Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է
01 Հոկտեմբեր 2025
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կը կարծեն, որ իրականացուցած են պատմական մեծ յաջողութիւն մը: Հայ ժողովուրդը ձերբազատած են իր բոլոր պատրանքներէն. մնաք բարով Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ իրաւունքներու պահանջատիրութիւն, մնաք բարով Արեւմտեան Հայաստան, Նախիջեւան եւ Ջաւախք, մնաք բարով Արցախ ու արցախահայեր: Հայ դատը լուծուած է. մենք ամփոփուած իրական Հայաստանի նեղ սահմաններուն մէջ, կը յայտարարենք, որ ո՛չ առնելիք ունինք, արդեօ՞ք ո՛չ ալ… տալիք: Մեր բոլոր պայքարները թելադրուած էին օտար նուաճողներու կողմէ եւ կը ծառայէին ուրիշներու շահերուն: Նոյնիսկ մեր հայրենասիրութեան «մոտելը» ներշնչուած էր Ստալինէն ու անոր խորհրդային յաջորդներէն: Մենք` հայերս, մինչեւ Նիկոլ Փաշինեանի յայտնուիլը չենք ունեցած ազգային սեփական նպատակներ եւ մեր ինքնութիւնն անգամ սահմանուած է օտարներու կողմէ:
Այժմ ազատագրուած ամէն կաշկանդումէ, կը վայելենք իրական անկախութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի քաղաքացիներուն ապագայ խոստացած էր. ապագան հասած է արդէն շնորհիւ այն խաղաղութեան, որ ապահոված ենք ի գին ամէն իրաւունքէ հրաժարումին: Հիմա կրնանք իրական Հայաստանի մէջ չորրորդ հանրապետութիւն հիմնել:
Նիկոլ Փաշինեան կը ձեւացնէ, որ ընտրուած ըլլալով ժողովուրդին կողմէ, կրնայ վերածուիլ գաղափարախօսի ու պատգամներով տնօրինել Հայաստանի ու հայութեան ապագան: Հայրենիքը շփոթել պետութեան հետ, պետութիւնը շփոթել վարչաձեւի հետ, վարչաձեւը` իշխանութեան հետ: Վճռական կարծիք յայտնել պատմութեան մասին, քրիստոնէական կրօնի ու եկեղեցական կանոններու մասին, արուեստներ ուղղորդել, մշակութային ուղղութիւն թելադրել:
Զարմանալի՞ է ուրեմն, որ պարտութեան ուշաթափութիւնը թօթափած մարդիկ կը մերժեն պարտութիւնը յաղթական խաղաղութեան վերածելու մոլուցքը եւ կ՛ուզեն փոխել իշխանութիւնը: Ոչ թէ որովհետեւ այս իշխանութիւնը օրինական չէ, այլ որովհետեւ իր օրինականութիւնը կ՛օգտագործէ կատարելու համար արարքներ, որոնք չեն բխիր իր օրինական պատասխանատուութենէն: Ընտրուած է կառավարական ծրագիրի մը հիման վրայ, բայց կը գործէ իր ծրագիրին հակոտնեայ եղանակով. իշխանափոխութեան պահանջը իշխանաւորը ուրիշ իշխանաւորով փոխարինելու համար չէ, այլ իշխանութեան քաղաքականութիւնը սրբագրելու, զայն ազգային ուղղութեան վերադարձնելու համար է:
Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններուն միջեւ իշխանափոխութիւն կատարելու երկու ճանապարհ գոյութիւն ունի. վարչապետի կամաւոր հրաժարականը կամ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելով զայն հրաժարականի մղելը: Երկար ժամանակ, զանազան ընդդիմադիր խմբաւորումներ ժողովրդային շարժումներու միջոցով փորձեցին ճնշում բանեցնել եւ ստիպել վարչապետը կամաւոր հրաժարական տալու: Յաջորդական այդ փորձերը ձախողեցան, որովհետեւ վարչապետը համոզուած է, որ ինք եկած է առաքելութիւն մը կատարելու եւ տակաւին ընելիք ունի: Կը նշանակէ բոլոր կատարուածները` պարտութիւն, Արցախի հայաթափում եւ այլն, գիտակցաբար կատարուած են: Տակաւին կատարելիքներ կան յաջորդ նստաշրջանին:
Ընդդիմութեան իրերայաջորդ ձախողումները մղեցին հանրային կարծիքը դիմելու երկրորդ ընտրանքին: Ազգային ժողովին մէջ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու դիմում կրնայ ներկայացնել պատգամաւորներու առնուազն մէկ երրորդը: Միաժամանակ պէտք է ներկայացուի նոր վարչապետի թեկնածու: Ազգային ժողովը հարցը կը վճռէ պարզ մեծամասնութեամբ: Ընդդիմադիրները կը տատամսէին, որովհետեւ չունէին պահանջուած մէկ երրորդը: Անհրաժեշտաբար Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան որոշ թիւով պատգամաւորներ պէտք է միանային դիմումին, ինչ որ իրապաշտօրէն կարելի չէր: Առաջին դիմում մը նախաձեռնեց երեք ամիս առաջ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը: «Հայաստան» խմբակցութիւնը խոստացաւ միանալ, եթէ ապահովուին պակսող ստորագրութիւնները: Փորձը ձախողեցաւ եւ երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն միջեւ անտեղի վէճերու առիթ հանդիսացաւ: Խորհրդակցութիւններէ ետք, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը դիմեց նոր նախաձեռնութեան մը, որուն անվերապահօրէն միացաւ «Հայաստան» խմբակցութիւնը: «Պատիւ ունեմ»-ի կազմակերպութեամբ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցան լսումներ, ուր բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնք պատգամաւոր չեն, զօրակցութիւն յայտնեցին: Կը սպասուի լրացուցիչ ստորագրութիւններուն:
Արդարացի է ակնկալել, որ Նիկոլ Փաշինեանի ապազգային դիրքորոշումները պիտի մղեն Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան կարգ մը անդամներ թօթափելու փաշինեանական լուծը եւ միանալու իշխանափոխութեան պահանջին:
Իշխանափոխութիւնը ազգային առաջնահերթութիւն է:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ