Կը գերանցե՞ նք ազգի ներկայի լեղին
01 Սեպտեմբեր 2025
Յ. Պալեան
Խաղաղութեան հաստատման ծամածռութիւններու հանդիսատես ենք, կ’աղմկենք եւ ծափ կու տանք:
Ֆրանսական ասութիւն մը կայ, որ կ’ըսէ՝ «օձեր կուլ տալ», «avaler des couleuvres»… որ կը նշանակէ հանդուրժել եւ ընդունիլ ամէն չարիք եւ անարդարութիւն: Կարծէք մեր ժողովուրդը օձեր կուլ տալու» դատապարտուած է, որպէսզի այս կամ այն ձեւով գոյութիւն պահէ: Կամ մեզ կը ստիպեն այդ ընել որպէսզի կարենանք ապրիլ:
Շաբաթներէ ի վեր բազմատեսակ լրատուամիջոցներ հայ ժողովուրդին օձեր կլլեցնելու մեծերու կազմակերպած թատրոն են: Հայերն ալ, բան գործ թողած, իրարու կը բացատրեն, թէ օձ կուլ տալ լա՞ւ է թէ՝ ոչ: Ամէնքն ալ, ձայնասփիւռով, համացանցով, «թապլէթ»-ային անսկիզբ եւ անվերջանալի թեր ու դէմ տեսակէտներու հանդէսներով կը վկայեն այն մասին, որ լա՞ւ է, թէ՞ վատ օձ կուլ տալ, կամ թէ ինչպէ՞ս պէտք է կուլ տալ օձերը, որպէսզի հայ ազգը եւ անոր հայրենիքը ունենան լաւ ապագայ, որ կը սահմանուի աննախադէպ խաղաղութեան եւ տնտեսական բարգաւաճան բազմերանգ խոստումներով: Այս երազային ապագային համար հայերուն կ’առաջարկուի, աւելի ճիշդ, անոնց կը պարտադրուի, «օձեր» կուլ տալ:
Այդ ընելով կը դարմանուի՞ պարտութիւններու եւ կորուստներու հոգեխոցը, կը վերականգնի՞ն հայրենիքը եւ անոր տէր ու ծառայ ըլլալու գիտակցութիւնը, կամքը եւ յանձնառութիւնը, Հայաստան Պետութեան, Հայաստան-Հայրենիքի եւ ամէն օր աճող եւ յար բազմանունայնացող Սփիւռք(ներ)ի մէջ:
Մամուլ, լրտուամիջոց, համացանց, բեմ են պարտութեան անհատնում թեր ու դէմ կրկնութիւն եղող վերլուծումներու եւ դատաստաններու, եթէ աճպարարւթեամբ պարտութիւը յաղթանակ չհամարուի: Համակարգիչի պատուհանը բազմահեռատեսիլային հանդէս է: Խօսափողներու առջեւ իրարու կը յաջորդեն լրագրողներ եւ եւ անոնց բանգէտ հիւրերը, պետական գործիչներ, երբեմն ալ զբօսաշրջիկ «հայրենասէրներ», որոնք մարգարէանալով, եղածը, չեղածը եւ ըլլալիքը կը ներկայացնեն: Յառաջդիմած ենք, ման կու գանք արդիականութեան ընծայած եւ տիւ ու գիշեր մեզի ընկերացող «թապլէթ» կոչուած շարժական հեռատեսիլով, օրն ի բուն կրնանք լսել եւ դիտել ամէնագէտները եւ անոնց վճիռները, կը սպասենք վերջին մարգարէին յայտնութիւնը:
Մինչեւ այսօր, երբ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» կ’ըսէի, կը հասկնայի «ՀԱՅՐԵՆԻՔ», մէկ եւ նոյն արեւին տակ եղած հայաշխարհը, ուր ապրած են նախահայրեր, պապ ու ապուպապ: Հիմա շուարումի մատնուած եմ, երբ թոռներս կողքիս կը նստեցնեմ, «Հայատան» եւ «Հայոց Պատմութիւն» կը խօսիմ: Չեմ գիտեր անոնց ինչպէ՞ս բացատրել «ԻՐԱԿԱՆ ԵՒ Ո՛Չ ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆԵՐԸ»: Կը յիշեմ, օդանաւին մէջ ըսուած, արտագաղթող հայ մօր խօսքը, ուղղուած իր անչափահաս զաւկին. «Քեզ նոր հայրենիքդ կը տանիմ»: Կարծէք հայրենիքը շոր է եւ զայն երբեմն կրնանք փոխել:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հրապարակած է այն միտքը, որ կայ «իրական Հայաստան»-ը եւ վերջ: Միթէ՞ կայ, կա՞ր, անիրական եւ հէքիաթային Հայաստան մըն ալ: Այս հաստատումի հետեւութեամբ, ենթադրե՞նք, որ տեղ մը կայ ոչ-իրական Հայաստան մըն ալ: Ո՞ւր եղած է եւ է, այդ երեւակայական երկիրը: Ան «Քաջ Նազար»-ի առասպե՞լ է, թէ պատմութեան մէջ արձանագրուած իրողութեան եւ իրաւունքի վկայութիւն, նախահայրերու ինքնաիրականացման աշխարհը, ուր անոնք ապրած են, զայն դրոշմած են կեանքով, որ պատմութիւն է, մշակոյթ եւ կենցաղ, ուր եղած են հայկական թագաւորութիւններ, յայտնուած են աննիւթական արժէքներ, մշակոյթ եւ արարումներ, իրաւունք դաջած են աշխարհագրութեան եւ ժամանակին:
Եթէ հետեւինք ժամանակակից գիտութեան ընծայած բազմաբնոյթ միջոցներով հրապարակուող եւ որպէս հայկական ներկայացող լրատուամիջոցներուն, անոնք ըլլան խօսք թէ պատկեր, շուարումի կը մատնուինք ի տես եւ ի լուր իրերամերժութեան եւ «սեւացրէք»-ի բաց եւ անդուռ հանդէսներու, ուր կը բեմադրուին զիրար հակասող (ան)ճշմարտութիւնները:
Նախահայրերէն ժառանգուած հայոց հայրենիք Հայաստանէն մնացած է վերջին բեկոր տարածք մը, զոր կը կոչենք Հայաստանի Հանրապետութիւն, զոր պէտք է ապրեցնել եւ պաշտպանել: Բայց այս պատճա՞ռ է, որ ուրացուին հայ ժողովուրդի անցած ուղին, «Հայոց պատմութիւն»-ը, Հողը, ուր ստեղծուած է ինքնութիւն, Մեսրոպով, Անիով, Աղթամարով, Արարատով, Գրիգոր Լուսաւորիչով, սուրբերով, գուսաններով, առասպելներով, Նարեկացիով, Սասունցի Դաւիթով: Պարտուածի եւ ընկեցիկի լքման հոգեբանութեամբ պէտք չէ ՀԱՅԱՍՏԱՆ իրողութիւն-իրաւունքի ուրացումը քաղաքականութիւն համարել եւ ստրկացումը՝ դարեր ապրած ազգի ներկայ եւ ապագայ, նոյնիսկ եթէ այդ ստրկացումը, ինքնախաբէութեամբ որպէս այդ չի ներկայանար, որպէս այդ չենք ընդունիր:
Հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան ենթահող երկիրը համաշխարհային պատմութեան մէջ արձանագրուած ծանօթ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ARMENIA տարածքը հայ ժողովուրդի երկիրն է, հոն արձանագրուած է ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը, երբ չկային ո՛չ Թուրքիա եւ ո՛չ Ատրպէյճան: Այս ճշմարտութեան առջեւ պէսք է կանգնեցնել բոլոր անոնք, որոնք չես գիտեր վասն ո՞ր արդարութեան, Հայոց Հայրենիքի մասնատումը ընդունած են եւ կը շարունակեն մասնատել, մենք ալ մենք մեզ կը համոզենք, որ հայրենիք պահելու եւ ունենալու քաղաքականութիւն կը խաղանք:
:
Նախահայրերէն ժառանգուած հայոց հայրենիք Հայաստանէն մնացած վերջին բեկոր տարածքը կը կոչենք Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ կը հրաժարինք նախահայրերու նիւթական եւ հոգեմտաւոր ժառանգութենէն: Եթէ հետեւինք ժամանակակից գիտութեան ընծայած բազմաբնոյթ միջոցներով հրապարակուող եւ որպէս հայկական ներկայացող տեղեկատուական աղմուկին, ան ըլլայ խօսք թէ պատկեր, շուարումի կը մատնուինք ի տես եւ ի լուր իրերամերժութեան եւ «սեւացրէք»ի բաց եւ անդուռ հանդէսներու, որոնք կը բեմադրեն իրենց զիրար հակասող (ան)ճշմարտութիւնները:
Նախահայրերէն ժառանգուած հայոց հայրենիք Հայաստանէն մնացած է վերջին բեկոր տարածք մը կայ, զոր կը կոչենք Հայաստանի Հանրապետութիւն: Եւ ինքնամխիթարութեան համար, չմնալու համար պարտութան եւ կորուստի առթած հոգեխոցիեւ ընկճուածութեան ընթարմացման մէջ, ինքնախաբէութեամբ, ԲԵԿՈՐԸ կը կոչենք ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, զայն կ’ընդունինք որպէս շնորհուած տեսակ մը մխիթարական պարգեւ, անորոշ ապագայով երկիր մը, քանի որ Պաքուի համար միշտ օրակարգ է Արեւմտեան Ատրպէյճանը եւ Հայաստանէն հեռացած Ատրպէյճանցիներու վերադարձը, որպէսզի Իրական Հայաստանը նուաճէ խաղաղութիւն՝ դառնալով «Ատրպէյճան»:
Փակագիծ. կը խօսուի՞, կը խօսի՞նք Պաքուի եւ Արցախի հայերու վերադարձի եւ իրաւունքներու մասին: Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութիւն կերտող «պիզնեսնագէտ» նախագահը ե՞րբ պիտի խօսի հայ ազգի եւ հայրենահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքի մասին: Ան օր մը ըսաւ ԵՂԵՌՆ: Պիտի ըսէ՞, թէ ինչ կայ բառին տակ եւ մէջ:
Կը յիշեցնեմ, որ Ամերիկայի ներկայ նախագահի նախորդներէն նախագահ Հարոլտ Ուիլսըն արդարութեան հիմունքներով գծած էր Հայաստանի քարտէսը, որպէսզի հայերը չմնան հայրենահանուած եւ ցեղասպանութեան խոցը դարմանուի, բարոյականութեան հիմերու արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատուին:
Մարդկութիւնը, բաց ճակատով պիտի ըսէ՞, թէ կը մերժէ ֆրանսացի բանաստեղծ առակագիր Ժան տը Լաֆոնթէնի յոռետեսական դառն իմաստութիւնը, որ «զօրաւորին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է»:
Ուրիշ ֆրանսացի իմաստուն մը ըսած է, որ «գիտութիւնը առանց բարոյական ըմբռնումի հոգիի աւերակ է»: Այսօր ժողովուրդի մը ինքնութիւն եւ իրաւունք «բիզնես» անմիջականին կը զոհուին:
Ֆրանսական Յեղափոխութեան օրերուն, կառաբնատ տարուած Տիկին Րոլան, ըսած էր. «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, ի՜նչ ոճիրներ կը գործուին քու անունովդ»… Ըսե՞նք, «Ո՜վ պիզնես», քեզի համար կը զոհուին, ինչ որ բարբաջելով կը կոչեն իրաւունք եւ արդարութիւն…
«ԱԶԳ եւ ՀԱՅ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ այսօր կենսական է վերականգնել Ո՛Չ ԸՍԵԼՈՒ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆԸ», որպէսզի հայը չսրբուի պատմութեան բեմէն:
Ի՞նչ պիտի պատմեմ թոռներուս իրենց ո՛չ թէ իրական հայրենիքի մասին, այլ՝ իրաւ հայրենիքի, որ չըլլայ հէքիաթ, շաբաթավերջի երգ, պար ու խորոված, ըլլայ առանց նոր հայրենիքներով չփոխարինուող հարազատը, որպէսզի մենք ըլլանք մենք, ըլլանք անխարդախ շարունակութիւն, չդատապարտուինք ըլլալու բազմապատկուող անհայրենիքներու շարքին մոլորակին վրայ ասդին անդին սփռուած համայնքներ:
Իսկ համայնքը ազգ չէ, այլ՝ ազգի մնացորդ, որուն յիշողութիւնը կը նօսրանայ եւ անոր բովանդակութիւնը աստիճանաբար կը փոխարինուի այլ նորով: Այս ուղիի վերջին կը յայտնուի «ծագումով հայ» նոր քաղաքացին, որ ժամանակ մըն ալ ինքզինք կոչէ «աշխարհաքաղաքացի»: Այդպէս յառաջած են պատմութեան գիրքերու մէջ յիշուող անլեզու եւ անհայրենիք դարձած «մեռած ազգ»երը:
Կունենա՞նք գահավիժումը կասեցնող ազգային գաղափարախօսութիւն, զայն կենսագործող իրա՛ւ առաջնորդութիւն, որ ինք թմբիրէ արթննայ, արթնցնէ ժողովուրդը եւ զայն միացնէ:
Իրենց եսերով փքուած ղորմելիներ այս կարգի միտքերուն համար կ’ըսեն, որ անոնք «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած են»:
«Հայրենիք»