Պարոն Վարչապե՛տ՝ Ա՛լ Կը Բաւէ
01 Հոկտեմբեր 2025
Եթէ Նիկոլ Փաշինեանին բաց նամակ մը գրելու ըլլայի՝ անոր խորագիրը վերոնշեալը պիտի ըլլար։ Այո, պարոն վարչապետ, ձեր՝ իշխանութեան գալէն ի վեր, բարեկամ եւ ընդդիմադիր՝ ցաւով եւ սոսկումով վկան ու ականատեսը կը դառնան հաշիւ չտալու ձեր անբացատրելի կեցուածքին եւ ամէն կերպով թշնամիին հաճելի դառնալու ու անոր կամքը կատարելու ձեր պատրաստակամութեան:
Սկսած Արցախը ատրպէյճանցիներուն անտրտունջ կերպով յանձնելէն եւ հալալ ընելէն, ինչպէս նաեւ արցախահայութիւնը գնչու հաւաքականութեան մը վերածելու ձեր պարտուողական կեցուածքէն, Ալիեւին՝ ատրպէյճանցի աքլորատիպ նախագահին, դիմաց լուռ կանգնած հայ ղեկավարի մը համար անվայել համակերպութեամբ, հայրենի մեր սահմանը լայնքով եւ երկայնքով բացիք երէկուան ցեղասպան թշնամիին առջեւ, առանց անոր դիմաց արցախահայութեան վերադարձը ապահովելու իր պապենական հողերը ու անոր գերի տարուած ղեկավարութիւնը ազատ արձակելը պայման դնելու եւ ամէն գնով յաջողցնելու:
Այդ կեղծ, յերիւրածոյ եւ շինծու հաշտութեան պայմանակագիրին տակ, դերասանի լայն ժպիտով ձեր ստորագրութիւնը զետեղելէ ետք, ձեր յաջողութենէն գինովցած՝ թշնամի զոյգ պետութիւններուն հետզհետէ ուռճացող պահանջներուն եւս սկսաք տեղի տալ։
Թուարկենք՝
Ա. Հայոց Ցեղասպանութիւնը այսուհետեւ պիտի ուրանանք եւ չյիշատակենք.
Բ. Արցախի անունը եւ անոր տարագրեալ իրաւատէրերը այլեւս պիտի չյիշենք.
Գ. Սահմանադրութիւնը պիտի փոփոխութեան ենթարկենք, հաճելի գալու համար Ալիեւին.
Դ. «Զանգեզուրի միջանցք»ը անտրտունջ պիտի բանանք ցեղասպան թշնամիին առջեւ.
Ե. Հայապատկան այդ միջանցքը հարիւր տարիներով ամերիկեան ցարդ անծանօթ ընկերութեան մը վարձակալելով՝ անոր տնօրինութեան պիտի յանձնենք, 47 մղոն հայկական այդ անցքին տիրութենէն մեր ձեռքերը ընդմիշտ լուանալով.
Զ. Նաեւ, այդ միջանցքը Ամերիկայի պաշտելի՜ նախագահին անունով «Թրամփի Ճամբայ» պիտի կոչենք, մոռացութեան տալով մեր պատմութեան մեծանուն, պաշտելի հայ հերոսներու անունները.
Է. Թոյլ պիտի տանք, որ այդ Միջանցքէն, աքլորատիպը, անարգել բանակ եւ զինամթերք տեղափոխէ, «առանց հայ մաքսայիններու երեսը տեսնելու…» «Ներտէ՞ օ եողուրթուն պոլլուղու…» (ո՞ւր է այդ մածունին առատութիւնը) պիտի գոչէր թրքախօս Փանոսը:
Պարոն վարչապե՛տ, այսքանը այլեւս շատ է, չափը մի՛ անցնէք։
Ը. Իսկ վերջին նորութիւնը՝ կարգը եկաւ Արարատ լերան:
Կեանք մը ամբողջ իտէալացուցած մեր ազգային խորհրդանիշը Էրտողանին հաճելի թուալու համար պիտի ջնջուի եղեր հայրենի պետութեան բոլոր պաշտօնական կնիքներուն վրայէն: Այսուհետեւ, միայն մեր «շալվարները» մնացին թշնամիին չյանձնուած:
Եւ առանց խպնելու, թէական հաշտութեան սիրոյն, իր հոգին աճուրդի հանող մեր երջանիկ վարչապետը Ուաշինկթընի մէջ իր յաջողութիւններէն գինովցած՝ քիչ մնաց աքլորատիպին վիզը փաթթուէր. «Պէն էթթիմ, սէն էթմէ» (Ես ըրի, դուն մի ըներ) գոչելով «թէօպէյի» գալու։
Եղբայր, անտէր անտիրական մնացած Հայաստանի մը վարչապետին կողմէ այս ի՞նչ առատաձեռնութիւն է, մարդուս հաւատալը չի գար: Տեղին է հարցնել, թէ որո՛նց հաշուոյն կը կատարուի այդ մէկը: Իսկ այդ բոլորին դիմաց ի՞նչ ստացաւ հայկական պետականութիւնը. պարոն վարչապետ, ըսէ՛ք, որ հրճուինք եւ ուրախութենէն բոլորս մէկ շուրջպար սկսինք:
Գալով Արարատ սուրբ լերան՝ խնդրեմ, անկէ ձեր օրհնեալ ձեռքերը քաշեցէք։ Սուրբ Գիրքին այդ խորհրդանիշը ձեր հօրը ստացուածքը չէ, այլ՝ երկրագունդի 12 միլիոն հայերուն եւ համայն մարդկութեան կը պատկանի՝ վեր մնալով սնանկ պետական մարդու ձեր հասողութենէն եւ հասանելիութենէն: Կը խնդրենք նաեւ, պարոն վարչապետ, մանկութենէն ի վեր հայու մեր գոյութեան երաշխիքը եւ խորհրդանիշը դարձած այդ լեռն ալ, ցեղասպանին հաճելի դառնալու սիրոյն մի՛ պղծէք:
Ո՜վ թուրքին եւ ատրպէյճանցիին շուքէն իսկ սարսափող հայրենի իշխանաւորներ, եկէ՛ք վաղն իսկ մեր միւռոնաօծ Արարատ լերան շուրջ սեւ վարագոյր քաշեցէք, որպէսզի Հայաստան այցելող սփիւռքահայերու, նաեւ օտար այցելուներու կարօտակէզ աչքերէն քօղարկէք, Սուրբ Գիրքին մատնանշած Արարատ լեռը, որպէսզի անոնք յանկարծ չհմայուին անոր գեղատեսիլ տեսքէն եւ չարբենան անկէ բխող վեհ զգացումներով… ու յանկարծ չելլեն, անոր վերադարձը չպահանջեն իր իսկական տէրերուն։
Այնպէս կ՛երեւի, թէ ամէն ինչ հապճեպով թշնամիին ընձեռելու ձեր գործընթացը, դժբախտաբար հոն կանգ պիտի չառնէ։ Վաղը միւս օր, Իլհամ Ալիեւ իր կնքահայրէն՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն, ստացած հրահանգը լի ու լի կատարելով՝ գուցէ պահանջէ եւ նոր պայման մը եւս աւելցնէ՝ «Հայաստան» անունն ալ քարտէսին վրայէն ջնջելով ՝փոխելու եւ «Էրմէնիստան» դարձնելու, կամ ծայրագոյն պարագային՝ Տանըլտ Թրամփին նախասիրած՝ «Ալպանիա» նոր անուանակոչումը ընծայելու անոր։
Ձեր օրհնեալ իշխանութեան տակ, ամէն ինչ կարելի է եւ կը վախնանք, որ շուտով հոն պիտի հասնինք, եթէ չարթննանք ու ազգովին չսթափինք:
Յուսանք, որ հոն չենք հասնիր:
Պօղոս Գուբելեան
Ռիչմընտ, Վիրճինիա 24 Սեպտեմբեր 2025
«Ասպարէզ»