Ի Զուր․․ Զանգեզուր եւ Միջանցք
02 Հոկտեմբեր 2025
Մարդ որքա՜ն տխմար, ապուշ եւ սահմանափակ ուղեղով պիտի ըլլայ, որ չհասկնայ, թէ ի՞նչ է (նախա)ստորագրուած համաձայնութիւնը՝ Օգոստոս 8-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ա.Մ.Ն.-ի միջեւ: Շաբաթները իրարու վրայ կը գումարուին, սակայն ստեղծուած թնճուկը, պարզուելու փոխարէն՝ աւելի՛ կը բարդանայ Մ.Ա.Կ.-ի եւ ապա Եւրոխորհրդարանի բեմահարթակներէն հնչող «աւետիսներ»-ով:
Նորութիւն չէ ջայլամին պատմութիւնը, որ գլուխը հողին տակ պահելով՝ կը կարծէ, թէ ապահով վայր մը պահուըտած է, եւ դժուար պիտի ըլլայ զինք նշմարելը։
Հ․Հ․ «ազգընտիր» վարչապետը յամառօրէն կը պնդէ, թէ «Զանգեզուրի միջանցք» գոյութիւն չունի եւ պիտի չունենայ: Դժբախտ իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է. անուանակոչման ազերիական բառամթերքը կը կրկնուի ու վերստին կը հաստատուի, Պաքուէն տարածուող լուսանկարներ եւ ժապաւէններ ցոյց կու տան, որ«միջանցք»-ին պատրաստութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Ասդին, «ազգընտիր»-ը ամէնայն ինքնավստահութեամբ կը պնդէ, թէ այդ համաձայնութեան մէջ նմանօրինակ եզրոյթ գոյութիւն չունի, այլ որոշում տրուած է Սիւնիքի հարաւէն՝ Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը իրարու միացնող ճամբայ մը բանալու Հայաստանի սահմանէն ներս, որ պիտի կրէ «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» անունը, իսկ Շէյքսփիրի լեզուով՝ բառերուն սկզբնատառերով կազմուած է TRIPP կրճատուած ձեւը: What a trip! Այդ ալ ի՜նչ պտոյտ:
Հաւանաբար Հ.Հ. կրթութեան նախարարութիւնը, իր վերամշակած (աւելի ճիշդը՝ աղաւաղած) աշխարհագրութեան գիրքերուն մէջ, գրած կամ արդիականացած գաղտնագիրերով (QR codes) նշած է, թէ Սիւնիքը կը գտնուի երկրի հարաւը, հոն է նաեւ Զանգեզուրի լեռնաշղթան: Ուրեմն, այդ հռչակաւոր «Թրամփի ուղի»-ն այդ շրջանին մէջ կը գտնուի: Այլ խօսքով, պէտք է համոզուինք, որ այդ ճանապարհը Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը իրարու կապելով, զայն միջանցք կարելի չէ կոչել: Պէտք է ստուգում կատարել, թէ արդեօք տխմարութիւնը վարակի՞չ է…
Երբ այս իրողութիւնը Ատրպէյճանի նախագահին համար յստակ է, զարմանալիօրէն անհասկնալի կը թուի Երեւանի իշխանապետին եւ ուսապարկերուն համար, ըստ որոնց՝ «Թրամփի ուղի» անուանումը յայտնապէս բոլորովին տարբեր բնոյթ եւ բացատրութիւն ունի: Ասիկա յար եւ նման է ֆրանսական ասացուածքի մը. «Blanc bonnet et bonnet blanc» («Ճերմակ գլխարկ եւ գլխարկ ճերմակ»), որ յաճախ կը կրկնուի, երբ նոյն բանը ըսելու համար տարբեր ձեւերու կը դիմուի եւ վիճաբանութիւն կը ծագի:
Աւելի ահաւո՞րը. Հ.Հ. կրթութեան նախարարութիւնը, իր վերամշակած (եւ անպայման աղաւաղած) պատմութեան գիրքերուն մէջ, վստահաբար պիտի չյանդգնի մատնանշել, թէ այդ ճամբան, ուղին կամ միջանցքը՝ կարելի է նաեւ կոչել «համաթուրանականութեան պողոտայ», եզրոյթ մը, որ ստուգապէս Ալիեւի եւ հովանաւորին՝ Էրտողանի մտքին մէջ գոյութիւն ունի:
Արդեօք մխիթարական բան մը պէ՞տք է փնտռել հոն, ուր նոյնինքն Փաշինեան սկսած է խօսիլ համաձայնագիրին ալիեւեան մեկնաբանութեան սխալ ըլլալուն մասին, ու հարցը վերածած է բիւզանդական վէճի, իր ոճով պարզաբանելով Ալիեւի ըսածները, սակայն ատիկա կ’ըլլայ «Բանը բանէն անցնելէն ետք», իսկ ինք, հակառակ այս ահաւոր եւ գահավէժ կացութեան, իր «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի երազային աշխարհին մէջ կ՛ապրի: Ու մինչ Ատրպէյճան կ’աւելցնէ իր երկրին սպառազինումը, Փաշինեանի իշխանութիւնը կրճատած է պաշտպանութեան պիւտճէն (ի բացառեալ ներքին, այսինքն՝ իր ապահովութեան բաժինը): Քայլ առ քայլ յառաջ երթալով ամբոխահաճոյ եւ… ընտրարշաւի իր վազքին մէջ, 44-օրեայ պատերազմին երկիրը չարաչար պարտութեան տարած եւ «մենք մեզ պարտուած պիտի չզգանք» յայտարարած «հերոսը» կը մնայ աթոռին կառչած, մանկամտօրէն հաստատելով, թէ ոչ ոք Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս անուններ որոշելու իրաւունք ունի, թէ՝ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւասութիւն ունի որոշումներ տալու: Չմոռնանք, որ պատերազմէն ետք, ան սկսաւ հայկական գիւղեր ու աւաններ կոչել ազերիական անուններով:
Ողբալի ենք. դիւանագիտական որքա՜ն խղճալի խարխափումներ կ՛ապրինք: Որքա՜ն բոպիկցած ենք եւ քուրջի կտորի վերածուած, մանաւանդ երբ մտաբերենք հայութենէ պարպուած եւ բռնագրաւուած Արցախը, որուն մասին կը խօսի լրբօրէն եւ անպատկառ… գոհունակութեամբ:
«Թրամփի ուղի»-ով սպառազինուած եւ խաբուած ՔՊ-ական այս «Ազգային Մեծաքանակ Փորձանք»-ը արդեօք վաղն ալ վիթխարի «Թրամփի պա՞տ» մը պիտի կառուցէ (Թրամփ այդպէս ըրաւ Մեքսիքայի սահմանին վրայ), հայորդիին զրկելու համար մեր յաւերժութեան խորհրդանիշը եղող՝ Արարատը ըմբոշխնելու հաճոյքէն, Արարատեան դաշտն ալ կոչելով «Թրամփեան դաշտ»:
Եւ այս բոլորը կարելի է տեսնել եւ նկատել առանց գաղտնագիրի, պայմանաւ, որ մեր բանականութիւնը չենք կորսնցուցած, հայրենիքին պաշտպան կանգնելու կամքէն չենք հրաժարած եւ չենք վարակուած տխմարութեան ու խաբեբայութեան ախտով:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական