Խմբագրական. Ինքնորոշման Իրաւունքի Առանցքային Սկզբունքով
02 Սեպտեմբեր 2025
(Արցախի Անկախութեան Օրուան Առիթով)
Ներկայ պահու դրութեամբ, երբ Երեւանը ընդհանրապէս փակած է արցախեան հակամարտութեան էջը եւ կը նախապատրաստուի փոխել Սահմանադրութիւնը, հասարակական գետնի վրայ անհրաժեշտութիւնը կը ծագի Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջադրանքով տարուող աշխատանքներու համակարգումը կատարելու եւ գործողութիւններու նոր ծրագիր մշակելու:
Արցախեան հակամարտութեան էջը բաց պահելու համար պէտք է վերադառնալ բանակցային փիլիսոփայութեան առանցքային կէտին` ինքնորոշման իրաւունքին: Պատահական չէր, որ Պաքուին համար առաջնային առաջադրանք է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը: Այնտեղ մնայուն յղում կար հելսինքեան եզրափակիչ աքթին, ընդ որում` ինքնորոշման իրաւունքին:
Որեմն ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքի արծարծումը պէտք է վերադարձնել քարոզչաքաղաքական դաշտ եւ ամէն պահանջ կամ աշխատանքային թիրախային ծրագիր մշակել անպայման այս սկզբունքի աներերութեան վրայ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը չի նշանակեր չեղարկում միջազգային այս սկզբունքին, որուն հիման վրայ պէտք է վերստին արծարծուի Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրը:
Այդ իրաւունքները քանի մը ուղղութիւն ունին այժմէական կարգով:
1.- Արցախի ռազմագերիներու եւ առեւանգուած ու պատանդառուած ղեկավարութեան ազատ արձակում:
2.- Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի միջազգային երաշխաւորութեան նոր գործիքակազմերու ճշդում:
3.- Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջազգային երաշխիքներու եւ ներգրաւուածութեան գործիքակազմերու ճշդում:
Այստեղ աւելի քան հրամայական է Արցախի պետական հաստատութիւններու պահպանումը: Արցախի Հանրապետութեան լուծարման հրամանագիրը չեղարկուած է: Արցախի խորհրդարանը, ըստ Արցախի Սահմանադրութեան, իրաւական եղանակները գտած է իր ընտրած ղեկավարութեան օրինականութիւնը պահպանելու:
Արցախի պետութեան ներկայացուցչութիւնը ուրեմն, դարձեալ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ, ինքնորոշուած Արցախի ժողովուրդի կամքով ընտրուած եւ օրինականութիւն վայելող մարմին է, որ լիազօրութիւն ունի Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան հետամուտ ըլլալու:
Այս իրաւունքի ընդգծումը չի բացատրուիր միայն այն իրականութեամբ, որ Երեւանը հրաժարած է Արցախի իրաւունքներու վերականգնման առաջադրանքներէն, այլ կ՛ապահովէ Արցախի պետութեան ներկայացուցիչներուն ճանաչում Արցախի իրաւունքները հետապնդելու:
Ահա այստեղ է, որ Արցախի պետութեան ներկայացուցչութիւնը եւ սփիւռքեան հասարակական կազմակերպութիւնները պիտի գերլարեն իրենց ճիգերը` առաջնահերթութիւններով նշուած ուղղութիւններուն ընդառաջ աշխատելու:
Զուիցերիոյ խորհրդարանին մէջ եղած աշխատանքները որոշ նախադրեալներ ապահովեցին այս առումով: Ճիշդ է, որ ճանապարհը բարդ է եւ միշտ չէ, որ անմիջական արդիւնքներ պիտի գրանցուին: Մանաւանդ որ Երեւանը յայտարարած է, որ չունի նման առաջադրանքներ, իսկ Պաքուն պիտի փորձէ տապալել բոլոր փորձերը, մանաւանդ առոչինչ յայտարարելու ինքնորոշման իրաւունքը:
Ինքնորոշումը ամէն բանէ առաջ Արցախի պետութեան ներկայացուցիչներու ճանաչումին սատարող միջազգային սկզբունք է. իսկ ինքնորոշուած Արցախի ներկայացուցիչները սփիւռքի օժանդակութեամբ քայլ առ քայլ պիտի երթան Արցախի եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումը առաջադրող ճանապարհէն: Ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման պահանջներով:
Ազդակ