Մեզ կը միաւորէ ինչ որ բաժնեց
20 Սեպտեմբեր 2025
Բառախաղ չէ։ Մեզ՝ հայերուս ի՛նչը բաժնեց։
Մեզ բաժնեցին թշնամիները, հուրով-սուրով երկիրը բաժան-բաժան ըրին։ Պատերազմները, բռնագաղթը, կոտորածն ու վերջապէս ցեղասպանութիւնը՝ մարդոց կոտորելով, հայրենազրկելով, հարկադիր կրօնափոխ ընելով, մայրենի լեզուն արգիլելով, հայրենիք վերադարձը չթոյլատրելով, մատնիչ եւ դաւաճան դարձնելով բաժնեցին։
Հազարամեակներ հայը իր հայրենիքին մէջ ենթարկուեցաւ հարկադիր բաժանարարութեան, երբ չկարողացաւ իր կայքը, իր հողը, երկիրը, պետութիւնը պաշտպանել։
Այս ամբողջ եղելոյթը մէկ բառով կը բնորոշէ հայը՝ ԶՈՒԼՈ՛ՒՄ։
Կը նշանակէ՝ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆ, պարտադրուած եւ զինու ուժով զրահուած։
Պատմութեան երկայնքին որքան ալ երկարաձգուեցաւ պարտադրիր անարդարութիւնը, սերունդէ սերունդ հայ մարդը չհաշտուեցաւ անոր հետ, որովհետեւ անարդարութեամբ իր եւ իր սերունդներու գոյութեան իրաւունքը կ’ոտնակոխուէր, կենցաղը կ’այլասերուէր, պատմական երթը կը խեղաթիւրուէր։
Ոչ ոք կրնայ ըսել որ հայը առիթ տուած է զուլումին, անարդարութեան․ այսինքն՝ ինք գրգռած, սադրած է հարեւան թէ հեռաւոր ժողովուրդներ, ազգեր, պետութիւններ, որ իր վրայ յարձակին եւ բռնադատեն զինք։
Հայուն մեղքը եղած է այն՝ որ յաճախ չէ կրցած պատշաճ պաշտպանութիւն կազմակերպել եւ հակադրուիլ յարձակող թշնամիին, տարհամոզել թշնամին՝ որ խաղաղ գոյակցիլն աւելի շահաւէտ է, քան չկշռադատուած հետեւանքներով թշնամութիւնը։
Վերադառնալով վերնագրին՝ կ’ըսենք․ մեզ բաժնած պատմական ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐՆ Է որ կը միաւորէ մեզ․ առնուազն՝ տրամաբանօրէն, տեսականօրէն։
Հակառակ պետականութեան երկարատեւ կորուստին, օտարի ստրկական լուծին, երկրի ու ժողովուրդի բոլոր սրբութիւններու տեւական անարգումին, ճնշումներուն եւ չարաչար մահուան սպառնալիքին, հայ մարդը մշտապէս ապստամբութեան դրօշ պարզելու հակամէտ եղած է։
Անկախութեա՞ն հասնելու։ Աւելի յաճախ՝ արդարութեան հաստատման։ Իսկ երբ յամառած է ստրկացնողը, յաջորդ աստիճանին բարձրացած է պայքարի սաստկութիւնը։
Նախապէս ալ մատնանշելու առիթ ունեցած ենք, որ մեծագործութիւններով, քաջութեամբ, արութեան գործերով հռչակուած պատմութեան դրուագները բաւարար չեն եղած պահպանելու Հայաստան աշխարհի՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԵՒ ՀՈՂԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, չեն երաշխաւորած արդարութիւնը։
Ըլլալով խաղաղակեաց, գիշատիչ բնաւորութենէ զուրկ, Հայաստանի ժողովուրդը, հայ ազգը տեւաբար ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՒ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿ չէ պահած երկիր պաշտպանելու համար։ Իշխանական տուներու կամ արքունի ապահովութեան զօրաջոկատները գործօն եղած են ընդհանրապէս։
Մինչդեռ զաւթող պետութիւնները, կայսրութիւնները մնայուն մարտունակ զօրաբանակներ ունեցած են, զի իրենց հզօրութեան աղբիւրը նուաճուած երկիրներու եւ ժողովուրդներու աշխատանքի արդիւնքին իւրացումն էր, անոր բնական հարստութիւնները, տարածքն ու իր ծաւալապաշտական մեքենային հարկաւոր մարդուժը։
Հայաստան երբեք չէ ընտրած այդ ուղին, իրը չէ եղած այն եւ տուժած է։
Հոս առիթն է փակագիծ մը բանալու եւ հարցնելու․ արդեօ՞ք խելօք է մտածել թէ կարելի է ծաւալապաշտ եւ անհամեմատ հզօր ուժերու հետ արդիւնաւէտ եւ փոխշահաւէտ դաշնակցութիւններ ստեղծել։ Կարելի՞ է գառան հօտն ու գայլի վոհմակը միախառնել եւ յուսալ որ գառները կենդանի կը մնան։ Բնութիւնը կ’արդարացնէ՞ նման տրամաբանութիւն։ Փակագիծը փակելէ առաջ ըսենք՝ մեր հասարակութեան մէջ այս տրամաբանութիւնը կ’ապրի, թէեւ դարերը, հազարամեակները ցոյց տուած են անոր կործանարարութիւնը։
Այս ընթացքով անարդարութիւնը դարերու երկայնքին բարդուած է, այնքան՝ որ կծիկ դարձած է եւ խճճուած, զոր քանդելը կը խոչընդոտեն այնքա՜ն շատ քարկապեր։
Մեզի զուլում բերած տարբեր կայսրութիւններ թէեւ այսօր գոյութիւն չունին, իսկ ոմանք ալ՝ Իրանին նման, խաղաղած են կամ կը ձեւացնեն, իրենց պատճառած պատմական աւերները հաստատուած իրողութիւն դարձած են կամ այդպէս կը կարծուին։
Հայոց յատկանիշներէն մին ՍՈՒՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆ Է․ ոչինչ կը մոռցուի՝ ոչ հին, ոչ նոր։ Եւ կը յուսանք որ ամէն ինչ պիտի հատուցուի, զի այս յատկութիւնը ժողովուրդներու ինքնապաշտպանութեան հզօրագոյն գործիքներէն է։
Իսկ ազգային մեծագոյն թերութիւնը, սուր յիշողութեան աջակից եւ զօրակից ՀԶՕՐԱՆՔ ստեղծելու հաւաքական կամքի ու կորովի, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ բացակայութիւնն է. թերեւս խթա՞նը կը պակսի։
Հզօրանքի խթանը գաղափարական է նախ եւ առաջ։ Ասոր բացարձակ համոզումն ունինք։ Եւ եթէ դիտենք մեր պատմական հետագիծը, պիտի գտնենք որ ազգը համախմբող ու բռունցքի վերածող գաղափարականը միշտ չէ որ բաժնած են ժամանակին նախարարութիւնները, ապա եկեղեցին, յետոյ կուսակցութիւնները, իսկ այսօր պետութիւնը վարող ուժերը։
Իսկ պատմական անցեալի ժառանգութիւնը չի կրնար այդ գաղափարաբանութեան մէջ տեղ չունենալ, երբ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՎԱՌ ԿԸ ՄՆԱՆ, ՉԵՆ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՈՒ ՉԵՆ ՄՈՌՑՈՒԻՐ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։
Հաւաքական յիշողութեան մէջ քանի վառ կը մնայ հայրենիքի, հողի կորուստի ցաւը։ Մարդկային կեանքի կորուստի ցաւը ժամանակը կ’ամոքէ, հողի կորուստը՝ ազգային իմաստով չի մոռցուիր, զի այդ կորուստը կը շարունակէ ներգործել, խաթարել ներկան ու ապագան։
Արդեօ՞ք Հայաստանի բնակիչը եւ արտերկիր բնակող իր արիւնակիցը նոյն կերպով կ’ընկալեն այս ցաւը։ Պատասխանելու համար պէտք է դիտել Արցախի կորուստի եւ ժողովուրդի հայրենահանութեան հանդէպ սրտցաւութեան աստիճանները նոյնինքն Հայաստանի հողին վրայ։
Հաւաքական յիշողութիւնը հայրենի հողին նման մասնատուած է, տեղայնացուած է, սահմանափակուած է, մարդիկ անկարող են ամբողջը տեսնել եւ անցեալը, ներկայ ու ապագան իրարու առնչելով պատկերացնել հետեւանքները․ շարքային քաղաքացին եթէ պէտք է լուսաբանուի եւ օժանդակութիւն ստանայ եզրակացութիւններու յանգելու համար, պետական իշխանութիւններէն կ’ակնկալուի ոչ միայն կարողութիւնն ունենալ, այլեւ քաղաքացիին լուսաբանել։
Երբ չեն կատարեր, ընդհակառակը, կը փորձեն շփոթը խորացնել եւ մկրատել արդէն քանիցս մկրատուածը եւ աղաւաղուածը, արդեօ՞ք կարելի է նման իշխանութիւնը հարազատ եւ օրինական նկատել։
Ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդպիսի փորձութեան կ’ենթարկուի։ Իշխանութեան բոլոր մակարդակներու վրայ գործող անձինք, առանց ծանր ու թեթեւ ընելու, ԱԶԳԻ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՇՈՒՈՅՆ Կ’ԱՊՐԻՆ՝ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՆԱՆ ԱՅՍՕ՛Ր ԱՌԱՆՑ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՎԱՂՈՒԱՆ։ Ասիկա պիտի ներուի՞ իրենց։
Մենք սակայն վերադառնանք մեր խօսքի շարունակութեան։
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին՝ դարերու զուլումը, անարդարութիւնը մէկ ամբողջ չնկատուեցաւ եւ առ այդ պետականաշինութեան հիմքը չշաղախուեցաւ ամբողջ զուլումը, ամբողջ անարդարութիւնը բառնալու գաղափարով։ Արցախը ամբողջին մէկ մասն էր միայն։ Եւ պարտուեցանք։ Պարտուեցանք՝ որովհետեւ չշարունակեցինք առանց դադարի՝ յաջորդ հանգրուան անցնելու պատրաստուիլ։
Հարցում։ Ինչո՞ւ Լենին-Քեմալ համաձայնեցան Հայաստանի ներկայ սահմաններուն շուրջ։ Որովհետեւ այդ սահմանները կենսունակ պետականութիւն չէին երաշխաւորեր։ Հայաստան երկընտրանք միայն ունէր եւ ունի՝ թուրքը կամ ռուսը։
Այս երկընտրանքը յաղթահարել կը նշանակէ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔ ԵՒ ՀԱՅԱՀԱՒԱՔ կատարել։ Վերականգնել մասնատուածը։
Արցախը եւ բռնագրաւուած հայրենիքի մեծ ու փոքր հատուածները ազատագրելէ եւ վերահայացնելէ առաջ սակայն, համադրական ջանքն է երաշխիքը ներկայ հանրապետութեան կենսաւորման։ Այդ ջանքը պէտք էր 30 տարի առաջ արդէն ճամբայ ելած ըլլար։ Եւ պայման չէ Հայաստանի հողին վրայ սկսէր կամ սկսի այսօր։ Հայաստանի հողին վրայ կարելի է համադրել արդիւնքը եւ անհրաժեշտ կենսուժը կուտակել։
Պարզապէս՝ պատմական անարդարութիւնը բառնալու համար ԱՅՍՕ՛Ր աշխատելու գաղափարը եթէ գոյութիւն ունենար երէկ եւ առջի օր, մենք ներկայի անձկութեան պիտի չմատնուէինք, իսկ եթէ այսօ՛ր սկսինք կազմակերպել, նախ երաշխաւորած պիտի ըլլանք Հայաստանի հանրապետութեան վաղը, ապա՝ սփիւռքահայութեան երկարակեցութիւնը եւ ազգային աշխուժութիւնը, հուսկ՝ հայրենադարձութիւնը։ Ոչինչ ինքնեկ է։ Պէտք է կազմակերպել եւ իրականացնել։
Պաշտօնի չարաշահումը, կաշառքը, պետութեան ուղղակի կամ անուղղակի կողոպուտը, օտարին ծառայելը, ներընկերային եւ ներքաղաքական լարուածութիւնը եւ մահուան ելքով փողոցային կռիւները, ներազգային անհամերաշխութիւնը եւ անհասկացողութիւնը յաղթահարելի են միայն բարձր՝ անանձնական, միաժամանակ հարազատ գաղափարի առկայութեան եւ որդեգրուած լայն զանգուածներէ։ Ոչ մէկ օրէնք, ոչ մէկ պատժաչափ ի զօրու է փոխարինել գաղափարին։
Իսկ գաղափարը միակն է ‒ քայլ առ քայլ յաղթահարել պատմական անարդարութիւնը, բառնալ զուլումը եւ ազատագրել, արձակել սեփական հայրենիքը հաւասարներու մէջ առաջնագոյն դարձնելու ատակ ազգի մեծագործ հանճարը։
Մենք կը հաւատանք մեր ազգին ու իր անսահմանափակ ներուժին։
Զաւէն Լիյլոզեան