Խմբագրական. Չփակելո՛ւ Համար Արցախի Էջը
27 Փետրվար 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ երէկ նշուեցաւ Արցախի ազատամարտի 38-ամեակը: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի մասնակցութիւնը այս ձեռնարկին` իր ներկայացուցիչին ճամբով, քաղաքական յստակ ուղերձ կը պարունակէ իր մէջ:
Նախ, անշուշտ Արցախի էջը փակուած չնկատելու հաւաքական կեցուածքի արտայայտութիւնն էր նախաձեռնութիւնը: Հակառակ հայաթափումին, բռնի տեղահանումին, բռնագրաւումին եւ հակառակ` Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու պաշտօնական որոշումներուն, Արցախի հայապատկանելիութեան վերադարձի երթը փաստօրէն կը շարունակուի:
Կարեւորագոյն խորհուրդ ունի նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի մասնակցութեան երեւոյթը: Նախ անհրաժեշտ է շեշտել, որ Արցախի ժամանակաւոր կորուստը որեւէ ձեւով պատճառ չեղաւ, որ մեր կազմակերպութիւնը չշարունակէ իր գործունէութիւնը Արցախի մէջ: Արցախի էջը փակած չըլլալու ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ կը տեղադրուի այս իրականութիւնը:
Արցախի էջը չփակելու եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու առաջադրանքը նաեւ պետական մակարդակի վրայ է, ինչ որ հեռանկարային նշանակութիւն ունի: Պետական կառոյցներու օրինական շարունակութեան ապահովումը խիստ կենսական է ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ընտրուած կառավարման համակարգի գոյութիւնը պահպանելու առումով: Եւ այնպէս չէ, որ Արցախի բռնագրաւումի այսօրուան իրականութիւնը աւելորդ կը դարձնէ այդ կառոյցներու գործունէութեան շարունակութիւնը: Զուիցերիոյ երկպալատ խորհրդարանը բանաձեւ կ՛որդեգրէր եւ կոչ կ՛ընէր Ազրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւն կազմակերպելու, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի առաջադրանքով:
Արցախի ներկայացուցիչները Արցախի պետական մարմիններն են` խորհրդարանով եւ կառավարութեամբ: Երեւանը այս հեռանկարը նկատի ունենալով պարտէր աջակցիլ այս կառոյցներու եւ հաստատութիւններու գործունէութեան շարունակութեան:
Արցախի ներկայացուցիչներն են, որոնք նաեւ միջազգային ատեաններուն մօտ պիտի աշխատին կասեցնել քաղաքակրթութեան բնաջնջման արշաւը: Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան քանդումի, խեղաթիւրման պետական քաղաքականութեան ծալքերը բացայայտելու եւ այդ ժառանգութեան իրաւատիրոջ կարգավիճակով միջազգային կառոյցներուն մօտ աշխատանք տանելու համար անհրաժեշտ են այդ ներկայացուցիչները: Այս առաջադրանքներուն ընդառաջ իրաւական կարգավիճակի պահպանման նախանձախնդրութեամբ է նաեւ, որ Արցախի թեմի պահպանումը յատուկ նշանակութիւն ստացաւ:
Արցախի պետական-հոգեւոր-կուսակցական կառոյցներու շարունակութիւնը հրամայական է ամէնէն առաջ գիտակցելու, որ Արցախի բռնագրաւումը ժամանակաւոր երեւոյթ է: Արցախի վերադարձը հայութեան անհպելի տեսլական է եւ անոր ընդառաջ նպատակուղղուած աշխատիլը ամէնէն ճիշդ ուղին:
Այսօր Երեւանը կը յայտարարէ, որ այս եռաուղղութիւն գործունէութիւն պարփակող կառոյցներու առկայութիւնը կամ շարունակականութիւնը խոչընդոտող տարր է առաջ մղուող խաղաղութեան օրակարգին համար:
Հետեւաբար սփիւռքը Արցախի պաշտօնական կառոյցներու գործունէութեան շարունակութեան համար ունի առնուելիք քայլերու ծրագիրի մշակման խնդիր: Նաեւ այդ ծրագրի գործադրութեան համար աջակցող գործիքակազմերու ձեւաւորումի օրակարգ: Համահայկական օրակարգ:
Երէկուան ձեռնարկը այս խորհուրդները կ՛ամփոփէր իր մէջ եւ հերթական անգամ կ՛ընդգծէր, որ լիբանանահայութիւնը Արցախը հայութեան վերադարձնելու գործին առաջին գաղափարակիրներէն է:
Ազդակ
