Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական-ՈՒսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի առօրեայէն (18-19 Յուլիս 2025 )
20 Հուլիս 2025
Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի օգտակար ու ուշագրաւ օրակարգերը մէկը միւսը փոխարինեցին: 19 Յուլիսին բանակողները քայլարշաւի ընթացքին հետախուզական նշաններով գործելու փորձառութիւնը շահեցան, անոնք խումբերու բաժնուելով հետեւեցան բնութեան մէջ տեղադրուած հետազօտական նշմարներուն եւ յաջողեցան հասնիլ բանակավայրէն Թեժառոյքի վանական համալիր:
Անցնող օրերուն բանակումի դաստիարակչական ծրագիրը ընդգրկեց՝ քննարկում-զրոյց «Հ.Յ.Դ.-ի ազդեցութեան բարձրացումը եւ հզօրացման քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» նիւթով, մատուցմամբ` ՀՅԴ ՀԳՄ անդամ եւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր ընկհ․Քրիստինէ Վարդանեանին եւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատու ընկ.Մհեր Գարագաշեանին: Զրոյցը վարեց ընկհ Մեղրի Ղուկասեան։ Քննարկում-զրոյց «Հ.Յ.Դ.-ի վարած քաղաքականութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը տարածաշրջանի եւ աշխարհաքաղաքականութեան յորձանուտին մէջ» նիւթով, մատուցմամբ՝ Հ․Յ․Դ․ Բ․-ի անդամ ընկ․Յովսէփ Տէր Գէորգեանի եւ Հ․Յ․Դ․ ՀԳՄ անդամ եւ ՀՀ Ա․Ժ․ պատգամաւոր ընկ․Իշխան Սաղաթէլեանի: Զրոյցը վարեց ընկհ․Հուրի Մինոյեան։
Բանակողներուն կողմէ մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ Կամաւորական Շարժման մասին զեկոյցն ու համապատասխան բացատրութիւնները, որ փոխանցուեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բ․ի երկարամեայ ներկայացուցիչ եւ Կամաւորական Շարժման նախագահ ընկ.Հրանդ Մարգարեանի կողմէ։ Ընկերը ներկայացուց նաեւ Հ․Յ․Դ․-ի ներդրումը Արցախի երեք պատերազմներուն, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ այս մասին «Դաշնակցական Կամաւորները» Ֆիլմը: Այս օրակարգին մասնակցեցան Կամաւորական Շարժման հրամանատարական կազմը։
Արցախեան օրը բանակումի յատկանշական եւ անմոռանալի օրակարգերէն մին էր։
Ամբողջ օրը երիտասարդները անցուցին Արցախի շուրջ դաստիարակչական եւ մշակութային փոխանակումներով։
Կայացաւ Զեկոյց-զրոյց՝ «Արցախ, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունք, Մարդու իրաւունքներ, Արցախի գերիներու հարցը, անոնց կարգավիճակն ու ազատութիւն ստանալու հնարաւորութիւնները» նիւթով։ Զրոյցի սկիզբը սրտի խօսքը ըսաւ ՀՅԴ Արցախի ԿԿի ներկայացուցիչ ընկ Արա Պուլուզեան։Զրոյցին մասնակցեցան Հ․Յ․Դ․Բ․ի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի պատասխանատու՝ ընկ․Կիրոյ Մանոյեան, ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։ Զրոյցը վարեց ընկ․Գէորգ Ղուկասեան։
Դաստիարակչական ծրագիրին մաս կազմեցին նաեւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ խմբային ներկայացումները՝ Շուշիի գորգերու եւ լուսանկարիչ Վլատամիր Արզումանեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւն։ Ինչպէս նաեւ Արցախի Մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու իրավիճակը Արցախի բռնի հայաթափումէն ետք նիւթով զեկոյց։ Բանախօսն էր՝ ԱՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի նախկին տեղակալ ընկեր Լեռնիկ Յովհաննէսեան։
Տաղաւարներու շրջագայութեան օրակարգը բաւական ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց երիտասարդներուն մէջ, այնտեղ ցուցադրուած արցախեան տարբեր ոճի ու տեսակի արտադրութիւններէն իւրաքանչիւրը (սնունդ, յուշանուէր, գորգ, կարպետ, զարդեղէն, եւ այլն) կը վերապատմէր արցախեան հարուստ կենցաղի ու մշակոյթի, արցախցիներու շնորհալի մատներուն եւ ստեղծագործ դաստակներուն մասին։
Արցախեան օրը գեղեցկացուցին արցախեան զանազան պարի եւ երգի խումբեր եւ մենակատարներ։ Մշակութային օրակարգի ծիրէն ներս, հետաքրքրաշարժ եւ ընդունելութիւն գտնող օրակարգ էր նաեւ հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն` ազգային պարերու ուսուցումը, որ իրականացաւ «Կարին» պարախումբի անդամներու ներդրումով: Երիտասարդականի ընկերները իմանալով պարային իւրաքանչիւր շարժման իմաստը, իւրաքանչիւր թափ ու զարկի նշանակութիւնը՝ առաւել մեծ սէր տածեցին դէպի հայ մշակոյթը՝ ընդհանրապէս եւ պարարուեստը՝ մասնաւորապէս:
Բանակումի մասնակցողները լրացուցին ելեքտրոնային հարցախոյզ մը «Դաշնակցական երիտասարդը եւ ազգային խնդիրները» թեմայով։
Բանակումի մթնոլորտը հետզհետէ առաւել ջերմանալով եւ ստեղծուած ընկերական տաքուկ մտերմութիւնները աւելի շատնալով՝ բանակումի աւարտին մօտենալու իրողութիւնը սկսաւ յուզիչ դառնալ։
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ