Ակնարկ. Դ. Կէտի Հանգոյցը
27 Մարտ 2026
Միացեալ Նահանգներ-Իրան միջնորդաւորուած բանակցութիւններու մասին կան հակասական տեղեկութիւններ: Շրջանառուող տեղեկութիւններէն բաժին մը պաշտօնական է, կարեւոր մասն ալ լրատուական արտահոսքերու վրայ հիմնուած հրապարակումներ են. տեղեկատուական պատերազմ է իր բոլոր ուղղութիւններով, եւ կարելի չէ յստակ հետեւութիւններ ընել շրջանառուող տեղեկութիւններէն կամ ապատեղեկութիւններէն:
Եթէ պահ մը ընդունինք, որ իրօք Ուաշինկթըն 15 կէտնոց առաջարկներ փոխանցած է Թեհրանին Փաքիստանի ճամբով, ապա այս լուրին վրայ հիմնուելով նկատի կ՛ունենանք նաեւ Իրանի պատասխանը: Ի դէպ, Թեհրան կը շարունակէր հերքել, որ բանակցութիւններ տեղի չեն ունենար: Պաշտօնական բաժինէն Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարն էր, որ հաստատեց իր երկրին մասնակցութիւնը այդ բանակցութիւններուն:
Ըստ այս հրապարակումներուն, Միացեալ Նահանգներու պայմանները կարելի է ամփոփել այս ձեւով.
Ա.- Իրանի մէջ հիւլէական երեք կեդրոններու փակում:
Բ.- Հրթիռային արտադրութեան կրճատում:
Գ.- Արտաիրանեան յենակէտերու ուղղութեամբ օժանդակութիւններու դադրեցում:
Դ.- Հորմուզի նեղուցով ազատ նաւագնացութիւն:
Իսկ Իրանի պայմանները`
Ա.- Պատերազմի անմիջական դադրեցում:
Բ.- Երաշխիքներ պատերազմական գործողութիւններ չվերսկսելու:
Գ.- Իրանի նկատմամբ գործուած վնասի հատուցում:
Դ.- Հորմուզի նեղուցին վրայ իրանեան ամբողջական գերիշխանութիւն:
Կան անշուշտ ածանցեալ խնդիրներ, պայմաններ, բանակցելի կէտեր: Ամփոփումը մօտաւորապէս այս կէտերն են. իսկ այս կէտերուն պարագային ալ ամէնէն հանգուցայինը` Դ. կէտն է:
Դ.- կէտին ամէնէն հանգուցային ըլլալը կը վերընդգծուի, երբ կարդանք Փենթակոնի հաղորդագրութիւնը առ այն, որ եթէ ճշդուած ժամկէտին Իրանը համաձայնութիւն չտայ այս պայմաններով բանակցելու, ապա Ուաշինկթըն վերջնական հարուածներու ծրագիր պատրաստած է: Այդ ծրագիրին համաձայն`
. Ներխուժել կամ շրջափակել Խարք կղզին` Իրանի հիմնական նաւթային արտահանման կեդրոնը:
. Ներխուժել Լարակ կղզի, որ կ՛օգնէ Իրանին վերահսկելու Հորմուզի նեղուցը:
. Վերահսկողութիւն հաստատել Ապու Մուսա ռազմավարական կղզիին եւ երկու փոքր կղզիներու վրայ, որոնք Իրանի վերահսկողութեան տակ են, բայց նաեւ կը պահանջուին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ:
. Արգելափակել կամ գրաւել նաւերը, որոնք իրանական նաւթ կ՛արտահանեն Հորմուզի նեղուցի արեւելեան հատուածին մէջ:
Այսպիսով կը բացայայտուի նաեւ այս պատերազմին բուն շարժառիթը: Մնացեալը, հիւլէականէն մինչեւ հեռահար հրթիռներ եւ փրոքսիներ այս նպատակին հասնելու համար ենթահող պատրաստող միջոցներ կը թուին ըլլալ:
Ուրեմն. եթէ կայանան բանակցութիւններ, օրակարգի առանցքը պիտի ըլլայ Հորմուզը: Այսինքն` այդ նեղուցէն անցնող ոչ միայն իրանեան ուժանիւթային աղբիւրներու արտադրութիւնը, այլ նաեւ ուժանիւթի համաշխարհային շուկայի կարեւորագոյն կենսաճանապարհներէն մէկը: Հիմա, պէտք է մտածել, որ ինչ տեսակի փոխզիջումնային բանաձեւ կարելի պիտի ըլլայ գտնել այս հանգուցալուծումը ապահովելու համար:
Այս բոլորի վերահսկողութեան եւ գերշահոյթներու բաշխումը` անշուշտ Իրանի դէմ գործադրուող պատժամիջոցներու ամբողջական վերացումին դիմաց: Բայց տակաւին հոն հասնելու համար ցնցումային հանգրուաններ կան:
«Ա.»
«Ազդակ»
