեան, եւ քանի մը օր առաջ իր մէկ դատարանը յանցաւոր կը նկատէ «Մենք ոչի՞նչ սորված ենք Ողջակիզումէն» գրութեամբ ցուցանակը բռնող ցուցարարը: Այսքա՞ն ստորնացած ու կերպարանափոխուած ու գլխիվար շրջուած է արդարութիւնը: Այս բոլոր չարիքները տեղի կ՚ունենան, քանի որ 1800-ական թուականներէն սկսեալ աշխարհը անպատիժ թողեց ցեղասպան թուրքը, որ շարունակեց ժամանակ առ ժամանակ աւելի՛ ու աւելի մեծ թիւով հայեր սպաննել մինչեւ 1915-ի տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը մէկուկէս միլիոն հայ ոչնչացնելով:
Թուրքիոյ անպատիժ մնալուն պատճառով աշխարհի ցեղասպանութիւնները շարունակուեցան եւ հայութիւնը Արցախի մէջ ենթարկուեցաւ նոյն թուրքին կողմէ իր երկրորդ ցեղասպանութեան:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին կողմէ:
1.https://www.rt.com/news/617472-germany-israel-palestine-genocide/
2.https://www.rt.com/op-ed/authors/tarik-cyril-amar/
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
18 Մայիս 2025
Հայրենիք