ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Խորտակե՛լ լուացքի մեքենան…

19 Օգոստոս 2025

Սարգիս Մահսէրէճեան

Հայաստանի մէջ, դարձեալ գործի լծուած է հին լուացքի մեքենայ մը, որուն վաճառանիշն է ՔՊ եւ կ’օգտագործուի ժողովուրդին ուղեղները լուալու համար: Մեքենային կափարիչին վրայ հիմա գրուած է Ուշինկթընեան համաձայնագիր, կողքին՝ Թրամփի ճամբայ, ետեւը…

Ազրպէյճանի բոլոր պահանջներուն ենթարկուիլ: Սակայն վերջին ցանկը ետեւը ըլլալով՝ հեռու կը պահուի հասարակութեան աչքէն:

Մեքենան կը գործածեն վարչապետ կոչեցեալն ու Ուաշինկթըն գացող-եկողները, նաեւ Երեւան մնացողներ: Նոյն «առաքելութեան» լծուած են իշխանութեան բոլոր մանկլաւիկները, որոնց շարքին, եւ դժբխատաբար, իրենց անունը կ’արձանագրեն կարգ մը մասնագէտներ, հմուտ մարդիկ, որոնք կարճ ատեն մը առաջ արդար եւ սուր քննադատութիւններ կ’ուղղէին ՔՊ-ական իշխանաւորներու ձախաւեր ընթացքին, ցոյց կու տային, որ Ազրպէյճանի հետ շինծու, անրջային խաղաղութիւն հետապնդելը ինչպիսի՜ կորուստներու պիտի առաջնորդեն հայրենիքն ու ազգը: Եւ անոնց մտավախութիւնները ճիշդ դուրս եկան մէկ առ մէկ…

***
Ուաշինկթընեան հանդիպումի նախօրեակին իսկ, եւ մեկնելով «փախուստ տուած» լուրերէ (եւ, ի՜նչ հեգնանք, «փախուտ»ին առաջին աղբիւրը ազերիական էր եւ անիկա ճիշդ դուրս եկաւ, աւելի՛ աղաղակող դարձնելով ՔՊ-ական իշխանութեան «գաղտնապահութիւնը», յիշեցում եղաւ, որ ասոնք խոստացած էին ժողովորդէն գաղտնի եւ ի վնաս հայրենիքին ոչի՛նչ ընել), բանիմաց եւ կշռադատող մարդիկ՝ քաղաքագէտ, դիւանագէտ, տնտեսագէտ թէ այլ բնագաւառներու մէջ քիթէն անդին տեսնողներ՝ դարձեալ ահազանգեցին, թէ իշխանաւորն ու գործակիցները նոր աղէտի կը տանին երկիրը: Նախատեսութիւններ մեծ մասամբ ճիշդ դուրս եկան, ինչպէս որ ճիշդ դուրս եկած էին 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու անկէ ետք մատնանշուող աղէտները, վնասաբեր քայլերը: Անոնք զգուշացուցին Արցախի կորուստին մասին, ուղեղները իշխանաւորներու լուացքի մեքենային յանձնածները չհաւատացին, թերահաւատ մնացին՝ մինչեւ անգամ երբ Արցախը ամբողջութեամբ կորսուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ, որովհետեւ իշխանախումբը – եւ ո՛չ թէ «նախկինները» – Արցախը ճանչցան իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը: Նոյն ծանծաղամիտ թերահաւատութիւնը գերիշխող մնաց, երբ նոր կորուստներու փաստեր շղթայ կազմեցին տարբեր գիծերու վրայ, սկսելով սահմանային գօտիներու կորուստէն, նոյնինքն Հայաստանի տարածքէն ուղղակի եւ անուղղակի բռնագրաւումներէն, մինչեւ բանակի, դիւանագիտութեան ու տնտեսութեան կալուածներուն մէջ նահանջները: Ողբերգականօրէն ծիծաղելին այն էր, որ իւրաքանչիւր կորուստ՝ ժողովուրդին կը հրամցուէր «տեսէ՛ք թէ ի՜նչ նուաճում ըրինք»ի յոխորտանքով: Նոյնը կ’ըլլայ հիմա: Այլ խօսքով, նուաճո՜ւմ էր Արցախի յանձնումն ու Ազրպէյճանի մաս ճանչնալը, նուաճո՜ւմ եղաւ արցախցիներու բռնագաղթն ու մայր հայրենիքին մէջ իրողական անտիրութիւնը, նուաճումներու շարքին եղան բանակին թուլացումը, դիւանագիտական անդամալուծութիւնը, տնտեսութեան այս կամ այն կալուածին մէջ նահանջներն ու կորուստները: Փանջունին իսկ նախանձով պիտի լսէր այս բոլորը…

Հիմա, 8 Օգոստոսէն ասդին, նոյն «տրամաբանութիւնը» դարձեալ կը բանի իշխանաւորին ու մանկլաւիկներուն սուտ քարոզչութեան ճամբով: Դարձեալ բանիմաց մարդիկ (չկրկնենք մասնագիտութիւններուն շարքը) «մատները մարդոց աչքին կոխելու» մօտեցումով ցոյց կու տան, թէ Թրամփի իրաւարարութեամբ եւ սկզբնատառերով ստորագրուած համաձայնութիւնը լիարժէք… նոր աղէտ է Հայաստանի ու հայութեան համար: Մէկ չէ, երկու չէ, այլ բազմաթիւ իրազեկներ ու մասնագէտներ բզիկ-բզիկ կ’ընեն ծանօթ փաստաթուղթը, յօդուածները մէկ առ մէկ կը պարզաբանեն (գրուածին խորքը կը թափանցեն), ցոյց տալու՝ որ անիկա խաղաղութիւն պիտի չբերէ, շահաբեր պիտի չըլլայ Հայաստանի համար (իսկ եթէ ամերիկացիք ու ազերիները՝ թուրքերուն հետ մէկտեղ, շահեր ապահոված են, այդ կը նշանակէ, թէ Հայաստան ու հայութիւնը արդէն նոր կորուստի ճամբան բռնած են): Այս զգուշացումները, աղաղակող փաստերու ցանկագրումն ու աւելի եւս մթագնող հորիզոնները ոչինչ կ’ըսեն իրենց ուղեղները իշխանաւորներու լուացքի մեքենային յանձնած՝ այլապէս բարեմիտ զանգուածին: Եւ երեւակայե՜լ, որ դարձեա՛լ կը հնչեն այն տեսակէտները, թէ՝ հասած է 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան… երանի տալու օրը:

***
Ահազանգին աղբիւրը կը կոչուի ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՃԱԿԱՏ, որուն մաս կը կազմեն խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական միաւորներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, մինչեւ իսկ այս իշխանութեան մեքենային մէջ դեր խաղացած (այժմ նախկին դարձած) քաղաքական, դիւանագիտական դէմքեր եւ տնտեսագէտներ, որոնք պահ մը մաս կազմած էին «ուսապարկերու» փաղանգին:

Եւ կը ծագի հարցում մը: Ի՞նչ է պատճառը, որ իշխանաւորներու մեքենան տակաւին յաջողութիւններ կ’արձանագրէ: Պատճառները բազմաթիւ են, ունին ներքին եւ արտաքին ազդակներ:

Ներքին ազդակներէն գլխաւորը այն է, որ հայրենիքի շահերուն պաշտպանները, վտանգները ցոյց տուողները՝ առանց այլեւայլի կը դրուին «նախկիններ»ու ցանկին մէջ, հոգ չէ թէ, ինչպէս նշեցինք, անոնք մինչեւ երէկ մաս կը կազմէին վարչամեքենային: Անոնց կը փակցուի «հակայեղափոխական» պիտակը, որ, ի՜նչ զարմանք, համահունչ է ազերիներուն հռչակած «ռեւանշիզմ»ին: Ու «մաքրաջրուած» ուղեղով մարդիկ (եւ թող ո՛չ ոք փորձէ զանոնք անմեղ նկատել), առանց բանականութիւն գործածելու՝ կը մերժեն այդ ցանկերուն վրայ ԲՈԼՈՐ արձանագրուածները: Հարց չեն տար, թէ սա «նախկիններուն» օրով չէ՞ր, որ Հայաստանի անկախութիւնը վերահաստատուեցաւ (այսօր աղաղակող վտագներու տակ են անկախութի՛ւնն ալ, ինքնիշխանութի՛ւնն ալ, պետականութի՛ւնն ալ, հայրենի՛քն ալ…), Արցախի ազատամարտը մղուեցաւ, Արցախը իրողապէս վերամիացաւ մայր Հայաստանին, որուն տարածքը արիւնով ու պայքարով դարձաւ 42 հազար քառ. քլմ., Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցուեցաւ, Մինսքի (երէկ լուծարքի ենթարկուած) խումբը տասնամեակներ շարունակ գործեց յարմարագոյն լուծումի մը հասնելու ի խնդիր, առանց խախտելու արցախցիներու հողային եւ մարդկային-քաղաքական իրաւունքները (որոնց վրայ Ուաշինկթընի մէջ փորձեցին պաշտօնական տապանաքար մը դնել): «Նախկիններ»ու շրջանին, Հայաստանի հորիզոնները պայծառ ու վարդագոյն չէին, սակայն մէկ բան վէճ չի վերցներ. ՀՈՂԱՅԻՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ-ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ գետիններու վրայ ՔՊ-ականներու բերած կորուստները չունեցանք:

Անշուշտ ցաւալի կէտ մըն ալ այն է, որ նոյն մտահոգութեամբ լեցուածները ինչո՞ւ չեն կրնար գտնել այս կացութենէն միասնաբար դուրս գալու տարազը…

Արտաքին ազդակներէն գլխաւորը – եւ ճնշողն ու գերակշռողը – այն է, որ ՔՊ-ականներու պարտուողական, կորստեան տանող քայլերը ունին զօրակիցներ, հովանաւորներ ու պաշտպաններ, առաջին հերթին՝ թուրք-ազերիական ճակատը, ապա նաեւ անոնց կամրջումէն շահ սպասողները – եւ արդէն շահ ձեռք կը բերեն յիշեալ համաձանագիրով -, մէկ խօսքով՝ բոլոր անոնք՝ որոնց աչքին, Հայաստանի ու հայութեան շահերն ու ապահովութեան ակնկալիքները երկրորդական (կամ… քսաներորդական) են: Ռուսիա, Իրան, եւրոպական երկիրներ եւ դեռ ուրիշներ կրնան մտավախութիւններով խառն՝ ողջունող արձագանգներ ունենալ, մտածելով, որ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը – եւ անոր սուտերուն հաւատացող զանգուած մը – անտարբեր կը մնայ կորստաբեր երթին հանդէպ, իրենց ի՜նչ հոգն է ըլլալ… հայէն աւելի՛ հայ, Հայաստանի ու հայութեան շահերուն աւելի՛ նախանձախնդիր, պաշտպան: Եւ ճիշդ կ’ըսէր մեկնաբան մը, թէ՝ դրացիի ու բարեկամի համար, նոյնինքն Հայաստանի կողմէ ընդունելի նկատուող կորստաբեր ուղին… իրենց ուսէն հոգ մը կը պակսեցնէ: Բայց չէ՞ որ ՔՊ-ական իշխանութիւնն ալ, Արցախը Ազրպէյճանի նուիրելով՝ հսկա՜յ բեռ մե թօթափեց իր ուսերէն, յետոյ ալ յոխորտաց, որ «Արցախը տուինք ու Հայաստանը շահեցանք». Հիմա կարգը եկած է Հայաստանն ալ մաս առ մաս թօթափելու, այդ ալ կը ներկայացնեն իբրեւ «մե՜ծ նուաճում», «խաղաղութեան ճամբու բացում…»: Իրատեսը կը նկատէ, որ այս համաձայնագիրով, Հայաստանը փաստօրէն կը դառնայ Ազրպէյճանի ԲՈԼՈՐ քմայքներուն ու պահանջներուն ընդառաջող, ստրկամտութիւնը կը համակէ զանգուածը:

***
Ե՞լքը: Բայց ընդդիմադիրները քանի՞ անգամ եւ քանի՞ ալիքով պէտք է ցոյց տան, որ այս բռնատիրական իշխանութեան օրով, Հայաստանի տարածքն ու հորիզոնները միայն ու միայն պիտի սեղմուին: Բանիմացն ու իմաստունը արդեօք պէտք է ճամբայ ելլեն՝ իրատեսութիւն, հասկացողութիւն եւ իրազեկութիւն մուրալո՞ւ տրամադրութեամբ:

Արդեօք մեր ժողովուրդը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, շատ աւելի բանիմա՞ց եւ քաղաքականապէս իրազե՞կ էր այն օրերուն (միայն 15 տարի առաջ), երբ գրեթէ մէկ մարդու պէս «ո՛չ» ըսաւ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ու ձախողութեան մատնեց վտանգալից փրոթոգոլները: Նոյն ժողովուրդը չե՞նք Հայաստանի ու Արցախի մէջ, նոյն ժողովուրդը չե՞նք Սփիւռքի տարածքին: Սա ի՞նչ լուացքի մեքենայ է, որ հիմնայատակ կործանեց մեր ժողովուրդի քաղաքական մտածողութիւնը, պահանջատիրութիւնը (խօսքը ընդդիմացողներուն մասին չէ բնականաբար): Խորհրդային օրերուն ալ կար լուացքի մեքենայ, բայց եկէ՛ք, չերթանք զայն ՔՊ-ականներու սարքին հետ բաղդատելու փորձութեան:

Ե՞լքը: Խորտակե՛լ ուղեղալուացքի մեքենան ու իշխանութեան բերել նախկին ու նոր հայրենապաշպանները: Յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններու խաղն ալ պէտք է դուրս նետել լուացքի մեքենայէն ու գործելք անյապաղ:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company