Առեւտուր՝ Ցորեն, Վառելանիւթ Եւ ․․․Բանտարկեալ
08 Հունվար 2026
Վերջին օրերուն պատահածները իսկապէս գլխապտոյտ կը պատճառեն եւ հարցադրումի դիմաց կը դնեն հայորդին, թէ ի՞նչ կը պատահի երկիր Հայաստանի մէջ։
Քանի մը շաբաթ առաջ, երկաթուղիով եւ Ատրպէյճանի ճամբով Երեւան հասաւ մեծ քանակութեան ցորեն։ Յետոյ, Ատրպէյճանի պետական «Սոքար» ընկերութիւնն ալ մուտք գործեց Հայաստան, տեղացիներուն վաճառելու համար վառելանիւթ։ Հաւանաբար հմուտ եւ ճարպիկ վաճառականը պիտի ըսէր․- «Ահաւասիկ, առեւտուրը սկսաւ»։ Եւ «ճարպիկ վաճառականներ» կան Հայաստանի մէջ, որոնք պատրաստ են գործակցելու թշնամիին հետ, հայրենիքի շահերուն հաշւոյն քանի մը արծաթ աւելցնելու համար իրենց գանձանակին մէջ…
Եւ իսկապէս. վերլուծաբաններէ աւելի՝ մութ շահեր հետապնդող վաճառականներ ողջունեցին այս գործընթացը, շեփորելով, որ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի արգասիքն է պատահածը։
Ցորեն, վառելանիւթ, քարիւղ, ձկնկիթ․․․ Շարքը երկար է առեւտուրի շուկային մէջ: «Շահոյթ»-ի մէկ ուրիշ գիծ երեւցաւ քանի մը ամիս առաջ, երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիոյ պետական օդանաւային ընկերութիւնը՝ «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ը կանաչ լոյս ստացած է եւ քանի մը ամիսէն պիտի սկսի ուղիղ թռիչքներ կատարել դէպի Երեւան։ Հիմա կը սպասուի Յունուրի «պտղաբեր» օրը… Յաջորդ քա՞յլ մը. կանաչ լոյս մըն ալ կրնայ տրուիլ Ատրպէյճանի պետական ընկերութեան, որպէսզի ինք եւս օգտուի «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի եռատարածք (3D) դրութենէն: Որո՞ւ հոգը:
Հայաստանի կառավարութիւնը, առանց խորապէս ուսումնասիրելու վիճակը (ուսումնասիրելու համար ուղեղի պէտք ունին), կը հետեւի թուրք-ազերիական պահանջներուն գոհացում տալու «մտածողութեան»: Չենք մոռցած, որ տարիներէ ի վեր Հայաստան զրկուած է լրջօրէն սուսումնասիրուած՝ պետական ընկերութենէ, որդեգրած՝ «բաց երկինք» (open skies) դրութիւնը, այսինքն՝ որեւէ օդանաւային ընկերութիւն, առանց կաշկանդումի եւ սահմանափակման, կարելիութիւն ունի կատարելու թռիչքներ։ Կացութիւն մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ բոլոր ընկերութիւններուն մօտ։
Այսպիսի իրավիճակ կը ստեղծուի, երբ իշխանութիւնները, փոխանակ ուսումնասիրելու եւ կարգին պետական օդանաւային ընկերութիւն (flag carrier) մը հիմնելու, բաւարարուած են իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող՝ յատուկ պետական ճամբորդներ փոխադրող օդանաւ մը։
Սակայն այս առեւտրական «հորիզոններուն» դիմաց, կայ «մոռացութեան տրուող» ողբերգութիւն մը՝ Պաքուի մէջ, հայ բանտարկեալներու անորոշ, միջանկեալ եւ կախուած՝ in limbo վիճակը:
Կիսատ-պռատ տեղեկութիւններ, հպանցիկ արտայայտութիւններ եւ… կեանքը այսպէս կը շարունակուի Հ․Հ․ Ազգային Խորհրդարանէն ներս։ Յստակ տեղեկութիւններ չկան այս՝ միակողմանի եւ դատավարական արդար օրէնքներէ բոլորովին զրկուած՝ Պաքուի դատարանէն։
Ընդհանրապէս, ցմահ բանտարկութեան որոշումը տրուած է, բացի երկու նախկին նախագահներէն, որոնց տարիքը արդէն 65-ը անցած է. անոնք կը դիմագրաւեն քսան տարի բանտարկութեան որոշում:
Առանձնակի է Արցախի նախկին պետական նախարար 57 տարեկան Ռուբէն Վարդանեանի պարագան, որ Ատրպէյճանի դէմ պատերազմ ծրագրելու համար մեղադրուած է։
Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան կը շեշտէ, թէ տարեսկիզբին պիտի հրապարակուին վերջնական դատավճիռները։ Դժբախտաբար Պաքուի դատական ոլորտէն ներս, առեւտուրի տրամաբանութիւն գոյութիւն չունի։ Աւելի ճիշդը՝ դատական համակարգ գոյութիւն չունի։
Վերջերս շշուկներ շրջան ըրին, թէ Իլհամ Ալիեւ ներում պիտի շնորհէ բազմաթիւ տեղացի բանտարկեալներու։ Ողբերգութիւնը կը շարունակուի։ Երեւանի իշխանութեան կիզակէտը, փոխանակ Պաքուն ըլլալու՝ դժբախտաբար Էջմիածինն է։ Հոն ալ ազերիական պահանջներն ու նախապայմանները հնչեղ են…
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
