ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Պելճիքայի Խորհրդարանին Կողմէ Արցախի Մասին Բանաձեւի Որդեգրումը
22 Հուլիս 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Առնու Փաուելզին նամակ մը յղելով ողջունեց 18 յուլիսին Պելճիքայի խորհրդարանին կողմէ «Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ» բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումը:
Հայ դատի մարմինը նշեց. «Կազի որեւէ քանակ կամ հարստութիւն չի կրնար մաքրել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները կամ արդարութեան համար պայքարողները լռեցնել»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը պելճիքական կառավարութեան կոչ ուղղեց` ականջ տալու պելճիքացի օրէնսդիրներու կոչին:
Հայ դատի մարմինը այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն մըն ալ յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: