Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հ.Յ.Դ. Արցախի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտեներու ներկայացուցիչները
01 Մարտ 2026
Շաբաթ, 28 Փետրուար 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի:
Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը Նորին Սրբութեան ընդհանուր գիծերով պարզեց Արցախի հայութեան կատարած աշխատանքները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ան իր գնահատանքը յայտնեց Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքներուն:
Նորին Սուրբ Օծութիւնը, իր կարգին, շեշտեց Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայականը եւ այս ծիրէն ներս արցախցիներուն վերադաձի իրաւունքը, Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ Արցախի եկեղեցիներուն ու պատմական կոթողներուն պաշտպանութիւնը՝ միջազգային օրէնքներու համաձայն:
Վեհափառ Հայրապետի հետ հանդիպումէն ետք, Արա Պուլուզեան եւ Ալպեր Պալապանեան ուղղուեցան Կաթողիկոսարանի Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռ եւ ի յիշատակ Սումկայիթի զոհերուն՝ ծաղկեպսակ զետեղեցին:




