ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

«Միասնութեան հանրահաւաք»ին հորիզոնները

02 Սեպտեմբեր 2025

Սարգիս Մահսէրէճեան

2 Սեպտեմբերին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած «Միասնութեան հանրահաւաք»ը եթէ անմիջականօրէն իբրեւ կիզակէտ ունի Արցախի հարցը՝ արցախցիներու ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ վերահաստատումը, արդար է որ զայն դիտենք եւ հրապարակ ուղղուինք – նաեւ հեռուէն՝ աչքով ու ականջով – շատ աւելի լայնածիր դիտարկումով, սկսելու համար՝ Արցախի իրաւունքները հիմ ու մեկնակէտ ընդունինք իբրեւ ամբողջ հայութեան բոլո՛ր իրաւունքները: Կարճ խօսքով, սա պէտք է ըլլայ այն յեղափոխութիւնը, որուն կոչ ուղղեց… Նիկոլ Փաշինեան, քանի մը օր առաջ, երբ յայտարարեց, որ եթէ իր տնօրինումները ընդունելի չեն, ժողովուրդը պէտք է յեղափոխութիւն ընէ, իսկ երբ չ’ըներ, կը նշանակէ, թէ իր ուղեգիծը կ’ընդունի:

Հանրահաւաքին յայտարարուած անմիջական նպատակները գաղտնիք չեն: Առաջին հերթին՝ արցախցներու տունդարձի իրաւունքը՝ իր բոլոր բաղադրիչներով, ապա նաեւ մերժում՝ Հայաստանի համար վնասարար բոլոր որոշումներուն ու ծրագիրներուն, որոնք իշխանութիւններուն կողմէ փաստօրէն կը հրամցուին (իբրեւ թէ) խաղաղութեան ճամբուն վրայ ձեռքբերումներ: Իսկ երբ կ’ըսենք «բոլոր բաղադրիչներով», անպայման որ ցանկին վրայ է Պաքուի մէջ խամաճիկ դատավարութեան ենթարկուողները, մշակութային ժառանգութեանց փոշիացումն ու շատ ու շատ բան:

Աւելորդ է կրկին ու կրկին ցանկագրելը, թէ թուրք-ազերիին ծրագիրներուն գործակատարը դարձած ՔՊ-ապետն ու իր վարչակազմը ինչպիսի՜ նահանջներ արձանագրած են քաղաքական, դիւանագիտական, ապահովութեան, տնտեսական եւ տակաւին՝ երկրի մը կեանքն ու ապագան ապահովող բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Պէտք չունինք մասնաւորելու Հայ Դատին ու Սփիւռքի հետ կապերուն տրուած հարուածները, որոնք նմանապէս ահաւոր վնասներ պատճառած են մեր ազգին: Հապա Եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծուած բազմաճիւղ արշաւնե՞րը (կաթողիկոսի փոխարինման դաւեր, կրօնական առաջնորդներու եւ ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ կողքին կանգնողներու դէմ հալածանքներ…), որոնք նմանապէս ջուր կը խմեն թուրք-ազերիական յանձնարարութիւններէ, պահանջներէ, պարտադրանքներէ՛: Անմիջապէս նշենք, որ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւները, որոնք քանի մը շաբաթէ ի վեր սառնարան դրուած էին, վերստին շարժման մէջ մտնելու ազդանշանը ստացան քանի մը օր առաջ, նոյնինքն ՔՊ-ապետին սպառնական ծանօթ յայտարարութեամբ: Ու զանգուածի ուշադրութենէն հեռու կը պահուի յետին դիտաւորութիւնը, հարցը կը հրամցուի ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ մակարդակին վրայ, մինչդեռ Եկեղեցին, իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ, սասանման սպառնալիքի տակ է, շնորհիւ… թշնամիէն եկած թելադրանքներու:

Այս ու տագնապալի եւ օրհասական նման վիճակներու հեռադիտակով պէտք է նայինք 2 Սեպտեմբերի հաւաքին, յիշելով ու շեշտելով, որ Արցախի կորուստը ծանր հարուած էր ո՛չ միայն Հայաստանի պաշտպանութեան դիտանկիւնէն, այլ նաեւ Սփիւռքի համար: Չմոռնանք, որ անցեալ շուրջ 30 տարիներուն, Սփիւռքը եւս անհաշուելի նպաստ բերաւ Արցախի հանրապետութեան ամրակայման, անձնական մարզին մէջ եւ պետական ծրագիրներու իրականացման ճամբով (հարցը չենք դիտեր լոկ նիւթական նպաստներու-հաշիւներու ակնոցով): Այս լայնածիր պատկերին մէջ, պէտք չունինք ըսելու, որ սնանկ են այն թրքամիտները, որոնք կը ժպրհին ըսել, թէ Արցախը բեռ էր, խաղաղութեան ճամբուն վրայ՝ խոչընդոտ, ուրեմն, անոր մասին խօսիլը կը վտանգէ խաղաղութեան երթը: Բայց քանի՞ անգամ պէտք է փաստուի, որ նման «տրամաբանութիւն» լիովին կը համապատասխանէ թշմանիին տեսակէտներուն…

ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԸ

Հանրահաւաքին տրուած խորագիրը՝ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆը, դիպուկ բնութագրում է:

Նախօրեակին, ի՞նչ է արձագանգներուն պատկերը:

Չենք բաւականանար աչքի առջեւ բերելով միայն կոչէն ետք հնչած դրական արձագանգները, այլ ի մտի ունինք բոլոր այն կեցուածքներն ու արդար պահանջերը, որոնք հայրենի եւ սփիւռքեան հրապարակները ողողած են առնուազն Արցախի վերջնական հայաթափումէն ասդին, առանց անտեսելու նախընթաց փուլերը՝ վերջին աւելի քան եօթուկէս տարիներուն: Առանց մանրամասն թուարկում կատարելու, կը տեսնենք, որ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն կողքին են Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրները, դիւանագէտներ, քաղաքական տարբեր միաւորներ ու հեղինակաւոր դէմքեր (բոլորն ալ բանգէտ մարդիկ), տնտեսագէտներ, պաշպանութեան մասնագէտներ եւ, մէկ խօսքով, ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՍԿԱՊԷՍ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ կամք ունեցողները: Բանտարկուած Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարած՝ «Մեր ձեւով» շարժումն ալ, որ ճամբայ ելած է կուսակցութիւն դառնալու նպատակով, տարբեր հայեցակէտ չունի եւ, դրական կէտ՝ անոր համախոհ են իրա՛ւ ընդդիմադիրները:

Ահա թէ ի՛նչ իմաստ կը ստանայ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆը: Անգամ մը եւս կը կազմուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏի մը նախագիծը, կը մնայ որ հանրահաւաքը չմնայ պահանջատիրութեան միօրեայ դրուագ, այլ պահանջատէր եւ հայրենապաշտպան բոլոր միաւորները՝ կուսակցութիւն, քաղաքական խմբաւորումներ, մտաւորականներ, զինուորականներ եւ դիւանագէտներ շուտով ի մի խմբուին ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԶՄԱՃԻՒՂ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐի մը շուրջ եւ գործի անցնին ձեռք-ձեռքի տուած: Այդ ծրագիրը կրնայ մինչեւ իսկ դառնալ… կոճատներու միջեւ դաշնութիւն ստեղծող տարազ մը, նման բազմաթիւ այլ երկիրներու, ուր անհաշտ հակադիրներ, գաղափարական տարբեր բեւեռներ համախմբող միաւորներ՝ հասարակ յայտարարի մը վրայ կը միանան համախոհական կառավարութիւն կազմելով (քոալիսիոն):
Վերահաս ծանր վտանգներու լոյսին տակ՝ ամէնէն սուր մրցակիցները ժամանակաւորապէս մէկդի կը թողուն տարակարծութիւն ու հակամարտութիւն, կը լծուին ԵՐԿԻՐ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՓՐԿԵԼՈՒ ազնուագոյն առաքելութեան: Սա հեքիաթ չէ, եթէ դիտենք մեր չորս բոլորը, կրնանք տեսնել բազմաթիւ ապրող օրինակներ: Իսկ վտանգին շրջանցումնէ ետք, քաղաքական մրցակցութիւնները ժողովրդավարութեան ամէնէն պերճախօս դրսեւորումներն են, ի հակադրութիւն մենատիրական-միակուսակցական դրութիւններու:

Սփիւռքը եւս հրաւիրուած է վեր կանգնելու ձեռնածալ եւ հետեւող-հանդիսատեսի աթոռէն: Արցախի իրողական կորուստէն ետք, Հայաստանը՝ ի՛նք, հիմա ինկած է նոյն ճակատագիրին մատնուելու վիճակին, իսկ Հայաստանի կորուստը (կրնայ իրականանալ մաս առ մաս, առաջին գործնական քայլը եղաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին զիչումը) բազմաթիւ գամեր պիտի մատակարարէ Սփիւռքի դագաղին, իբրեւ յաւելում՝ Սփիւռքին սպառնացող բազում այլ վտանգներու: Եւ առաջին անգամը չէ, որ Սփիւռքը գործնապէս եւ ազդիւ կերպով կանգնած է ՀԱՅՐԵՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ կողքին, դատապարտած՝ իշխանաւորներու սխալ ընթացքը:

Անտարբերութիւնը, «այսինչը չեմ հաւնիր»ները կամ «մենք քաղաքականութեան հետ գործ չունինք»ները այլեւս ընդունելի չեն. պէտք է թօթափել իշխանաւորներուն տխմարացնող եւ ինքնասպանութեան տանող քարոզչութեան ներգործութիւնը:

ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ներքին միասնութիւնը գործի դաշտ փոխադրելու հրամայանակը շատ այժմէական է, եւ պէտք չունի սպասելու յառաջիկայ տարուան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն (պէ՞տք է կրկին ահազանգել, որ մինչեւ ընտրութիւններ՝ Հայաստանն ու հայկական աշխարհը կրնան նոր կորուստներու տարուիլ այս գործակալներուն ձեռքով, ինչպէս եղաւ վերջին տարիներուն, ինչպէս կ’ըլլայ հիմա): Նոյնքան հրամայական է աչքերը դարձնել մեր երկրի եւ կովկասեան տարածքի սահմաններէն անդին, ՃԻՇԴ ԿԱՐԴԱԼՈՒ համար աշխարհասասան դէպքերէն հնչող ահազանգերն ու… դրական նախանշանները:

Չի բաւեր հականեխիչներ ապահովել Երեւանի իշխանաւորներու ստապատիր եւ այլասերող քարոզչութեան դէմ, այլ նաեւ ականջները լայն բանալ այն իրական սպառնալիքներուն եւ մարտակոչերուն դիմաց, որոնք ամէն օր կը հնչեն Ազրպէյճանէն ու Թուրքիայէն, այն Ազրպէյճանէն՝ որուն հետ ամերիկեան իրաւարարութեամբ համաձայնագիր մը նախաստորագրուեցաւ ճի՛շդ երեք շաբաթ առաջ: Աչքերն ու ականջները պէտք է բաց պահել նաեւ մեր դրացիներու, Միջին Արեւելի, Եւրոպայի, մինչեւ իսկ Ծայրագոյն Արեւելքի իրադարձութիւններուն, մրցակցութիւններու, շահակցական գործընթացներու եւ նման բաներու դիմաց: Լսելն ու դիտելը, ճիշդ գնահատումներ կատարելը կենսական կարեւորութիւն ունին, ՃԻՇԴ ԳՈՐԾԵԼԸ աւելի մեծ հրամայական է: Հայաստան ու մեր ազգը չեն տառապիր ճիշդ դիտարկողներու եւ գործողներու սովէ: Սովաբեր ՔՊ-ականներու վտարումը առաջին քայլն է հազար մղոն տաժանելի ճամբուն վրայ:

Մէկ խօսքով, կրկնենք, 2 Սեպտեմբերի հաւաքը պէտք է դիտենք լայնահորիզոն գործընթացի մը շրջագիծին մէջ, անկէ պէտք է յառաջացնել հայրենիքի փրկութեան նոր յեղափոխութեան մը ալիքը, իսկ յեղափոխութիւն չի նշանակեր (ինչպէս որ կը պատկերանայ փաշինեանական նեխած ուղեներուն մէջ) միայն «թօփ-թիւֆէնկ»ով պայքար: Յեղափոխութիւնը իսկական պատասխան մը պիտի ըլլայ ՔՊ-ականներու պարտուողականութեան, փոխընտրանք մը՝ թշնամիին ամէն բան տալու «քաղաքականութեան»: Ամէն բանէ առաջ, անիկա զերծ պէտք է պահել ներքին խռովութիւններէ, որուն մէջ պատրաստ են երկիրը նետելու այս իշխանականները (քանիցս բիրտ յարձակումներ գործեցին ցուցարարներու եւ բողոքի ձայն բարձրացնողներու վրայ):

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ…

…որ կարելի է արձանագրել իբրեւ յետգրութիւն: Միջազգային լրատու աղբիւրներ այսօր, 29 Օգոստոսին, լուսարձակի տակ բերին ուշագրաւ լուր մը. Թայլէնտի վարչապետուհին՝ Փաէթոնկթառն Շինաուաթրա պաշտօնազուրկ հռչակուած է երկրի Գերագոյն դատարանին որոշումով (ան երկու ամիս առաջ կախակայուած էր), որովհետեւ քննութիւնները ի յայտ բերած են, որ ան անհարկի եւ չափէն աւելի զիչումներ ըրած է դրացի երկրին՝ Քամպոտիոյ վարիչներու պահանջներուն առջեւ: Սա վերջին 17 տարիներուն նոյն դատարանին որոշումով պաշտօնազրկուող 5-րդ վարչապետն է, երեքը՝ նոյն ընտանիքէն: Պաշտօնազրկեալը յայտարարեր է, որ կը յարգէ դատարանին որոշումը, թէեւ ըսեր է, որ ինք անձնական շահ չունէր, այլ երկրի շահերուն ի խնդիր գործած էր…

Ուրե՜մն, աշխարհի վրայ կան երկիրներ, ուր դատարան մը կրնայ ԳՈՐԾԱԴԻՐԷՆ անկախ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵԼ: ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան կ’ըսէ. «Կառավարութիւնը ես եմ», ու իրեն չենթարկուող նախարար կամ պաշտօնատար կամայական կերպով տուն կը ղրկէ (հեռացողն ալ քիչ ետք կը սկսի իր նախկին պետին անհաճոյ ճշմարտութիւններ բացայայտել): Նոյն արարածը կ’ըսէ, թէ Հայաստանի մէջ չկայ դատաւոր մը, որ իր կամքին հակառակ վճիռ տայ: Ան ոստիկանապետ է, բանակի հրամանատար, տնտեսագէտ, կրթական բաներէ հասկցող, ճարտարապետ, մինչեւ իսկ աչքը դրած է… կաթողիկոսական գահին (չմոռնանք ուսապարկապետի հանգամանքը): Իրաւամբ կարելի է հարց տալ. «Ապազգային համայնավարները որո՞ւ շունն էին…» (կը յիշէ՞ք Փաշինեանի՝ նոյն բառերով յոխորտանքը՝ «Քովիտ»ի տարածման օրերուն):

Եզակի վիճա՞կ: Ո՛չ: Իր նոր պոսերէն մէկը՝ Թրամփ եւս կը գործէ նոյն կամայականութեամբ, ինքնագլուխ, չնաշխարհիկ հրամանագիրներ կը ստորագրէ, գործէ չհասկցողներ նախարար կը նշանակէ, զինք ամենայն սրտով պաշտպանողներ մէկ օրէն միւսը «կը ծախէ»: (Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձէն առաջ, Երեւանի իշխանաւորները շաքար-մեղր էին Պայտընի վարչախումբին հետ, հիմա Սիւնիքէն «երիզ» մը կը յանձնեն Թրամփին):

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company