Ինքնութեան յենասիւնը՝ մշակոյթը…
03 Հոկտեմբեր 2025
Ինքնութեան մասին յաճախ կը խօսուի։ Մշակոյթին մասին՝ նոյնպէս։ Կ՚արժէ, սակայն, մտմտալ անոնց կապակցութեան ալ մասին, մանաւանդ այս օրերուն, երբ այնքան կը խօսինք ու կը խօսինք թէ՛ ինքնութեան եւ թէ՛ մշակոյթի խաթարման ու կորուստին մասին։ Խաթարմա՞ն, թէ՞… զարգացմա՜ն։
Ինքնութիւն. ինչպէ՞ս սահմանել զայն, ինչպէ՞ս բանաձեւել, հասկնալ ու հասկցնել։
Ինքնութիւնը առաջին հերթին առնչուած է անունիդ-մականունիդ ու անոնցմո՛վ կ՚արտայայտուի։ Ընդհանրապէս անունէդ կը գիտցուի ազգութիւնդ, իսկ ազգութիւնդ արդէն մշակութային հէնք մը ունի, ունենալով հանդերձ պատմական, աշխարհագրական խարիսխներ։ Միշտ չէ, սակայն, որ անունդ իսկական հայելին ըլլայ ինքնութեանդ, քանի որ որեւէ անուն ամենայն դիւրութեամբ որեւէ ժողովուրդէ կը փոխանցուի մէկ ուրիշ ժողովուրդի՝ նոյնութեամբ կամ մանր փոփոխութիւններով, ինչպէս Սոման, որ մէկուն համար Սոնա կ՚ըլլայ, մէկ ուրիշին համար Սոնիկ կ՚ըլլայ, երրորդի մը համար՝ Սոնիա, տակաւին Սունա եւ այլն։ Յաճախ դժուար է ազգային ինքնութիւնը գիտնալ։ Նոյնպէս կը փոխուին մականուններ՝ երբեմն արկածով, երբեմն կամենալով, երբեմն ալ ուրիշին կողմէ պարտադրուելով, դարձեալ ծածկելով ինքնութիւնը։
Ի հարկէ ինքնութիւնդ առնչուած է նաեւ ծնողքիդ, տան դաստիարակութեանդ, կրթութեանդ ու աշխատանքիդ կամ մասնագիտութեանդ հետ։ Իսկ այդ բոլորն ալ ունին մշակութային առնչութիւն մը։ Երբ կ՚ըսենք այսինչը բժիշկ է, այնինչը՝ կառավար, ամեն մէկը մարդու տարբեր տեսակ մը կը կարծենք եւ յատուկ ինքնութիւն մը կ՚ենթադրենք իւրաքանչիւրին պարագային, տարբե՛ր ինքնութիւն մը։
Այո, բազմաշերտ իրողութիւն մըն է ինքնութիւնը։
Անհատ մը կը ճանչցուի նաեւ իր բնաւորութեամբ, իր ունեցած բարի եւ յոռի յատկութիւններով ու թերիներով, իր կատարած լաւ ու վատ գործերով, ընկերութեան մէջ իր վաստկած դիրքով ու համբաւով։ Եւ երբ ինքնութեան պահպանման խնդիրը կը դրուի մեր առջեւ, ի հարկէ կամայ-ակամայ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ի վերջոյ ո՞ր ինքնութեան մասին է խօսքը։
Գալով մշակոյթին, այն ա՛լ աւելի հարուստ է տարբերակներով՝ տարբեր երեսներով, տարբեր ընբռնումներով, շերտաւորումներով։
Ի՞նչ է մշակոյթը, ո՞ւր կը սկսի ան, ո՞ւր կը յանգի, ինչպէ՞ս իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մեր վրայ եւ ձեւ կու տայ մեր ինքնութեան։ ԹԷ՞ հակառակն է, եւ մեր ինքնութիւնն է, որ ձեւ կու տայ մեր մշակոյթին։
Բառը ինքնին հետաքրքրական է իր արմատով. չէ՞ որ մշակելը հողէն կը սկսի, հողը մշակելով։ Եւ անկէ կ՚անցնի մեր բարքերուն, սովորութիւններուն, վարուելակերպին, ուրախութեան ու վիշտի արտայայտութիւններուն, իրարու հետ հաղորդակցութեան, ու կը հասնի մինչեւ Արամազդ ու մինչեւ Աստուած։
Յաճախ, երբ մշակոյթ կ՚ըսենք, նախ եւ առաջ կը հասկնանք երգ ու պար, բեմ ու պաստառ, գիր ու գրականութիւն, բայց նաեւ աւելի ու աւելի սկսած ենք հասկնալ ուտեստեղէն, մինչեւ անգամ ապրելակերպ։ Այո, մեր խոհանոցն ալ մեր մշակոյթի մէկ արտայատութիւնն է, մէկ երեսը, թերեւս ամենէն մնայուն եւ կայուն երեսը՝ առնչուած մեր առողջութեան։ Այսինքն մեր կեանքին, կեանքի ապահովութեան։ Սակայն չենք անդրադառնար թերեւս, որ մշակոյթի բոլոր երեսները կապուած են մեր առողջութեան, քանի մեզի սնունդ կը հայթայթեն, հոգեկա՛ն սնունդ, որ մարմնականէն աւելի ալ կարեւոր կրնայ ըլլալ։
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ մշակոյթ պահել, պահպանել, որուն մտասեւեռումը ունինք տեւաբար։ Իրապէս կարելի՞ է մշակոյթը անխաթար պահել։ Կարծէք հակասութիւն մը կայ մշակոյթ բառին, – մշակումը տեւական գործընթաց մըն է, – եւ պահել բառին միջեւ, քանի որ այս վերջինը կ՚ենթադրէ առկայ իրավիճակի մը անփոփոխութիւնը։ Որմէ ալ՝ առաջին պարբերութեամբ դրած հարցումս՝ խաթարո՞ւմ, թէ՞ զարգացում։ Որքա՜ն քաղաքակրթական ազդակներ՝ վայր, ժամանակ, սերունդ, շրջապատ եւ այլն, իրենց անմիջական ու անխուսափելի ազդեցութիւնը կ՚ունենան մեր վրայ՝ մեր մշակոյթին վրայ։ Դիմադրե՞լ, ընդունի՞լ, համակերպի՞լ, թէ՞ օգտուիլ այդ ազդեցութիւններէն։ Ահա դժուար ընտրանքներ։
Նոյնն է լեզուի պարագան։ Լեզուն, որ ինքնութեան գլխաւոր արտայայտիչը կրնայ ըլլալ, եթէ անշուշտ կրելով հանդերձ բոլոր ազդեցութիւնները՝ յաջողած է շարունակել ապրիլ։ Մշակուելով, վերամշակուելով ու զարգանալով։ Բայց ապրած է, որովհետեւ խօսուած է, գրուած է, կարդացուած է։
Մշակոյթը յենասիւնը ինքնութեան։ Թէ՞ ինքնութի՛ւնը յենասիւնը մշակոյթին։ Թէ՞ բոլորովին տարբեր ձեւով դրուած՝ ինքնութիւնը համազօր է մշակոյթին, մշակոյթը՝ համազօր ինքնութեան։
Մտածենք այս մասին։ Նա՛եւ այս մասին։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Դրօշակ» թիվ 9, 2025թ