Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը
20 Մայիս 2025
Շաբաթ 17 Մայիս 2025 թուականին Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։
Հանդիսութեան մեկնարկը տրուեցաւ երբ Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի սկաուտները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Սթոքհոլմի շեփորախումբին, ակումբի մուտքին շարուած պատիւ առնելով հիւրնկալեցին ժողովուրդին։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վեսթերոս մեկուսի շրջանի ատենապետ եղբ. Տիգրան Կէօվշենեան հրաւիրեց Տէր Մկրտիչ քհն. Գրիգորյանին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յովսէփ Տէր Գէորգեանին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Գազանճեանին եւ Հ.Յ.Դ. «Հիւսիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Տէր Սահակեանին՝ միասնաբար կտրելու կարմիր ժապաւենը եւ պաշտօնապէս ակումբը բացուած յայտարարելու։
Ապա վարչութեան միւս անդամները հրաւիրեցին Շուէտի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սթոքհոլմ, Սոտէրթելիէ եւ Օրեպրու շրջաններու ներկայացուցիչներուն, եկեղեցական խորհուրդներու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը շուէտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեանը՝ մուտք գործելու նորաբաց ակումբը։
Ակումբէն ներս յայտագիրը սկիզբ առաւ Շուէտի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգներով, որոնցմէ ետք հանդիսավարներ քոյր Նարինէ Քիրազեան (հայերէն) եւ քոյր Մարինա Կէօվշենեան (շուէտերէն) ներկաներէն խնդրեցին մէկ վարկեան ոտնկայս լռութեամբ յարգել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան պայքարի ճանապարհին ինկած բոլոր նահատակներու յիշատակը։
Բարի գալուստի խօսքերով քոյր Անի Թովմասեան (հայերէն) եւ քոյր Միրնա Գազանճեան (շուէտերէն) դիմեցին ներկաներուն եւ խօսեցան հանդիսութեան հիմնական առիթներու՝ Մայիս 28-ի, Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի հիմնադրութեան 10-ամեակի եւ նոր «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի մասին։
Տեղի ունեցաւ կենսագրական-վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ կենդանի մեկնաբանութեամբ քոյր Միրնա Սարգիսեանի եւ քոյր Նարինէ Քիրազեանի, նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի հիմնադրութեան 10-ամեակին։ Տեսերիզը եւ քոյրերուն հոյակապ մեկնաբանութիւնը զգացական եւ յուզիչ պահեր ապրեցուց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ վերյիշել տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքի եւ մասնաւորապէս Վեսթերոս շրջանի անցեալի բոլոր ձեռք բերումներն ու միութեան հիմնադրութեան ընդհանուր նպատակները։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վեսթերոս մեկուսի շրջանի ատենադպիր եղբ. Վազգէն Մարգարեան փոխանցեց վարչութեան խօսքն ու պատգամը։ Եղբ. Վազգէն ամփոփ ձեւով խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան եւ անոր յաջորդած տարիներու դիմագրաւուած դժուարութիւններունն ու անոնց յաղթահարման մասին։ Խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դերին եւ գործին մասին՝ հայակերտման եւ հայեցի դաստիարակութեան ծիրէն ներս։ Եղբ. Վազգէն յիշել տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի հիմնադրութեան տարիները եւ Վեսթերոսի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անդրադարձաւ սփիւռքահայութեան համար դասական իմաստով ակումբ ունենալու կարեւորութեան մասին։ Ան դիտել տուաւ, թէ ինչու եւ ինչպէս կրցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսը իր ակումբը ունենալ։
Եղբ. Վազգէն շեշտը դրաւ կամաւոր բանակի գաղափարին վրայ եւ ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ Վեսթերոսի անդամները, սկաուտներու ծնողներն ու համակիրները ընդառաջելով վարչութեան կոչին բոլորը համախմբուեցան եւ դարձան ազգային բարերարներ՝ օժանդակելով ակումբի ձեռք բերման գործին, որովհետեւ Վեսթերոսի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ազգային դաստիարակութիւն տուող եւ հայի տիպարներ կերտող միակ եւ անմրցելի կազմակերպութիւնն է, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ակումբը միակ վայրը կրնայ ըլլալ, ուր ծնողներ իրենց զաւակները կրնան վստահիլ այնպէս ինչպէս իրենց տուները։ Ան նաեւ ըսաւ որ այս ակումբէն ներս պատանիներն ու երիտասարդները պիտի խօսին ու երգեն հայերէն, այստեղ պիտի կասեցուի մեր սերունդներու սպիտակ ջարդը եւ այստեղ արմատախիլ պիտի ըլլայ օտարամոլութիւնը, օտար լեզուները հայերէնէն աւելի սիրելու, օտարին հաճոյանալու եւ օտարէն աւելի օտար ձեւանալու ամէն տեսակի հիւանդութիւնները։
Իր խօսքին աւարտին, եղբ. Վազգէն շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարդկանց եւ ընտանիքներուն, որոնք օժանդակեցին եւ կը շարունակեն իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերել Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսին՝ ակումբ ունենալու հայութեան երազը իրականութիւն դարձնելու համար։
Հ.Յ.Դ. «Հիւսիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Տէր Սահակեան կոմիտէութեան անունով շնորհաւորեց շուէտահայութեան ընդհանրապէս եւ Վեսթերոսի հայկական համայնքին մասնաւորապէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի ձեռք բերած պատմական այս յաղթանակին կապակցութեամբ։
Քոյր Պէթթի Քիլէրճեան արտասանեց Մուշեղ Իշխանի «Հայաստան» ասմունքը, որմէ ետք եղբ. Յարութ Գազեզեան ջութակով ելոյթ ունեցաւ՝ ներկայացնելով Կոմիտասի «Ալ Այլուղս» կտորը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ֆէտի Գազանճեան ներկաներուն փոխանցեց Կեդր. Վարչութեան խօսքը։ Եղբ. Ֆէտի ըսաւ, որ այս ակումբը միան տարածք չէ, այլ վայր մը ուր մեր երեխաներն ու երիտասարդները պիտի ունենան սորվելու, քննարկելու, ծրագրելու եւ հայ մնալով շուէտահպատակ դառնալու եզակի հնարաւորութիւն։ Ան իր կարգին շնորհաւորեց այս աշխատանքը, Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութեան եւ բոլոր անոնց որոնք քաջաբար աշխատեցան այս օրուան հասնելու համար։
Վերջին խօսքը եղաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանին։ Ընկ. Յովսէփ խօսեցաւ Մայիս 28-ի նշանակութեան եւ կարեւորութեան մասին ըսելով, որ Մայիս 28-ը բացարձակ արժէք է։
Ընկերը անդրադարձաւ այս օրերու Հայաստանի եւ համայն հայութեան յուզող հարցերուն, Հայաստանի ղեկին ազգային եւ Մայիս 28-ի գաղափառներով առաջնորդուող իշխանութիւն ունենալու հրամայականին, որը կը կարողանայ վերադարձնել հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, վարել արժանապատիւ բանակցութիւններ թշնամի երկիրներու հետ եւ հետապնդել հայութեան բոլոր իրաւունքները։ Աւարտելով իր խօսքը, ընկեր Յովսէփ ներկաներուն շնորհաւորեց Մայիս 28-ի, Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի հիմնադրութեան 10-ամեակի եւ նոր ակումբի բացման կապակցութեամբ։
Տէր Մկրտիչ քհն. Գրիգորյան յատագրի աւարտին եւս շնորհաւորեց իր հաւատացեալ ժողովուրդին, մասնաւորապէս իրեն հարազատ Վեսթերոսի հայութեան նոր ակումբի կապակցութեամբ եւ Գէորգ սարկաւաք Գրիգորի հետ միասին «Պահպանիչ» աղօթքով օրուան յայտագիրը իր աւարտին հասցուցին։