ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն 6 նորագիրներ անցան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը
27 Փետրվար 2026
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 26 փետրուար 2026-ի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն 6 նորագիրներ անցան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով բացման խօսքը արտասանեց Եղիա Թաշճեան: Այնուհետեւ նորագիրներուն իր պատգամը ուղղեց երդման արարողութեան կնքահայր` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան: Պուլուզեան խօսքը նորագիրներուն ուղղելով ըսաւ, որ իրենց վճռակամութիւնը միանալու ՀՅ Դաշնակցութեան կամ ոչ ըսելու` որոշումի պահն է, եւ երդումը տալէ ետք այլեւս ետդարձի ճանապարհ չկայ: Պուլուզեան նշեց, որ դաշնակցականի երդում տալով նորագիրները դժուար առաքելութիւն կը ստանձնեն: Ան յայտնեց, որ նորագիրները այսպիսով դժուար առաքելութեան ուղի ընտրեցին, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղած է այն կուսակցութիւնը, որ սերունդները ուղղորդած է դէպի ազատագրութեան գաղափարը:
«Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան համար» երդումը տալէ ետք, արցախեան ազատագրական պայքարի 38-ամեակին առիթով ԶՈՄ-ական 6 նորագիրներու սերունդը կոչուեցաւ «Արթուր Մկրտչեան» սերունդ:
Նշենք, որ Արա Պուլուզեան Լիբանան ժամանած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով` բանախօսելու համար Արցախի ազատամարտին նուիրուած ձեռնարկին:
Ան այցելած է նաեւ «Ազդակ»:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ կայացած խորհրդակցութեան նիւթը Արցախի իրաւունքներու իրականացման համար տարուող աշխատանքներն էին:
Քննարկումի հիմնական նիւթ էին նաեւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի օրկան «Ապառաժ»-ի աշխատանքները:
