Յայտարարութիւն Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի
07 Հունվար 2026
Կիպրոսի Հանրապետութիւնը, 1 Յունուար 2026-ին ստանձնեց Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահութիւնը՝ երկրորդ անգամ ըլլալով։ Այս կիսամեակի ընթացքին, խորհուրդի նախագահութիւնը պիտի գործէ կարեւորութիւն տալով Եւրոպական Միութեան աշխատանքի օրակարգի շարունակութեան, առողջ օրենսդրական աշխատանքի իրականացման, անդամ պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան, ապահովելու Եւրոպական հաստատութիւններու միջեւ համակարգումը, ինչպէս նաեւ, Միութեան դիրքորոշումներու համակարգումը միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ։
Կիպրոսի նախագահութեան բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր, 7 Յունուար։ Նախագահ Խրիստոտուլիսիս վերջերս իր ունեցած ելոյթին ընդացքին, յոյս ներշնչեց աշխատելու ուժեղ Միութեան մը համար, պաշտպանելու համար իր քաղաքացիները, սահմանները եւ շահերը՝ պատասխանատու դիրքէ կառուցել գործընկերութիւններ եւ դաշինքներ։
Այս առթիւ, Կիպրոսի Հայ դատի Յանձնախումբը կը շնորհաւորէ նախագահ Խրիստոտուլիտիսը, գնահատելով, որ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահութեան ստանձնումը Կիպրոսի Հանրապետութեան կողմէ, բազմակողմանի քաղաքական եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն է։
Առաւել եւս, մեր Յանձնախումբը կը հաստատէ, թէ Կիպրոսի նախագահութիւնը կոչուած է կառավարելու եւրոպական երկխօսութիւնը համակարգելու աշխատանքը, նպաստելու եւրոպական քաղաքականութեան ձեւավորման՝ սաստիկ աշխարհաքաղաքական վերադասավորումներու ժամանակաշրջանի մը մէջ։
Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութեան ստանձնումով, որ կը նախատեսէ նպաստաւոր քաղաքական միջավայր, յանձնախումբս իր բարոյական պարտականութիւնը կը համարէ, իր կարելին ընելու, Կիպրահայութիւնը յուզող հարցերը բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ, մեր ժողովուրդի դատի ծառայութեան դիտակիւնէն, դիմել այնպիսի միջոցներու, որոնք պիտի սատարեն անոնց արդիւնաւետ իրագործման, Հայ դատի գծով նոր հնարաւորութիւններու հիմքեր ստեղծելով։
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ
7 Յունուար 2025
