ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Թրամփ-Փութին օդապարիկը…

14 Օգոստոս 2025

Սարգիս Մահսէրէճեան

…Թռիչք պիտի առնէ՞, թէ՞ պիտի պայթի:

Մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ, եւ յետ բազում վերիվայրումներու ու տաք-պաղ ջուրերու մէջ նաւարկումներու՝ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ նախագահներ Տանըլտ Թրամփ եւ Վլատիմիր Փութին համաձայնած են հանդիպում ունենալու, շուտով նաեւ յստակացաւ վայրը՝ Ալասքայի (Ռուսիայէն մօտաւորապէս մէկ ու կէս դար առաջ գնուած հող) ամերիկեան զինուորական մէկ խարիսխին մէջ:

Եւ յանկարծ… շատ բան գլխիվայր շրջուեցաւ: Ռուսիոյ ուղղուած Թրամփի սպառնալիքները սառնարան դրուեցան, քաղաքական մարդիկ եւ մամլոյ մեկնաբաններ հազար ու մէկ երգ հիւսեցին (եւ կը շարունակեն հիւսել) նախատեսուած «պատմական հանդիպում»ին մասին, կապկելով այն խառնիճաղանճն ու վերիվայրումները, որոնք կը ստեղծուին միջազգային սակարաններուն մէջ, ասոր-անոր դէմ ներածումի տուրքերը բարձրացնելու Թրամփի հրամանագիրներուն զուգահեռ: Ստեղծուած մթնոլրտին մէջ, աշխարհը շունչը բռնած է, սպասելով, որ խաղաղութեան աղաւնին դուրս բերուի փուռէն, փետուրներով զարդարուի եւ թռիչք առնէ արիւնալի տագնապներու դաշտերուն վերեւ, առանց վախնալու, որ որսորդներ զինք նետահար (նոր աշխարհին մէջ հրթիռահարումը աւելի սովորական է) ընեն եւ փուռ վերադարձնեն: Այլ խօսքով, քարոզչական արշաւներն ու մեկնաբանութիւնները ստեղծած են վիճակ, որ կը նմանի օդապարիկ մը թռիչքի պատրաստելու գործին: Անմիջապէս հարց կը ծագի, թէ օդապարիկին ներարկուած տաք օդը արդեօք պէտք եղածէն աւելի՞ պիտի ըլլայ ու թռիչքի պահուն իսկ պայթեցնէ գունդը, թէ չափաւորականութիւնը ի վերջոյ պիտի ըսէ վերջին խօսքը: Ըստ կարգ մը դէտերու, հանդիպումին տեւողութիւնն իսկ ցուցանիշ մը պիտի ըլլայ, անկախ անոր պատրաստութեան համար տրամադրուած ժամանակէն:

Եթէ ցարդ եղածին ու չեղածին ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենանք, մանաւանդ եթէ չանտեսենք, չմոռնանք Թրամփի յարափոփոխ եւ մանկամիտ ոստոստումները՝ շատ մեծ յոյսերով չենք կրնար դիտել 15 Օգոստոսի հանդիպումը: Մարդիկ կան, որ հրաշքներու կը հաւատան եւ կը յիշեցնեն, որ Ռեկընի եւ Գորբաչովի օրերուն ալ, տեղ մը անկարելին դարձաւ կարելի:

Բայց ո՞վ չ’ուզեր, որ երկու նախագահները իրարու հետ լեզու գտնեն եւ խաղաղութեան աղաւնին ի վերջոյ կատարէ սպասուած թռիչքը:

***
Նախատեսութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու ամէնէն հպանցիկ մէկտեղումն իսկ անկարելի ճիգ պիտի ըլլայ, որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, աշխարհի չորս ծագերէն, եւ իւրաքանչիւր երկրէ՝ իր հաշիւներուն հիմամբ, լուրերն ու նախատեսութիւնները մրցումի ելած են իրարու հետ, կը նմանակեն Ողիմպիական մրցումները, ուր կան բազմաթիւ մարզաձեւեր, մարդ չի կրնար բոլոր մրցումներուն հետեւիլ կատարուած պահուն (պատկերասփիւռն ու արդի արհեստագիտութեան այլ բարիքներ մասամբ կը դարմանեն պարտադիր թերացումները): Բայց կ’արժէ, որ կանգ առնենք քանի մը յայտարարուած ու չյայտարարուած դաշտերու վրայ, տեսնելու՝ թէ 15 Օգոստոսի հանդիպումին օդապարիկը պիտի թռչի՞, պիտի պայթի՞, թէ՞ պիտի մնայ… սին օդի սահմաններուն մէջ:

Նախ նշենք, որ երբ երկու գերպետութիւններու նախագահները նման հանդիպումի կ’երթան, կասկած պէտք չէ ունենալ, որ անիկա բաւական լաւ նախապատրաստուած կ’ըլլայ (Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումն ալ, անբաղդատելի իր տարողութեամբ եւ տարածքով, անպայման որ պատրաստուած էր երկար ժամանակի վրայ, հոգ չէ թէ ՔՊ-ականները «ամչկոտութիւն» խաղացած էին եւ ըստ սովորութեան՝ զայն գաղտնի պահեցին մինչեւ վերջին պահը): Նման գերաստիճան (ենթադրաբար) օրակարգի վրայ կ’ունենայ ո՛չ միայն երկու երկիրները, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը յուզող՝ հրատապ հարցեր, որոնք այս կամ այն չափով կախեալ են իրենց (այսինքն՝ իրենց ետին կանգնողներու) մատներու շարժումներէն, չըսելու համար… շահադիտական-շահակցական քմայքներէն: Այսուամենայնիւ, թմբկահարուող գլխաւոր տագնապը՝ Ուքրանիան է, այդ առանցքին շուրջ կը թաւալին ամերիկեան, եւրոպական եւ այլ հետաքրքրութիւնները: Սա չի նշանակեր որ, կրկնենք, այլ տագնապներ բոլորովին պիտի անտեսուին: Կարելի չէ անտեսել մա՛նաւանդ այն աղաղակող իրականութիւնը, որ Թրամփ ամէն բանէ առաջ իր շահերուն դիտանկիւնէն, մասնաւորաբար Նոպէլեան մրցանակի մը հասնելու մարմաջէն մղուած պիտի նստի սեղանին: Փութին ցարդ նման ախորժակներ չէ ցուցաբերած…

Այս մօտեցումով՝ մեր ակնարկն ալ պիտի ընդգրկէ Ուքրանիայէն աւելի լայն պատկեր մը (անկարելի է ամբողջականը ներկայացնել):

Ա. ՈՒՔՐԱՆԻԱ. Մեծագոյն հարցումը կը պարտադրէ ինքզինք. Թրամփ ի վերջոյ պիտի յաջողի՞ կասեցնել աւելի քան երեք ու կէս տարի առաջ պայթած պատերազմը (տագնապին մեկնարկը անկէ տարիներէ առաջ էր): Սպիտակ տուն վերադարձի օրերուն, ան յոխորտանքով յայտարարած էր, որ պատերազմը պիտի կասեցնէր 24 ժամէն, բայց ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին այն պահուն՝ երբ կ’արձանագրենք այս տողերը. ռուսերը, կ’ըսուի, նոր յառաջխաղացք կ’արձանագրեն, ուքրանացիներուն հակայարձակումներ չեն դադրած, զոհերու ու քանդումներու հաշուեցոյցը կը ծանրանայ: Համայնապատկերը մօտաւորապէս կարելի է ամփոփել հետեւեալով. Թրամփ եւ Փութին յայտնապէս կ’աշխատին երկուքով դասաւորումներու հասնիլ, դուրս ձգելով Ուքրանիա՛ն ալ, Եւրոպա՛ն ալ, այլ հեղինակաւոր կողմեր այլ (օրինակի համար՝ ՄԱԿի կամ միջազգային այլ միաւորներու ներկայացուցիչներ, ալ ի՜նչ խօսք՝ միւս գերուժին ու դրացիներուն մասին):

Զելենսքիի՝ «Առանց Ուքրանիոյ մասնակցութեան՝ որեւէ տնօրինում չի կրնար ըլլալ» պահանջը արժէք չի ներկայացներ մեծ բանակցողներուն:

Մէկ կողմէ՝ Թրամփ արդէն մեծ չափով կշտացուցած է իր ախորժակները, ձեռք բերած՝ Ուքրանիոյ բնական հարստութիւններու շահարկման մենաշնորհը (Եւրոպան ինչպիսի՜ նախանձով կը դիտէ այդ իրագործումը եւ կը մտածէ, թէ այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ հարկադրուած է ա՛յդքան ծանր տուրք վճարելու ամերիկացի… դաշնակիցին), միւս կողմէ՝ Փութին յայտնապէս ապահոված է Ուքրանիայէն իր գրաւած հողամասերուն վերջնական տիրութեան իրաւունքը. Թրամփի՝ «պէտք է հողեր փոխանակեն» ակնարկութիւնը շատ անորոշ է, ռուսական կողմը պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ շպարային նահանջի: Եւրոպացիք, Թրամփի «մենատիրական» եւ ինքնագլուխ քայլերէն զայրացած՝ բոլորուած են Զելենսքիի շուրջ եւ կը քաջալերեն անոր՝ «որեւէ հողային զիջում պիտի չընենք»ի կեցուածքը, կը մրցակցին զայն զինելու:

Իրապաշտ դէտերու կարծիքով, Զելենսքիի «հաւը եփած է», որոշումներ պիտի տրուին՝ անտեսելով անոր պահանջները, յաջորդ հանգրուանին կրնան ձեւական մասնակցութիւն մը ապահովել անոր: Թրամփ այլապէս ալ իր կամքը պարտադրած է խրտուիլակի վերածուած եւրոպացիներուն: Կը յիշէ՞ք, ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներուն պարտադրեց բարձրացնել պաշտպանութեան պիւտճէները եւ, աւելին՝ պահանջեց, որ ամերիկեան զէնք գնեն ու Ուքրանիոյ նուիրեն (այսինքն՝ նախ եւ առաջ շահ, յետոյ… բայց ինչո՞ւ շարունակել Ուքրանիոյ սպառազինումը, եթէ պատերազմի դադարեցման իսկական կամք կայ): Եւ եւրոպացիք չեն կրնար դէմ կանգնիլ նման պահանջի, որովհետեւ իրենց քիթը, կոկորդն ու շատ մը այլ կենսական գործարանները դրած են Թրամփի (ու զայն հովանաւորողներու) ձեռքերուն մէջ: Այս դիտանկիւնէն, ո՛չ Թրամփի եւ ոչ ալ Փութինի հաշիւներուն համապատասխան պիտի ըլլայ օդապարիկը պայթեցնելը:

Հոս կայ նաեւ այլ կարեւոր գործօն մը. կարծէք թէ առայժմ մոռցուած են այն դրդապատճառները, որոնք պայթեցուցին Ուքրանիոյ պատերազմը (եւ առաջին հերթին՝ ՆԱԹՕ-ին Ուքրանիոյ անդամակցութեան օրակարգը, որմէ կամացո՜ւկ մը ետդարձ ըրաւ Ուաշինկթըն, ձեւով մը իր նախասիրութիւնները պարտադրելով Եւրոպայի դաշնակիցներուն: Մեր Սիւնիքին վաճառքէն առաջ, Ուքրանիան գործնապէս ծախուած էր…)

Բ. ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ. Ալասքայի գերաստիճանի նախօրեակին, Իրանէն մինչեւ Իսրայէլ, Սուրիա ու Լիբանան (հասնինք նաեւ Ծոցի շրջանը) շատ բան չի խօսուիր խաղաղութեան հասնելու իմաստով: Իսրայէլ կը շարունակէ ջարդերը, որդեգրած է Կազան խլելու որոշում մը, հոգ չէ թէ մէկ կողմէ՝ աշխարհի չորս ծագերէն կը դիմագրաւէ «մի՛ ըներ»ներ կոչեր ու քննադատութիւններ (բոլորն ալ խօսքի ապուրի բնոյթով), իսկ միւս կողմէ՝ նոյնինքն Իսրայէլէն ներս վերջին շաբաթներուն բարձրացող ընդվզումի ալիքը, որ տարածուած է ժողովրդային զանգուածին ու զինուորականներու՝ գործող թէ հանգստեան կոչուած բանակայիններու շարքերուն վրայ: Ամերիկեան բացայայտ զօրակցութեամբ՝ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ասդին, բազում արհաւիրնքներ եւ «ներքին արիւնահեղութիւններ» խռովեցին – եւ կը խռովեն – այդ երկիրը, թրքական եւ իսրայէլեան ուղղակի եւ բացայայտ միջամտութիւնները ստեղծած են խառնարան (չենք անտեսեր քիւրտերու եւ այլոց շարժումները), եւ ահա յանկարծ… Դամասկոսի իշխանութիւնները Մոսկուայի աջակցութեան կը դիմեն՝ զիրենք պաշտպանելու համար, եւ ե՞րբ, ճի՛շդ այն պահուն, երբ կը պատրաստուի Ալասքայի սեղանը: Ամերիկեան եւ արեւմտեան բացայայտ զօրակցութեան յենած Լիբանանն ալ արդեօք պիտի մտածէ՞ նման քայլի մասին:

Անշուշտ հարցականներ կախուած են Իրանի հանդէպ ամերիկեան թշնամանքին եւ մեղմացումի հաւանականութիւններուն վերեւ: Բնական է, որ նման հարցեր պիտի քննարկուին (գոնէ հեռու ամբոխահաճութենէ եւ քարոզչութենէ՝ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի շահերուն ու հաշիւներուն պարունակին մէջ): Միջին Արեւելքի այս՝ կեդրոնական պատկերին կողքին, կան նաեւ «լուսանցքային» հաշուարկներ, որոնք կը տարածուին Եգիպտոսէն Լիպիա ու Ծոցի երկիրներ, ներառեալ Եմէնը: Ուշադրութեան առանձին կեդրոն է Էրտողանի Թուրքիան, որ, ինչպէս ծանօթ է, ՆԱԹՕ-ի անդամ է եւ սակայն, վերջին տարիներուն մերձեցում կը խաղայ Ռուսիոյ հետ (հին խաղին նոր էջը, ճատրակի տախտակին վրայ օգտագործուող քար մը), երբեմն դժգոհ ձգելով դաշնակիցները, մինչեւ իսկ բացայայտ կամ շինծու տագնապներ ստեղծելով անոնց հետ (Ֆրանսա): Այս ու նման պարագաներ չեն կրնար անտարբերութեամբ դիտուիլ Ալասքայի բանակցողներուն կողմէ: Չմտնենք յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ:

Գ. ԿՈՎԿԱՍն ու մեզ շահագրգռող՝ Հայաստան-Արցախը: Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն հազիւ շաբաթ մը ետք է որ Թրամփ պիտի հիւրընկալէ Փութինը, որուն ակնոցով, Կովկասը՝ Վրաստանէն մինչեւ Ազրպէյճան ու Հայաստան-Արցախ, կը մնայ շահեկան գօտի: Անվիճելի է, որ Ուքրանիոյ ճախճախուտին մէջ ընկղմած Ռուսիա վերջին տարիներուն հարկադրուեցաւ նահանջ արձանագրել այս գօտիէն (մի՛շտ իր շահերուն հաշուարկներով), մինչեւ իսկ իր դաշնակից Իրանի նկատմամբ ցուցաբերեց որոշ կրաւորականութիւն (ամերիկեւիսրայէլեան յարձակումի օրերուն), սակայն անոր համար, այս գօտին կը մնայ ճատրակի անվերջանալի խաղին մէջ ետ-ու-յառաջի մրցադաշտ մը: Թրամփ, Սիւնիքի հարաւէն անցնող եւ իր անունով մկրտուած ճամբան շահելով, ապահովեց շահող խաղաքարտ մը, հաճոյացնելով Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, եւ պատրանք նուիրելով Փաշինեանի Հայաստանին: Թրամփ հիմա կը մտածէ, որ Ազրպէյճանին զէնքի նոր վաճառքներուն ճամբով՝ նկատառելի եկամուտ պիտի ապահովէ. անոր համար, մազաչափ մը իսկ տարբերութիւն չ’ըներ, թէ Հայաստան ընդունած է Մինսքի խմբակէն հրաժարիլ, ու Ալասքայի մէջ, կրնայ Փութինի հետ «համակեցութեան» տարազ մը գտնել (ռուսական կողմը գիտէ, որ շրջանին մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը տակաւին խաղաքարտ մըն է իր ձեռքին, կրնայ սակարկութեան նստիլ մինչեւ իսկ անոր մասին նոր տարազումի մը հեռանկարով):

Զարմանալի չէ, որ Մոսկուա «ճկուն» արձագանգ մը ունեցաւ Մինսքի խմբակին լուծարման մասին, առանց ծածկելու իր անբաւարարութիւնը (յիշեցուց, որ 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը բոլորովին մեռած չի նկատեր): Զարմանալին այն է, որ Ֆրանսա, իբրեւ Եւրոպայի յառաջատար ներկայացուցիչ, ծափողջունեց զինք կովկասեան ճաշասեղանէն վանելու ուաշինկթընեան համաձայնութիւնը (Մինսքի խումբին երրորդ անդամն էր), մինչդեռ անդին, եւրոպացի ընկերներուն հետ ոգի ի բռին կ’աշխատի ռուս-ամերիկեան բանակցութեանց սեղանին շուրջ աթոռ մը ապահովելու իրենց հովանաւորեալին՝ Զելենսքիի, նոյն խանդով կը զօրակցին անոր պահանջներուն: (Յայտնապէս եւրոպացի խաղաղապահ դէտերուն Հայաստանէն հեռացումն ալ եփած ճաշ է, կը մնայ տեսնել, թէ Ալասքայէն ետք, ի՞նչ դեր-ճակատագիր պիտի վիճակուի ռուսական ուժերուն եւ զօրակայաններուն):

Դ. ԱՓՐԻԿԷ ԵՒ ԱՅԼՈՒՐ. Երբ աշխարհի ուշադրութիւնը ըստ էութեան (եւ շնորհիւ քարոզչական մեքենաներու) կեդրոնացած է վերոյիշեալ երեք տաք գօտիներուն վրայ, անդին, կան ճատրակի խաղատախտակին այլ քառակուսիները, ինչպէս՝ Ափրիկէ, Հարաւային Ամերիկա եւ Ծայրագոյն Արեւելք: Երկար սիւնակներ պէտք պիտի ըլլան՝ գէթ հպանցիկ ակնարկութիւններ ընելու այդ գօտիներու իրադարձութիւններուն, հետեւաբար կը բաւականանաք մէկ քանի նշումով: Յիշեալ տաք գօտիներուն դաշտերէն անդին, Ափրիկէի մէջ, օրինակի համար, վերջին տարիներուն տեղի կ’ունենայ պարանաձգութեան նոր խաղ մը. կարգ մը ափրիկեան երկիրներ գործնապէս վանեցին նոր գաղթատէրեր, մասնաւորաբար՝ Ֆրանսան ու անոր «խաղաղարար»ի զինուորական ներկայութիւնը, այլ շարժումներ կը խմորուին կամ գործնական նոր արտայայտութիւններ կը գտնեն, ռուսական յառաջխաղացք մը ակներեւ կը դառնայ «»Սեւ ցամաքամասի կարգ մը գօտիներուն մէջ (շատ բան հեռու կը մնայ-կը պահուի աշխարհի, նաեւ մեր՝ հայերուս տեսողութեան դաշտէն):

***
Ճամբայ չելանք սպառիչ պատկեր մը ներկայացնելու յաւակնութեամբ, այլ փորձ ըրինք ցոյց տալու, որ Թրամփ-Փութին հանդիպումը, Ուքրանիոյ շուրջ հակամարտութեան կողքին, կրնայ սեղանի վրայ ունենալ նաեւ աշխարհը – նաեւ մեզ՝ հայերս – յուզող, շահագրգռող հարցեր, որոնց մասին թերեւս շատ բան չխօսուի հանդիպումէն ետք ալ:

Իսկ եթէ ամերիկեան հողի վրայ կայացող գերաստիճանը ինքզինք հեռու պիտի պահէ նման հրատապ հարցերու քննարկումէն, կը նշանակէ, որ գերպետութիւններու գործելակերպին մէջ նահանջ, անկում կայ (գաղտնիք չէ, որ կ’ապրինք անկումներու դարաշրջան մը):

Հետեւաբար, աշխարհը պիտի սպասէ, որ այլ սուր ու մահասփիւռ-աւերիչ տագնապներու համար, նոր օդապարիկներ սարքուին, իսկ աւելի՛ կարեւորը՝ Ալասքայի օդապարիկը կարենայ թռիչք առնել եւ զերծ մնալ պայթելու վտանգէն:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
«Խաղաղության պայմանագիր». Հայաստանի նվ

Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև մի քանի տարվա լարված, միակողմանի բանակցություններից

19 Օգոստոս 2025
Երբ չի մնում խելք ու հանճար․․․

Ներողութիւն, կրկին ու կրկի՛ն ներողութիւն՝ ամէն հայու սրտին խօսող, համայն հայու

19 Օգոստոս 2025
Միջանցքի իմաստավորումը՝ Փաշինյանի վերջ

«2025թ․ օգոստոսի 18-ի ժողովուրդին հղած իր ուղերձում, Նիկոլ Փաշինյանն ասում է․

19 Օգոստոս 2025
Ղարաբաղի հարցը փակելով` խաղաղություն ձ

Օսլոյի համաձայնագրերը ստորագրվեցին 1993-ին և 1995-ին՝ Մերձավոր Արևելքում խաղաղ

19 Օգոստոս 2025
Խորտակե՛լ լուացքի մեքենան…

Սարգիս Մահսէրէճեան Հայաստանի մէջ, դարձեալ գործի լծուած է հին լուացքի մեքեն

19 Օգոստոս 2025
Քանի դեռ Արցախի ժողովուրդը պայքարում է

«Առավոտի» զրուցակիցն է ՀՅԴ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Արթու

18 Օգոստոս 2025
Այն, ինչ սրբազանների հետ է կատարվում,

«Իրականում այս 4-5 տարիներին, դրանից առաջ էլ շատ քաղաքական դատեր են եղել, բայց

18 Օգոստոս 2025
Ակնարկ. Հարաւային Կովկասէն Ուքրանիա` Ա

Ալասքայի հանդիպումը ընդհանուր հաշուով Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ հաշու

18 Օգոստոս 2025
ԱՄՆ պետդեպարտամենտի զեկույցը փաստում է

ԱՄՆ պետդեպարտամենտը հրապարակել է Ադրբեջանում մարդու իրավունքների մասին 2024թ․

16 Օգոստոս 2025
Այսօր Վահան Հովհաննիսյանը կդառնար 69 տ

Օգոստոսի 16-ին լրանում է ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետությո

16 Օգոստոս 2025
Թրամփ-Փութին օդապարիկը…

Սարգիս Մահսէրէճեան ...Թռիչք պիտի առնէ՞, թէ՞ պիտի պայթի: Մօտաւորապէս շաբա

14 Օգոստոս 2025
Ակնարկ. «Հետագայ Գործողութիւններ»

Հրապարակուած է 17 կէտերէ բաղկացած Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան նախաստորագրու

14 Օգոստոս 2025
«Ի՜նչ Գեղեցիկ Աշխարհ մը…»

What a Wonderful World “I see friends shaking hands Saying, “How do you do

13 Օգոստոս 2025
Խաղաղութեան Խաբկանքը

8 օգոստոս 2025-ին ստորագրուեցաւ, Ուաշինկթընի մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագա

13 Օգոստոս 2025
Խաղաղության Նոբելյան մրցանակ՝ Թրամփին,

Ինչպես և սպասվում էր, նախագահ Դոնալդ Թրամփը Կովկասում «խաղաղության» համար Սպիտ

12 Օգոստոս 2025
Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի խ

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովը բարձր է գնահատում միջազգային հանրության կ

12 Օգոստոս 2025
Հայաստանն Ադրբեջանին «միջանցք» է տրամա

Մինչ իշխանությունը Վաշինգտոնում եռակողմ հանդիպման արդյունքներով ստորագրված համ

12 Օգոստոս 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարարութ

2025 թ. օգոստոսի 8-ին ԱՄՆ-ում Նիկոլ Փաշինյանի կողմից եռակողմ հանդիպման հայտարա

12 Օգոստոս 2025
«Կովկասի Փանամայի ջրանցքը». Գարլոս Անթ

Խ. Տէր Ղուկասեան Ուաշինկթընի մէջ 8 Օգոստոսին ստորագրուած ԱՄՆ, Հայաստան, Աdր

12 Օգոստոս 2025
«Հայրենիքն ամեն բանից վեր»․ ՀՅԴ ՀԵՄ բա

Բյուրականի բանակավայրում, որտեղ ընթանում է ՀՅԴ ՀԵՄ բանակումը, հայտարարվել էր բ

12 Օգոստոս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company