Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի 53-րդ Շրջանային ժողովի
06 Հոկտեմբեր 2025
Հոկտեմբեր 3-5 շաբաթավերջին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի 53րդ Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ` Վանգուվըրի, Թորոնթոյի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Ս. Գաթրինզի, Համիլթընի, Մոնթրէալի, Օթթաուայի կոմիտէութիւններու պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան պատգամաւորներուն: Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Գանատայի ներկայացուցիչը՝ ընկեր Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը՝ ընկհ․ Անի Չաղլասեանը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան ներկայացուցիչը, ուղեկից կազմակերպութիւններու՝ ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Երեք օրերու վրայ երկարող նիստերու ընթացքին, քննարկուեցան ՝ Հայ Դատի, կազմակերպական, քարոզչական, եւ համագաղութային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տրուեցան համապատասխան որոշումներ:
Ժողովը արժեւորեց եւ բարձր գնահատեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նպատակաուղղուած քաղաքական գործունէութիւնը եւ միաժամանակ որոշեց Գանատայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու քարոզչական եւ յարաբերական կարողականութիւններուն ներուժը ի սպաս դնել Հայաստանի պետութեան եւ Արցախին:
Շրջանային ժողովը դատապարտեց Հայաստանի իշխանութիւններուն անձնատուողական քաղաքական վարքագիծը եւ զօրակցութիւն յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի կուսակցական կառոյցին՝ որպէս ՀՀ իշխանութիւններուն հակադրուած կառուցողական ընդդիմադիր ուժ, եւ հաստատեց բռնագաղթի ենթրկուած Արցախահայութեան անժամանցելի իրաւունքներու վերականգման յանձնառութիւնը: Ժողովը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներուն եւ Պաքուի մէջ արգելափակուած հայ ռազմագերիներուն։
ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու շարքերու ՀՅԴ գաղափարախօսական դարբնոցին մէջ թրծելու առաջադրանքը շարունակելու առնչութեամբ՝ ժողովը վերահաստատեց իր պարտաւորութիւնները։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ։
ՀՅԴ Գանատայի 53րդ Շրջանային ժողով