Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի
20 Մայիս 2025
Պէյրութի եւ Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 18 մայիս 2025-ին. այս ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը մասնակցեցաւ ուրոյն ցանկերով ու թեկնածուներով, ինչպէս նաեւ ցանկակիցներով ու ընտրական համաձայնութիւններով:
Այնճարի պարագային արդէն յայտարարած ենք, որ մրցակիցի չգոյութեան պատճառով ընտրուած հռչակուած են մեր առաջադրած քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան 18 եւ թաղապետութեան 7 թեկնածուները: Այնճարի մեր հայրենակիցներուն հետ համախորհուրդ կազմուած այդ ցանկերը ցոլացուցին շրջանի զանազան շերտերու հարազատ պատկերը, իսկ անոնց միաձայնութեամբ ընտրութիւնը գործնական թարգմանութիւնը հանդիսացաւ շրջանի բնակչութեան միակամութեան: Այժմ նորընտիր կազմերուն կը սպասէ շրջանին ու բնակչութեան ծառայելու վեցամեայ պարտաւորութիւն, որուն համար անոնց կը մաղթենք կորով ու յաջողութիւն:
Պէյրութի մէջ ընտրութիւնները տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն անդին կը պարզէին քաղաքական եւ նոյնիսկ համալիբանանեան խորք ու տարողութիւն. արդարեւ, լիբանանեան իւրայատկութիւն հանդիսացող կրօններու եւ համայնքներու համակեցութիւնն ու անոնց միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու իմաստով խորհրդանշականէն աւելի է մայրաքաղաքի քաղաքապետական եւ թաղապետական պատկերը. անիկա կոչուած է ոչ միայն օրէնքի, այլեւ` ժողովրդային ընտրանքի ուժով արտայայտելու եւ ամրապնդելու համակեցութեան, միասնութեան եւ հաւասարակշռութեան այդ պատկերը:
Այս գիտակցութենէն մղուած` ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախաձեռնեց երեք ուղղութեամբ աշխատանքի. Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրին ընդառաջեցին մայրաքաղաքի քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը, որոնց յաջորդական հանդիպումներն ու անոնց ընթացքին ի գործ դրուած ՀՅ Դաշնակցութեան հետեւողական ջանքերը պսակուեցան անոնց միացեալ ցանկի կազմութեան եւ համախումբ ներկայանալու համաձայնութեան. ասոր հիման վրայ աշխատանք տարուեցաւ գոյացնելու քաղաքապետական խորհուրդի միացեալ ցանկ, որ կը համախմբէ վերոյիշեալներու կողքին նաեւ մայրաքաղաքի իսլամ զանգուածներու հարազատ ներկայացուցիչները հանդիսացող եւ միաժամանակ համակեցութեան պահպանումին նախանձախնդիր քաղաքական ուժերը. երրորդ եւ նոյնքան կարեւոր ուղղութիւնն էր լիբանանահայութիւնը ներկայացնող երեք կուսակցութիւններու հայկական ներկայացուցչութեան առնչութեամբ վաղուց համաձայնուած տարազի ամրապնդումը, լիբանանահայութեան հարազատ ներկայացուցչութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութեամբ:
Գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ վերոյիշեալ երեք ուղղութիւններով տարուած աշխատանքը պսակուած է յաջողութեամբ: Մեր առաջադրած հիմնահարցերուն շուրջ ընտրական համախմբումները մարմին առին «Պէյրութը մեզ կը համախմբէ» քաղաքապետական, ինչպէս նաեւ Էշրեֆիէի, Ռըմէյլի եւ Մտաուարի համախմբող ցանկերուն պատկերով:
Կիրակի, 18 մայիս 2025-ի ընտրութիւններուն պէյրութցիներու վերոյիշեալ ցանկերուն պարգեւած քուէները, բայց մանաւանդ` լիբանանահայութեան այդ ցանկերուն հանդէպ արտայայտած վստահութիւնը վստահութիւն է մեր կատարած ընտրանքներուն եւ համակեցութիւնը պահպանող ուղեգիծին:
Վարձքը կատա՛ր այս ընտրութիւններուն համար տիւ եւ գիշեր աշխատած մեր ընկերներուն եւ համակիրներուն:
Բի՛ւր շնորհակալութիւն մեր առաջադրած թեկնածուներուն, զանոնք ընդգրկած ցանկերուն եւ մեր առաջադրած նպատակներուն ի նպաստ քուէարկած հայորդիներուն:
Կը շնորհաւորենք քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ թաղապետ ընտրուած մեր հայրենակիցները, անոնց յուշելով, որ ժողովրդային այս վստահութիւնը պարտաւորեցնող է եւ հարկ է զայն արդարացնել մեր հայրենակիցներու իրաւունքներուն, կարիքներուն եւ պահանջներուն համար հետեւողական եւ անդուլ աշխատանքով:
ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ