ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ինչո՞ւ Հայ Մնալ

09 Հունվար 2026

Գաղտնիք մը չէ այլեւս, այլ հանրայայտ իրողութիւն մըն է, որ արտասահմանի մեր բազմաթիւ գաղութներուն մէջ, հայապահպանումը չափազանց դժուար եւ մտահոգիչ խնդիր դարձած է:

Օրէ օր կը տկարանան մշակոյթի այն գործօնները, որոնք մեծապէս կը սատարեն մեր ժողովուրդի ազգապահպանման կենսական գործին: Եւ ասիկա մտահոգութեան լուրջ նիւթ է ամէն գիտակից եւ ազգասէր հայու համար:

Մերթ ընդ մերթ կը հանդիպինք հայերու—երիտասարդ, չափահաս եւ կամ նոյնիսկ տարեց հայ մարդոց եւ կիներու—որոնք հարց կու տան թէ ինչո՞ւ հարկաւոր է հայ մնալ, երբ իրենց ապրող երկիրներու մէջ կը ջանան պատուաւոր քաղաքացիներ ըլլալ: Երբեմն կը հանդիպինք հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, որոնք իրենց աշխարհաքաղաքացի ըլլալու իտէալը չեն կրնար հաշտեցնել իրենց հայ մնալու գաղափարին: Իրենց համար «ընտիր մարդ ըլլալն է կարեւորը»: Կարծես թէ ընտիր մարդ եւ ընտիր հայ ըլլալը՝ խոտոր համեմատական իրականութիւններ ըլլային…:

Կար ժամանակ երբ մեր ազգային ինքնութիւնը եւ մեր հայ ըլլալու հպարտութիւնը խնդրոյ առարկայ չէր մեր ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան համար, մինչ ներկայիս այնպէս կը թուի թէ անհրաժեշտ է համոզել կարգ մը հայեր թէ՝ ինչու՞ հայ մնալու են: Եթէ ձախողինք պատասխաններ հայթայթել այս էական հարցումին գուցէ մեր ազգապահպանման ջանքերը անիմաստ պիտի դառնան:
Երբեմն կը տարուինք մտածելու թէ՝ եթէ մեր զաւակներն ու թոռները որոշելու ընտրութիւնը ունենային, արդեօք պիտի որոշէի՞ն հայ ըլլալ եւ հայ մնալ: Արդեօք մենք իրենց հայթայթա՞ծ ենք այն բոլոր գործօնները, միջավայրը, միջոցներն ու ազդակները հայ մնալու եւ հայու հպարտութիւնը պտտցնելու իրենց հետ՝ այս մոլորակի վրայ՝ ու՛ր որ ալ գտնուին:

Տարիներ առաջ, Գահիրէի մէջ, հովուական պաշտօնավարութեանս շրջանին, կը յիշեմ «Յուսաբեր» օրաթերթի խմբագիր՝ Բեգլար Նաւասարդեանի մէկ վկայութիւնը իր հօր, կուսակցապետ եւ ականաւոր հայ հրապարակագիր Վահան Նաւասարդեանի մասին: Երբ Բեգլար իր հօր՝ Վահանին կը հարցնէր, «Հայրիկ, եթէ դուն վերստին աշխարհ գալու ըլլայիր, ո՞ր ազգին մէջ պիտի փափաքէիր ծնած ըլլալ»:

Պատասխանը՝ «Անշուշտ հայ ծնած ըլլալ պիտի ուզէի»: Երբ ես Բեգլարին նոյն հարցումը հարցուցի, ի՛ր ալ պատասխանը եղաւ, «Անվարան՝ ես ալ պիտի փափաքէի հայ ծնած ըլլալ»:

«Ինչու՞ հայ մնալը» կենսական եւ գոյութենական (existential) հարցում մըն է, որուն պատասխանել այնքան ալ դիւրին չէ: Բայց փորձենք սեղմ տողերու մէջ պատասխաններ հայթայթել.-

1. Ազգային զօրեղ նկարագիրը

Պատճառներէն մէկը որ պիտի ուզէինք հայ մնալ մեր ազգային նկարագիրն է: Մեր ազգային պատմութիւնը տեսակ մը մարտիրոսագրութիւն է: Դարձուցէ՛ք մեր երեքհազարամեայ պատմութեան էջերը եւ հոն դուք պիտի գտնէք արեան պատմութիւն մը. Պատմութիւն մը, որ արձանագրած է բազմաթիւ մահասարսուռ էջեր եւ ազգային աղէտներ: Բայց ի հեճուկս այս ամէնուն, մեր պատմութիւնը արիւնաքամ հայութեան վերանորոգ ոյժին, գոյատեւումի եւ վճռակամութեան հրաշալի պատմութիւնն է: Հայ ազատագրութեան շարժումի մեծ ռահվիրայ Րաֆֆիի խօսքով, «Հայ ազգը այն բազմադարեան «հիդրան» է, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած գլխի տեղ բուսնում է նորը եւ աւելի զօրաւորը: Դարերի ընթացքում համաշխարհային դարբնոցի սալին վրայ, հայը այն աստիճան ծեծուեցաւ, տաշուեցաւ ու կոփուեցաւ, որ ստացաւ երկաթի ամրութիւն»:

Այնպէս կը թուի թէ՝ Աստուած օժտեր է մեզ ազգային պողպատեայ նկարագրով: Հայկ Նահապետէն սկսեալ հայ ցեղի ծոցէն դուրս եկած են քաջասիրտ մարդիկ, որոնք աներկիւղ կեանքի պայքարը մղած են, տագնապներու պահուն աննկուն կամք ցոյց տուած են, դժուարութիւններու առջեւ չեն ընկրկած, փորձութեան առջեւ չեն թուլցած, այլ դիմադրած են հերոսաբար:

Մենք, ժամանակակից հայերս, օղակն ենք հայ ազգի ադամանդեայ շղթային: Հինաւուրց ազգի մը զաւակներն ենք եւ ժառանգորդները փառաւոր անցեալի մը: Մեր ազգի պատմութիւնը լի է նուիրումի եւ մաքառումի սրտառուչ դրուագներով, որոնք կը պարտինք մեր ազգային նկարագրին:

Անոնք որոնք հարց կու տան թէ՝ կ’արժէ՞ հայ մնալ, մտահան ընելու չեն թէ՝ պարտական են իրենց անցեալին, իրենց ազգային ժառանգութեան:

Ո՞ր հայը հպարտ պիտի չզգար մեր ազգային սքանչելի նկարագրով: Ո՞ր հայը պիտի ուզէր անփոյթ ժառանգորդը ըլլալ իրեն կտակուած անփոխարինելի ժառանգութեան:

Ո՞ր հայը պիտի ուզէր անտեսել եւ թողլքել տոհմային այն առանձնայատկութիւնները, մտաւոր եւ հոգեւոր այն բոլոր արժէքները, ազգային այն բոլոր առաքինութիւնները, որոնք հայ ազգի գոյութեան, տոկունութեան եւ տեւականութեան սատարեր են: Որչա՜փ անհեռատես եւ անտրամաբանական ըլլալու է ոեւէ հայ, որչա՜փ մտքով եւ հոգիով սնանկ ըլլալու է ոեւէ հայորդի՝ թողլքելու հաւատքով ու աղօթքով, քրտինքով ու արիւնով աւանդ թողուած եւ կտակուած փառաւոր ժառանգութիւն մը:

2. Հայրենիքը

Հայրենիքը այն շօշափելի եւ տեսանելի իրականութիւնն է, որ կրնայ ամէն գիտակից հայու էութեան մէջ ստեղծել անխառն հպարտութեան զգացում: Հայրենի հողը դիւթական եւ հմայիչ այն հողն է, որ մեր ազգային յոյսերուն, երազներուն ու տեսիլքներուն գումարը կը խտացնէ: Պատմութեան արիւններէն ու աւերներէն ժառանգ մնացած այն պատառ մը հողը, որ Հայաստան կը կոչուի:

Հայրենիքը ամրակուռ կռուանն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան: Վերաշինուող Հայաստանը մեր բոլորին լուսաւոր եւ անխորտակելի խարիսխն է, հզօր վկայութիւնը մեր ցեղային հանճարի յաւերժական տոկունութեան եւ ապահով գրաւականը մեր գալիքին:

Շուրջ վեց երկար դարեր անհայրենիք մնացող հայութեան երազն էր իր սեփական հողին վրայ կերտել հայ պետականութիւն: Այդ երազը իրականացաւ Մայիս 28, 1918-ին, երբ Հայկական ցեղասպանութենէ ճողոպրած հայ ժողովուրդի մնացորդացը հերոսաբար կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը պատմական Հայաստանի մէկ հողաշերտին վրայ:

Ամէն լի-իրաւ հայու համար հայրենիքը սոսկ որեւէ երկրամաս մը չէ, եւ չի կրնար ըլլալ, այլ արարատեան այն հողամասը որ մեր ցեղի դարաւոր քրտինքով եւ արիւնով մկրտուած է:
Ո՞ր գիտակից հայը հպարտ չզգար դրախտավայր այն հայրենիքին համար, ուր Երեբունիի բլուրէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդի բլուրը՝ ոսկի գծով կը կապէ, կը զօդէ մեր անցեալը մեր ներկային, մեր հնադարեան փառքը՝ մեր վերածնած հայրենի իրականութեան:

Միայն ուծացած հայն է, որ գիտակցաբար եւ կամաւորապէս կտրած նետած է այն ջիղերն ու մկանները, որոնք զինք կապած են իր հայրենի հողին: Ան խփած–գոցած է իր ականջները հայրենիքի ընդերքէն հասնող մայրական ձայնին:

Ո՞ր հայը, ազգային արժանապատուութիւն ունեցող հայ մարդը, հաւատարմութիւն պիտի չտածէր իր արիւնին, իր ցեղային ինքնութեան, իր ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան:

Ո՞ր հայը հաւատարմութիւն ցոյց պիտի չտար իր հայ ապրելու պահանջքին եւ այն բոլորը խորհրդանշող ափ մը հողին՝ Հայաստանին:

3. Հայ Մշակոյթը

Հայ մշակոյթը ուրիշ կենսական ազդակ մըն է հայ ինքնութիւնը վառ պահելու հայ մարդուն մտքին, սրտին եւ հոգիին մէջ: Մշակոյթը ազգի մը լեզուին, գրականութեան, արուեստներուն, գիտութեան, ապրումներուն, ոգեկան խոյանքներուն, ներկայի իղձերուն եւ ապագայի երազներուն հայելին է:

Հայ մշակոյթը յիշեալ բոլոր տուեալներուն համախառն կուտակումն է: Ան հայ ժողովուրդին կերտած քաղաքակրթութեան չափանիշն է, մեր ազգային գոյատեւման երաշխիքը:

Ո՞ր հայը հպարտ չզգար իր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչով եւ մեծանուն Տրդատ Գ. Թագաւորով, որոնք չորրորդ դարու սկզբնաւորութեան Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունեցին եւ մեզ օժտեցին առաջին Քրիստոնեայ ազգը ըլլալու պատիւով:

Ո՞ր հայը հպարտ եւ յաւէտ երախտապարտ պիտի չզգար իր անմահանուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցով, որ հինգերորդ դարու սկիզբը հայ ազգը օժտեց սեփական գիրերով:

Ո՞ր հայը հպարտ պիտի չզգար իր Ս. Սահակ Պարթեւով եւ իր սուրբ Թարգմանիչներով, որոնք Աստուածաշունչ Մատեանը թարգմանեցին հայերէնի՝ եւ զայն դարձուցին ոչ միայն կրօնական, այլ նաեւ մշակութային օրհնութեան աղբիւրի մը:

Ո՞ր հայը հպարտ չզգար հինգերորդ դարու հանճարեղ մտաւորականներով.- Եղիշէով, Ղազար Փարպեցիով, Մովսէս Խորենացիով, Եզնիկ Կողբացիով, Կորիւնով եւ այլ բազմաթիւ Թարգմանիչներով, որոնք ստեղծեցին Ե. դարու հայ գրականութեան փառապանծ «Ոսկեդարը»:

Ո՞ր հայը հպարտ չզգար մեր Ե. Դարու անմահանուն հերոսներով, մեր Վարդան եւ Վահան Մամիկոնեաններով, մեր Ղեւոնդ Երէցներով եւ Յովսէփ Կաթողիկոսներով, եւ վերջապէս Վարդանանց բազմաթիւ մարտիրոսներով, որոնք «Վասն Կրօնի եւ վասն Հայրենեաց» լոզունքով իրենց գերագոյն զոհողութիւնը ըրին որպէս զի Հայ Քրիստոնէութիւնը պահպանուի Հայաստանի մէջ:

Ո՞ր հայը հպարտ չզգար իր գիտնական Անանիա Շիրակացիով, Ճարտարապետ Տրդատով, իր աստուածաբան Ս. Գրիգոր Նարեկացիով, Ներսէս Շնորհալիով, Ներսէս Լամբրոնացիով, Գրիգոր Տաթեւացիով, Մովսէս Տաթեւացիով, Յակոբ Ջուղայեցիով, Մխիթար Աբբայով եւ դեռ ուրիշ բազմաթիւ մտաւորական տիտաններով:

Վերջապէս, ո՞ր հայը հպարտ չզգար իր ոսկեղնիկ լեզուով, իր փառաւոր գրականութեամբ, երգով, ճարտարապետութեամբ, մանրանկարչութեամբ եւ մշակոյթի այլ սեռերով:

4. Հայ Ընտանիքը

Անվիճելի իրողութիւն մըն է որ մարդկային բոլոր հաստատութեանց մէջ ամէնէն վաղեմին ընտանիքն է: Անով սկսած է եւ անով պայմանաւորուած ժողովուրդի մը ճակատագիրը: Ան ազգի մը եւ մարդկային ընկերութեան կառոյցին հիմնաքարն ու մանրանկարն է: Ան լաւագոյն հայելին է ժողովուրդի մը բարոյական իրավիճակին: Խրիմեան Հայրիկ իր կոթողական երկին՝ «Դրախտի Ընտանիքը» հոյակապ գրքին մէջ շքեղօրէն կը նկարագրէ այն բախտորոշ դերը որ վիճակուած է ընտանիքին.- «Ժողովուրդ մը եթէ յառաջդիմէ՝ իր առաջին քայլը ընտանեկան սրահէն կ’առնէ… եթէ լուսաւորուի՝ իր լոյսը ընտանեկան ճրագէն է… եթէ զօրանայ՝ իր ոյժն ու բազուկը ընտանիքն է… եթէ բարձրանայ՝ իր փառքի տաճարը ընտանիքն է»:

Միւս կողմէ, կը գրէ համբաւաւոր եկեղեցականը. «ժողովուրդ մը եթէ զեղծանի՝ իր ներքին զեղծմանց սկզբնաւորութիւնը ընտանիքն է… եթէ բարոյական կենդանի կեանք չունի՝ մեռելութիւնը ընտանիքն է… եթէ դէպի կորուստ կը դիմէ՝ ճամբայ բացողը ընտանիքն է»:

Հայ ազգի երեքհազարամեայ պատմութեան մէջ, մեր ազգային գոյատեւման գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ հայ ժողովուրդին ընտանեկան սրբութիւններու հանդէպ բծախնդրութիւնն է: Արա Գեղեցիկի պատմութիւնը հայ կեանքէն առնուած խօսուն դրուագ մըն է, որ կը պատկերացնէ մեր նախահայրերուն ունեցած խորունկ համոզումը ընտանեկան սրբութեանց մասին:

Հայ ընտանիքը յատկանշող որոշ բարեմասնութիւններ կան, որոնք հպարտութիւն կրնան պատճառել ոեւէ մարդու: Ասոնց շարքին կարելի է յիշել արժանապատուութեան գիտակցութիւնը, լրջախոհ եւ պատկառելի վարմունք ունենալը, պարկեշտութիւնը, հիւրասիրութիւնը, խոհեմութիւնը, հաւատարմութիւնը, եւ այլ առաքինութիւններ:

Ո՞ր հայը հպարտ պիտի չզգայ հայ ընտանիքով, մանաւանդ հայ քրիստոնեայ ընտանիքով, որ հիմնաքարն է մեր ազգային կառոյցին եւ հզօր միջնաբերդը մեր գոյութեան:

5. Հայ Եկեղեցին

Հայ եկեղեցին դարեր շարունակ խիստ բախտորոշ ազդեցութիւն ունեցած է հայ ազգի հոգեւոր, ազգային, քաղաքական, ընտանեկան, ընկերային եւ մշակութային կեանքի վրայ: Ան հայ ժողովուրդը օժտած է որոշ նկարագրով եւ առանձնայատուկ կենցաղով: Ան եղած է ամէնէն զօրաւոր ազդակը հայ ազգի քաղաքակրթութեան եւ ստեղծագործ յառաջդիմութեան:

Հայ Եկեղեցին իբրեւ քրիստոնէական ընտիր դաստիարակութիւն ջամբող հաստատութիւն դարեր ամբողջ դարձած է հայ ժողովուրդի մէջ քրիստոնեայ նկարագիր կերտող ուժեղ ազդակ մը: Դարեր շարունակ, ան դարբնած է հայ հոգին՝ Քրիստոսի, Իր առաքեալներուն, հայ սուրբերուն եւ մարտիրոսներուն ոգիով:

Ո՞ր հայը հպարտ պիտի չզգար Հայ Եկեղեցիով, որ աշխարհ մը զոհողութիւններու, սերունդներու քրտինքին, արցունքին ու արեան գնով կտրեր անցեր է պատմական իր լուսաւոր ու հրաշագեղ ճանապարհը եւ կտակեր է մեզի անփոխարինելի ժառանգութիւն մը:

Ո՞ր հայը հպարտ պիտի չզգար Հայ Եկեղեցիով որ պատմութեան տառապանքներէն եւ մարտնչումներէն վերապրած հասեր է մեր օրերուն եւ հաւատքով կը նայի ապագային:

6. Անձնական վկայութեան եւ Կենցաղի Օրինակը

Վերոյիշեալ հինգ կէտերն ալ համոզիչ պատճառներ են հայու մը՝ հպարտ զգալու իր ազգային ինքնութեան համար: Բայց կայ նաեւ ուրիշ կարեւոր ազդակ մը, որ կրնայ իր բախտորոշ դերը ունենալ հայու մը հայ մնալու որոշումին մէջ: Ատիկա հայօրէն ապրուած կեանքի մը օրինակն է: Չկայ աւելի հզօր ազդեցութիւն քան երբ հայ մը իր խօսքով եւ գործով, կեանքով եւ կենցաղով կենդանի վկայ եւ ներշնչիչ օրինակ կը դառնայ ուրիշ հայու մը: Երբ հայ մարդը իր կեանքով եւ իր հայեցի նկարագրով կը ցոլացնէ հայութեան լաւագոյն արժէքներն ու արժանիքները՝ կրնայ վարակել ուրիշ հայ մը:

Բայց, ի վերջոյ, «ինչո՞ւ հայ մնալ» հարցումին պատասխանը պիտի տրուի ամէն հայու կողմէ: Ամէն հայ մարդ ի՛նքն է որ պիտի որոշէ թէ հայ պիտի մնայ կամ ոչ: Հանրայայտ իրողութիւն է, որ Աստուած մարդուն շնորհած է ընտրելու ազատութիւն: Ընտրութիւն ընել եւ որոշում տալ մարդ արարածին առանձնաշնորհումն է: Անվիճելի իրողութիւն է նաեւ որ Աստուած հայ անհատը հայ ազգին մէջ ստեղծած է հայ ապրելու եւ հայ մնալու համար: Այլապէս, ուրիշ ազգի մը մէջ պիտի ստեղծէր զայն: Հայ ծնելուն մէջ ոչ մէկ հայ ընտրութիւն ունի, բայց հայ ապրելու եւ հայ մնալու համար որոշումը ամէն հայու առանձնաշնորհումն է:

Արդ, որչափ ալ համոզիչ ըլլան հայ մնալու պատճառները, վերջին հաշւով իւրաքանչիւր հայ ի՛նք պիտի որոշէ հայ մնալ կամ ոչ: Ոչ ոք բռնի կերպով կրնայ փոխել իր որոշումը:

Մեր մաղթանքն ու աղօթքը այն է, որ ամէն հայ այս արեգակի տակ ուր որ ալ գտնուի, եւ ինչ պարագաներու մէջ, պիտի որոշէ հայ ապրիլ եւ հայ մնալ:

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան / Տիթրոյթ — Միշիկըն
«Հայրենիք» – Բացառիկ Դեկտեմբեր 2025

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Իրանը ճնշման ներքո, բայց ոչ փլուզման ե

Այնուամենայնիվ, վերջին օրերի անկարգությունները իրենց բնույթով էականորեն տարբեր

12 Հունվար 2026
Լիլիթ Գալստյանը ԵԱՀԿ ԽՎ պաշտոնյաներին

Դեկտեմբերի վերջին, որպես ԵԱՀԿ ԽՎ Սոցիալիստների ւ Սոցիալ- Դեմոկրատների խմբակցու

12 Հունվար 2026
Հալեպում փխրուն հրադադար է

Սիրիայի հայոց ազգային առաջնորդարանի ազգային վարչության ատենապետ Ժիրայր Ռեիսյան

10 Հունվար 2026
Բագրատունի. «Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛

«Այո՛, մենք այսօր կանգնած ենք կերտումին առջեւ նոր Լիբանանի, որ սակայն պէտք է հ

10 Հունվար 2026
Երբ կը խօսինք արժէքներու մասին

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Հարց տանք, թէ որո՞նք են մեր արժէքները, որոնք մեր մնայուն մտասեւե

10 Հունվար 2026
Ակնարկ. Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկ

Կը վերադառնանք այլ ուժերուն: Հիմա նկատենք, որ Անգարայի թիրախային առաջին ճակատը

10 Հունվար 2026
Հալեպում այսօր առավոտից ռազմական գործ

Բավական ծանր գիշեր էր Հալեպում, թեև գիշերվա ժամերին արդենորոշ հույսի նշույլներ

09 Հունվար 2026
Սուրբ Ծննդեան առթիւ քաղաքական պաշտօնատ

Կազմակերպութեամբ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 7 Յունուար 2026-ին

09 Հունվար 2026
Ինչո՞ւ Հայ Մնալ

Գաղտնիք մը չէ այլեւս, այլ հանրայայտ իրողութիւն մըն է, որ արտասահմանի մեր բազմա

09 Հունվար 2026
Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացե

Վենեզուելայի նախագահին առեւանգումը Միացեալ Նահանգներու ուժերուն կողմէ, ռազմարշ

09 Հունվար 2026
Հալեպում վիճակը սարսափելի է

«Հալեպում վիճակը սարսափելի է, բախումներ կան ամեն տեղ, ամեն մարդ իր բնակարանում

08 Հունվար 2026
Առեւտուր՝ Ցորեն, Վառելանիւթ Եւ ․․․Բանտ

Վերջին օրերուն պատահածները իսկապէս գլխապտոյտ կը պատճառեն եւ հարցադրումի դիմաց

08 Հունվար 2026
Դաշնակցութիւնը ապրող կամք է, շարունակո

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Դար մը եւ երեսուն հինգ տարիներ կը բաժնեն մեզ Հայ Յեղափոխակա

08 Հունվար 2026
Յայտարարութիւն Կիպրոսի Հայ դատի յանձնա

Կիպրոսի Հանրապետութիւնը, 1 Յունուար 2026-ին ստանձնեց Եւրոպական Միութեան Խորհու

07 Հունվար 2026
Մեր Համոզումը Այն Է, Որ Արթննալու Ժամն

Անդրադառնալով Արցախի վերաբերեալ մեր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերուն՝ մենք գոր

07 Հունվար 2026
Հալեպում իրավիճակը սրվել է

Հալեպում իրավիճակը կտրուկ սրվել է։ Այս մասին «Փաստինֆո»-ին հայտնել է Սիրիայի խ

07 Հունվար 2026
Թուրքիայի կողմից ազգային փոքրամասնությ

Սա Թուրքիայի կողմից հայերի, ասորիների, հույների և հրեաների հետապնդումների և մա

06 Հունվար 2026
Փաշինյանի թափառախմբի նվազող կազմը ցույ

«Փաշինյանի քաղաքական հետագծում արյուն, ավեր, կործանումներ են, և այդ 10 հոգուն

06 Հունվար 2026
Փաշինյանի «ուխտերթը» շոու է

Եկեղեցին վերքաղաքական կառույց է, բայց տեսնում ենք, որ Փաշինյանը փորձում է քաղա

06 Հունվար 2026
Մենք անսասան կը մնանք մեր ազգային օրակ

Այս ազգային օրակարգին ուղղութեամբ արդիւնաւէտ աշխատանքը կը պահանջէ Հայաստանի մէ

06 Հունվար 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company