Սահման Խախտելը Արդարացում Չունի
20 Սեպտեմբեր 2025
Ս. Մահսէրէճեան
Աշխարհի լրատու աղբիւրները՝ Եւրոպայէն մինչեւ ամերիկեան ու ծայրագոյն արեւելեան երկիրներ, Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբերին, ահազանգերու երգչախումբ հնչեցուցին, յայտարարելով, որ ռուսական երեք օդանաւեր խախտած են Էսթոնիոյ օդային սահմանները, հաւաստեցին, որ դէպքը պատահած է Պալթիկ ծովու Ֆինլանտա ծովածոցի գօտիին մէջ, Վայնտլու կղզիին վերեւ: Ռուսական օդանաւերը 12 վայրկեան մնացած են էսթոնական օդային տարածութեան մէջ, ու ետ մղուած՝ ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական միջոցներուն կողմէ:
Արեւմտեան աշխարհը տակն ու վրայ եղաւ. ՆԱԹՕ-ն, Եւրոպական միութիւնն ու անհատ երկիրներ ամենածանր մեղադրանքները ուղղեցին Ռուսիոյ, «չափազանց ծանր ոտնձգութիւն» որակեցին եղածը, յիշեցուցին, որ վերջին շրջանին, ռուսական օդուժը նման թափանցումներ ըրած էր Լեհաստանի եւ Ռումանիոյ օդային սահմաններէն ներս, սպառնացին յարմար ձեւերով հակադարձել:
Ռուսիա հերքեց լուրը, իր կարգին հաւաստելով, որ իր օդանաւերը թռիչք կատարած են միջազգային օդային տարածութեան մէջ, որեւէ դրացիի սահման չեն խախտած:
***
Ստեղծուած աղմուկը կրնայ շարունակուիլ քանի մը օր:
Մտահոգութիւնները, բարձրացած աղմուկը տեղի՞ն են: Բնականաբար այո, մանաւանդ եթէ հաստատուի թափանցումի մեղադրանքը: Ի վերջոյ, սա Ուքրայինայի պատերազմին մէկ լուսանցքն է: Որեւէ երկիր իրաւունք չունի խախտելու, անտեսելու կամ ոտնակոխ ընելու ուրիշին սահմանները: Վերջակէտ: Բա՜յց…
Բայց որքա՞ն աղմուկ պէտք է բարձրանայ, աղմուկը մինչեւ լուսի՞ն, Հրա՞տ, Նեպտո՞ն ու Պղուտո՞ն պէտք է հասնի՝ ի տես այն մահասփիւռ խախտումներուն, որոնք կը կատարուին իսրայէլեան օդուժին կողմէ, յարատե՛ւօրէն Կազայի, պարբերաբար Լիբանանի, Սուրիոյ, Եմէնի, նա՛եւ Իրանի ու Քաթարի սահմաններէն ներս: Նոյնը՝ Թուրքիոյ կողմէ դրացիներու սահմաններուն խախտումին պարագային, ու չմոռնանք, որ Թուրքիա, իր «փոքր եղբօր»՝ Ատրպէյճանի ձեռքով, մասնակից է նա՛եւ Արցախի բռնագրաւման ու Հայաստանէն հողամասերու գրաւման:
Խախտողը արդարացում չունի՛: Աղմկարարները իրաւունք չունին լռութիւն պահելու, եթէ սահման խախտողը «իրենց մարդն է»:
***
Ի՞նչ կը պատահի Երեւանի մէջ:
Հայաստանի վերանկախացման 34-րդ տարեդարձի նախօրեակին՝ Արցախի ամբողջական բռնագրաւման եւ բնակչութեան բռնագաղթին երկրորդ տարեդարձը կը յիշատակուի Եռաբլուրի մէջ. հայրենասէրներ եւ հայրենապաշտպաններ գլուխ կը խոնարհեցնեն նահատակներուն յիշատակին, կը վերահաստատեն Արցախին եւ մեր բոլոր իրաւունքներուն տիրութեան յանձնառութիւնը, ո՛ւխտը:
Պետական կոչուած արարածները Եռաբլուրի մէջ կը փայլին իրենց… բացակայութեամբ, իրենց քմայքներուն ծառայողներու մրցանակներ կը բաշխեն լիաբուռն, միաժամանակ՝ պատուիրակ կը ղրկեն Պաքու, ո՛չ մէկ յիշատակում ընելով Արցախի, Հայաստանի կորուստներուն, պատուիրկութիւնը հիւրընկալո՜ղ քաղաքին մէջ իսկ շարունակուող շինծու դատավարութեան մասին, ասդին, Երեւանի մէջ, շինծու դատավարութիւններ (Պաքուի հետ բացայայտ համակարգումով) կը շարունակուին՝ հայրենադաւ իշխանութիւնները արդա՛րօրէն քննադատող ու անոնցմէ հաշիւ պահանջող փաղանգի մը դէմ:
Անդին, քուլիսներու մէջ, յայտնապէս (եւ ինչպէս այս արարածներուն սովորութիւնն է՝ գա՛ղտնաբար) ծրագիրներ կը մշակուին, ճշդելու՝ թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրենց տրուած «տնային պարտականութիւնները» ինչպէ՞ս պիտի գերակատարեն (կը յիշէ՞ք խորհրդայիններու օրով գործածուած այս բառը), գոհացում տալու համար թշնամիին անհատնում պահանջներուն: Լիահագագ քարոզչութիւն կը տանին, ազգը համոզելու, որ «խաղաղութիւնը հասած է Հայաստան» (Կաղանդ պապուկին ժամանումէն աւելի քան 3 ամիս առաջ), կը թելադրեն չհաւատալ թուրքին ու ազերիին ըսածներուն, թէ՝ «Զանգեզուրի միջանցքը» մեծ չափով կերտուած կը համարուի ու անիկա պիտի ըլլայ թուրանական աշխարհի երազին իրականացման կարեւոր մէկ օղակը:
…Հարց է, թէ տակաւին կա՞ն բթացեալներ, որոնք կը հաւատան նման յերիւրանքներու (ձգենք, որ մանուկները մնան իրենց անմեղութեան մէջ եւ սպասեն հրաշալի՜ կաղանդ պապուկին, որ իսկական նուէրներ կը խոստանայ իրենց):