«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ
20 Օգոստոս 2025
Սփիւռքահայ գրականութեան եւ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգած բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ, խմբագիր, կրթական, մշակութային եւ հասարակական գործիչ, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակը անմահացնելու նպատակով, 14 օգոստոս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ բացումը կատարուեցաւ «Սարգիս Կիրակոսեան» արխիւային բաժինին:
«Ազդակ»-ի կողմէ խօսք առաւ պատասխանատու խմբագիր Ժաք Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ բաժին մը Սարգիս Կիրակոսեանի անունով կոչելը առիթ է վերյիշելու իր կեանքին մեծ մասը «Ազդակ»-ի հետ մնայուն կապի մէջ եղած ու թերթին էջերը հարստացուցած Սարգիս Կիրակոսեանը:
«Ասիկա նաեւ առիթ է վերյիշելու մեր երէց գործընկերը, որուն բամբ ձայնը տակաւին կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ: Սարգիս Կիրակոսեանը մեր յիշողութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունեցաւ, երբ արդէն թերթի գրական էջի լիիրաւ խմբագիրն էր եւ այդ հանգամանքով «Ազդակ»-ը բեմի մը վերածեց հաւասարապէս սփիւռքահայ եւ հայրենի գրական ստեղծագործութիւնները ներկայացնելու, ներկայացնելու նաեւ` հայ գրողները եւ հայութեան հետ առնչութիւն ունեցող գրական երեւոյթները: Ինչպէ՞ս չյիշենք մեր երէց գործընկերը, որ ամէն շաբաթ ճշդուած օրուան կէսօրին կու գար խմբագրատուն` անձնապէս վերստուգելու եւ սրբագրելու իր ձեռագիրով գրուած շաբաթական գրական ակնարկը: Ինչպէ՞ս չյիշենք մեր երէց գործընկերը, որ յաճախ մեծ եղբօր մը հոգածութեամբ այսինչ կամ այնինչ լեզուական նկատողութիւնը կը կատարէր մեզի` իր կրտսեր գործընկերներուն, առանց վիրաւորելու», ըսաւ ան:
Ապա Ժ. Յակոբեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեանի կենսագրականը` դիտել տալով, որ ան միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, 1970-ական թուականներու սկիզբը փոխադրուած է Պէյրութ, ուր իր հայագիտական կրթութիւնը ամբողջացուցած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքին մէջ: «Այդ ժամանակաշրջանին է, որ ան մաս կը կազմէ «Սփիւռք-Գարուն»-ի եւ «Բագին»-ի երիտասարդական գրական խմբակներուն, իսկ աւելի ուշ արդէն կ՛աշխատակցի եւ լիիրաւ մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի եւ «Բագին»-ի խմբագրական կազմերուն:
«Կրթական մարզին մէջ Սարգիս Կիրակոսեան երկար տարիներ հայ գրականութեան ուսուցիչ դարձաւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին եւ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ: Գրական ստեղծագործութեան ծիրին մէջ Սարգիս Կիրակոսեան հրատարակած է «Այս է արիւն իմ» (1973-ին), «Այս է մարմին իմ» (2004-ին) եւ «Ականեալ ձայներ» (2015-ին) բանաստեղծական հատորները, «Օրհներգութիւն մեծասքանչին» հայոց լեզուին նուիրուած գրութիւններու ժողովածուն, «Կարծես երազ մը ըլլար» (2016-ին) քնարավէպը, «Մայրիներու ծիածանը» լիբանանցի եօթը բանաստեղծներու գրութիւններու թարգմանութեան նուիրուած հատորը (2010-ին), ինչպէս նաեւ` լիբանանցի-սուրիացի նշանաւոր բանաստեղծ Ատոնիսի «Դամասկոսցի Միհիարին երգերը» խորագրեալ հատորը (2013-ին)», ըսաւ ան:
Յակոբեան վկայեց, որ Սարգիս Կիրակոսեան ունի բանաստեղծական անտիպ հատորներ, նաեւ` բազմաթիւ յօդուածներ, գրութիւններ եւ գրախօսականներ, որոնք նուիրուած են հայ թէ արաբ գրողներու եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն: Այդ գրութիւնները ցրուած են մամուլին մէջ, իսկ անոնց կարեւոր մէկ մասը կը գտնուին «Ազդակ»-ի արխիւներու այս բաժինի ժողովածուներուն մէջ:
«Սարգիս Կիրակոսեան ջանք չխնայեց ապահովելու լիբանանահայ եւ հայրենի գրողներու մերձեցումը: Իր գրական եւ մտաւորական կապերուն շնորհիւ` ինք առաջինը կ՛ըլլար, որ կ՛արձագանգէր հայրենի գրական նորութիւններուն: Կիրակոսեան մինչեւ իսկ իր ներկայիս հանգուցեալ գրչընկերներ Պեպօ Սիմոնեանի եւ Արամ Սեփեթճեանի հետ երրորդութիւն կազմելով` հիմնադիրներէն մէկը դարձաւ գաղութի գրողները համախմբող Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին: Աւելի ուշ ան արժանիօրէն վարիչ-տնօրէնը դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական գրասենեակին, մաս կազմեց նաեւ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործած Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովին:
«Սարգիս Կիրակոսեան նաեւ գաղափարական ամուր համոզումի տէր մտաւորականն էր: Այդ հանգամանքով ալ ան մաս կազմեց դաշնակցական մարմիններու եւ պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնեց: Գործակցեցաւ դաշնակցական ղեկավար գործիչներու հետ եւ հրապարակային ձեռնարկներու կամ պաշտօնական ելոյթներու ընթացքին ունեցաւ լեզուականօրէն կոկիկ մշակուած դաշնակցական մտաւորական գործիչի իր խօսքը:
«Այսօր «Ազդակ» օրաթերթի ամէնէն կարեւոր բաժինը` արխիւներու բաժինը, կ՛անուանենք մեր երէց գործընկեր Սարգիս Կիրակոսեանի անունով: Արխիւներու այս բաժինը պատմութիւն կը բուրէ, հոն կը գտնենք լիբանանահայ գաղութի քաղաքական, մշակութային, կրթական, մարզական եւ հասարակական պատմութիւնը, հոն են 98 տարուան «Ազդակ»-ի ժողովածուները: Հոն է նաեւ Սարգիս Կիրակոսեանի մտաւորական եւ գրական վաստակին մէկ կարեւոր մասը: «Ազդակ»-ի արխիւներու սենեակի այս անուանակոչումով յիշատակը անմար թող մնայ մեր երէց գործընկերոջ», եզրափակեց Ժաք Յակոբեան:
Ապա Սարգիս Կիրակոսեանին եւ անոր գրական բեղուն գործունէութեան մասին իրենց յիշատակները պատմեցին եւ վկայութիւնները տուին անոր գրչընկերներ Յարութիւն Պէրպէրեանը եւ Համբիկ Մարտիրոսեանը:
Յարութիւն Պէրպէրեանը Մոնրէալէն տեսակապով պատմեց Սարգիս Կիրակոսեանի հետ իր ունեցած գրական գործունէութեան զանազան հանգրուաններուն մասին յիշելով յատկանշական դրուագներ, որոնք կ՛ընդգծէին Կիրակոսեանի ունեցած դերը յատկապէս հայ-արաբ գրականութեան մերձեցման, արաբ գրողներու հայկական հարցերու շուրջ ունեցած հետաքրքրութեան բարձրացման առումով։
Պէրպէրեան , երկար տարիներ Բագինի յարկին տակ Կիրակոսեանի հետ բաժնած է հայ բանաստեղծական աշխարհին խորհուրդներն ու իւրայատկութիւնները։ Անոնք միասին հարստուցած են Բագինի էջերը։ Յարութ Պէրպէրեան ողջունեց Ազդակի առած այս քայլը իր գրչեղբօր յիշատակը թերթի յարկին տակ ամրագրելու առումով։
Համբիկ Մարտիրոսեան , իբրեւ գործընկեր խօսեցաւ լիբանանահայ գրողներու համախմբումի հիմնադրութեան մէջ Կիրակոսեանի ունեցած անշրջանցելի դերակատարութեան մասին։ Նշեց Արամ Սէփէթճեանի, Ժիրայր Դանիէլեանի, Շուշիկ Տասնապետեանի անունները ,որոնց հետ ինք եւ Սարգիս Կիրակոսեան ունեցած են բազմաթիւ գրական հանդիպումներ, կազմակերպած ձեռնարկներ եւ միասին մասնակցած գրողներու համահայկական տարբեր համագումարներու։
Համբիկ Մարտիրոսեան ընդգծեց Սարգիս կիրակոսեանի անուրանալի դերը Հայաստանի եւ Լիբանանի հայ գրողներու մերձեցման եւ համագործակցութեան աշխատանքներուն մէջ։
Անկէ ետք խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեանին դուստրը` դոկտ. Մեղրի Կիրակոսեան-Սարգիսեան, որ ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան` հօրը յիշատակին կատարուած այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար:
«Շաղզոյեան» կեդրոնը` ըլլայ «Բագին»-ի կամ «Ազդակ»-ի խմբագրատուներով, երկրորդ տուն էր հօրս համար: Նոյնիսկ ես մանկութեանս առաջին յիշատակները անցուցած եմ այս շէնքին մէջ: Տակաւին յստակ կը յիշեմ պրն. Սնապեանին եւ հայրիկիս համար սուրճ եփելու առաջին փորձերս, երբ աղջկաս` Գայեանէին հասակին էի:
«Արխիւային բաժինի նուիրումը հօրս յիշատակին առաւել եւս յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ներկայիս ընթացքի մէջ է մեծ աշխատանք մը` հօրս ամբողջ գրական եւ հրապարակագրական ժառանգութիւնը «Ազդակ»-ի արխիւէն հաւաքելու եւ գիրքերու շարքով հրատարակելու, խմբագրութեամբ մեր սիրելի Նորա Բարսեղեանին: Այս իմաստով այս անուանակոչումը ոչ միայն յարգանքի արտայայտութիւն մըն է, այլ նաեւ` ժամանակին համապատասխան ազնիւ քայլ մը, որ պիտի նպաստէ հօրս գրական ժառանգութիւնը արժանավայել կերպով փոխանցելու նոր սերունդներուն», ըսաւ դոկտ. Մեղրի Կիրակոսեան-Սարգիսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց սիրով ու նուիրումով կը պահպանեն Սարգիս Կիրակոսեանի անունն ու գործը:
Աւարտին կատարուեցաւ սենեակի ցուցանակի քողազերծում: