Թուրքիան Դէպի Հարաւային Ամերիկա. «Լոս Թուրքոս»-ի Կեղծ Ժառանգութիւնը
04 Հոկտեմբեր 2025
Էրտողան՝ Վենեզուելա այցելութեան ընթացքին
Գէորգ Եագուպեան
Թուրքիան իբրեւ որեւէ երկիր իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է արտագաղթի զանազան փուլեր: Այդ մէկը սկիզբ առած է բնականաբար Օսմանեան Կայսրութեան գոյութեան օրերուն, յատկապէս 1800-ական թուականներու վերջերուն երբ բարձրագոյն դուռը գտնուեցաւ անկայուն, քայքայուած եւ անզօր վիճակի մէջ, ոչ միայն պաշտպանելու իր տիրապետութեան տակ գտնուող ժողովուրդները, այլեւ՝ նոյնինքն Թուրք տեսակը: Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ այդ տարիներուն դժուար էր օտար պետութիւններուն համար ճշդել անհատի մը ազգութիւնը, յատկապէս երբ Օսմանեան Կայսրութենէն բոլոր արտագաղթող հոսկերը ունէին Օսմանեան քաղաքացիութիւն: Հարաւային Ամերիկայի պարագային, այդ հոսկը ընթացք առաւ 1860-1920-ական թուականներուն: Այդտէղ ժամանող քաղաքացիները ճանչուեցան իբրեւ «Լոս Թուրքոս», այսինքն՝ Թուրքեր: Սակայն, ո՞վ էին այս «թուրքերը», իսկապէ՞ս թուրք էին եւ ի՞նչ է Թուրքիա-Հարաւային Ամերիկա յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը:
Վերջին տարիներուն, Թուրք կառավարութիւնը սկսաւ մօտէն հետաքրքրուիլ «Լոս Թուրքոս»-ներով, նպատակ ունենալով Թուրքիա-Հարաւային Ամերիկա յարաբերութիւններուն տալ աւելի խորքային, պատմական եւ արմատական հիմք: Օրինակի համար, հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ներկայիս Լատին Ամերիկայի մէջ կան 30 միլիոն «Լոս Թուրքոս»: Սակայն, անոնց մեծամասնութիւնը իրականութեան մէջ արաբներ, հրեաներ եւ հայեր են, որոնց ժամանման ատեն նոյնիսկ, անոնց մեծ մասը առարկած են զանոնք «Լոս Թուրքոս» կոչելու Հարաւային Ամերիկեան երկիրներու եւ հասարակութեան այդ տպաւորութեան: Արտագաղթող զանգուածները հիմնականօրէն հաստատուեցան Պրազիլի, Արժանթինի, Չիլէի, Վենեզուելայի եւ Գոլոմպիայի մէջ:
Տասնամեակներու ընթացքին արտագաղթած այս ժողովուրդները իւրացուցին տեղական, ինչպէս նաեւ փոխանցեցին իրենց մշակոյթը: Անոնցմէ շատեր ներկայիս հասած են պետական բարձրաստին պաշտօններու, նոյնիսկ նախագահութեան: Օրինակի համար, թրքական մամուլը յատկապէս ուզեց Պրազիլի նախկին նախագահ Միշէլ Թամէր (2016-2019), Էքուատորի նախկին նախագահ Ժամիլ Պահուատ (1998-2000) եւ Արժանթինի նախագահ Քարլոս Մէնէմ (1989-1999) որակել իբրեւ «Լոս Թուրքոս»: Սակայն, իրականութեան մէջ առաջին երկուքը Լիբանանեանՙ իսկ վերջինը սուրիական ծագում ունեցող անհատներ են: Այս որակումը կը կատարուի քարոզչական նպատակով, ստեղծելու համար յաջողած եւ ազդեցիկ թրքական սփիւռքի մը գոյութեան մասին տպաւորութիւն եւ կեղծ ժառանգութիւն: Այս գործելաոճը տարածուեցաւ նոյնիսկ քաղաքականութենէն անկախ այլ բնագաւառներու մէջ գործող նշանաւոր դէմքերու վրայ, ինչպէս Շաքիրա եւ Սալմա Հայէք:
Ապրիլ 2025-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց Հարաւային Ամերիկեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու հաստատման 75-ամեակը: Այսպէս, Թուրքիա-Հարաւային Ամերիկա յարաբերութիւնները պաշտօնապէս սկիզբ առին 1950-ին: 2006-ին օրին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութիւնն էր, որ առաջին անգամ ըլլալով, Հարաւային Ամերիկայի հանդէպ Անգարայի հետաքրքրութիւնը յայտարարելով, 2006-ը հռչակեց «Լատին Ամերիկայի եւ Քարիպեաններու Տարին»: Այն ժամանակ, Թուրքիա՝ Հարաւային Ամերիկայի մէջ ունէր միայն վեց դեսպանատուներ, իսկ այդ թիւը ներկայիս կը կազմէ 19:
Թուրքիոյ համար «Soft Power»-ի օգտագործումը տեւաբար եղած է իր տրամադրութեան տակ կարեւորագոյն եւ հզօրագոյն զէնքերէն մէկը: Այս իմաստով, Եունուս Էմրէ Մշակութային Հաստատութիւնը ներկայութիւն է Արժանթինի, Մեքսիքայի, Վենեզուելայի եւ Չիլէի մէջ: Միւս կողմէ, Թրքական Գործակցութեան եւ Համադրման Կազմակերպութիւնը (TIKA) գրասենեակներ բացած է եւ աւելի քան 440 ծրագիրներ իրականացուցած է Մեքսիքայի եւ Գոլոպիայի մէջ: Վերջապէս թրքական «Մաարիֆ» Մարդասիրական կազմակերպութիւնը դպրոցներ հիմնած է Քոլոմպիայի եւ Վենեզուէլլայի մէջ: Մշակութային ծրագիրներուն կողքին, Հարաւային Ամերիկայի երկիրները դարձած են այն տարածաշրջանը, ուր հսկայական հետաքրքրութիւն կայ թրքական սէրեալներով, որոնք տարածուած ու սիրուած են տեղացի հասարակութիւններուն կողմէ: 2024-ին, Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի ընկերութիւնը (TRT) իր սպաներէն տարբերակը արձակեց, որուն կրնան հետեւիլ Լատին Ամերիկեան 40 երկիրներ: Այս մէկը կատարուեցաւ նաեւ նկատի ունենալով Թուրքիա-Հարաւային Ամերիկա ուսանողութեան փոխանակումը, շեշտելով, որ Թուրքիա հաստատուած Հարաւային Ամերիկացի ուսանողները պէտք է զգան, որ իրենք տակաւին իրենց տունն են եւ մօտիկ իրենց մշակոյթին:
2022-ին Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու դեսպաններու հետ իր տեսակցութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց. «Թուրքիան ունի բազմաերես եւ բազմամակարդակ արտաքին քաղաքականութիւն: Մենք այն ազգն ենք, որ կրնայ զրուցել թէ արեւելքին եւ թէ արեւմուտքին հետ»: Մշակութային բաժինով, ակնյայտ է, որ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ «թուրք» տեսակը ներկայացնելու այնպէս ինչպէս ինք կ՛ուզէ ներկայացնել ինքզինք: Այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ մարդասիրական աշխատանքներով, տեսակցութիւններով, եւ դիւագիտական պաշտօնատարներու կատարած քննարկումներով եւ ատկէ բխած մտերմութիւններով: Մեւլութ Չաւուշողլուի մատնանշումը արեւելքի եւ արեւմուտքի հետ զրուցելու կարելիութիւն ունեցող Անգարայի այս քաղաքականութեան մասին կը բնուդագրէ Թուրքիոյ տենչը ոչ միայն ինքզինք իբրեւ կամուրջ ներկայացնելու աշխարհի երկու բաժիններուն կամ քաղաքակրթութիւններուն միջեւ, այլեւ՝ Անգարան հաստատել իբրեւ աշխարհի կեդրոնը:
Տնտեսական իմաստով, առաջին հերթին, Թուրքիան անցնող տարիներուն բազմապատկեց «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան թռիչքները դէպի Լատին Ամերիկա, զանոնք հասցնելով դէպի տեղւոյն երկիրներ ինը ուղղակի թռիչքներու: Պաշտօնական Անգարա յատուկ կերպով կարեւորութիւն ընծայեց Փանամային, որ իր ջրանցքին միջոցաւ, ունի աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական բացառիկ նշանակութիւն: Այսպէս, Թուրքիա-Փանամա առեւտրական երկկողմանի հասոյթը կը կազմէ 532.5 միլիոն տոլար:
2000-ական թուականներու սկիզբէն մինչեւ օրս, Թուրքիոյ իշխանութիւնները լաւապէս գնահատելով Հարաւային Ամերիկեան շուկան եւ տեղւոյն երկիրներու միասնաբար կազմած 5.5 թրիլիոն տոլար արժողութեամբ տնտեսական ուժը, որոշեց այդ շուկան մուտք գործել ուժեղ կերպով: Արդարեւ, անցնող 25 տարիներուն ընթացքին Թուրքիա-Հարաւային Ամերիկա առեւտուրը բաձրացաւ 1700 առ հարիւրով, այսինքն 17 անգամ, հասնելով 18 միլիառ տոլարի: Այստէղ հարկ է նկատի ունենալ, որ մարդասիրական եւ մշակութային հաստատութիւններու իրականացուցած ծրագիրները նաեւ տնտեսական ուղղակի ազդեցութիւն կը շնորհեն Թուրքիոյ: Այսինքն՝ այդ աշխատանքներուն համար տրամադրուած գումարները Թուրքիոյ մշակութաքաղաքական ուժը կը բազմապատկէ: Այլ կարեւոր փաստ մըն է նաեւ Թուրքիոյ անդամցութիւնը Մ.Ա.Կ.-ի «Լատին Ամերիկայի եւ Քարիպիան Երկիրներու Տնտեսական Յանձնաժողով»-ին: Այս քայլին նշանակութիւնը այն է, որ Թուրքիան, այս տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիր ըլլալով հանդերձ, ամէն ջանք ի գործ դրաւ անդամակցելու այս յանձնաժողովին, 2017-ին: Թուրքիան նաեւ առաջարկեց օժանդակել Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն, տախտակ արտածելու այլ երկիրներ, նկատի ունենալով, որ Թուրքիան շատ աւելի յառաջացած արհեստագիտական գործիքներ ունի իր տրամադրութեան տակ արագացնելու եւ արդիւնաբերելու նման աշխատանք մը:
Վերջապէս, ռազմական իմաստով, Թուրքիոյ բազմաթիւ տեղական ընկերութիւնները արդէն իսկ մուտք գործած են Հարաւային Ամերիկայի շուկան: Օրինակի համար, Թրքական ռազմական «Ասըլսան» ընկերութիւնը 2024-ին իր գրասենեակին բացումը կատարեց Չիլէի մէջ: Միւս կողմէ, Սեպտեմբեր 2025-ին, ստորագրուեցաւ Թուրքիա-Պրազիլ ռազմական հինգ տարուան ժամկէտով համաձայնագիր մը, որուն համաձայն՝ Պրազիլ պիտի ներածէ Թրքական ռազմական արտադրութիւններ, որոնց շարքին են հակա-օդայիններ եւ անօդաչու թռչող սարքեր:
Եզրակացնելու համար, Անգարայի թափանցումը դէպի Լատին Ամերիկա տակաւին իր սկբզնական հանգրուանին մէջ է, սակայն արդէն իսկ տարածած է իր արմատները կարեւորագոյն երկիրներուն մէջ ու հիմնած մարդասիրական, մշակութաքաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ներկայութիւն: Կարեւոր է անդրադառնալ այն իրողութեան, որ Թուրքիա արգելք չունի «Լոս Թուրքոս» ժառանգութիւնը օգտագործելու տեղւոյն ժողովուրդներուն հետ բարեկամական կապեր ստեղծելու եւ մամլոյ քարոզչութիւնը այդ ուղղութեամբ է արդէն: Սակայն, պէտք է գիտակցիլ, որ այդ ժառանգութիւնը, պատմութիւնը եւ յաջողութիւնները կը պատկանին արաբ, հրեայ եւ հայ ժողովուրդներուն: Թափանցումը յստակ է, Անգարան կ՛ուղղուի դէպի Լատին Ամերիկա…