ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Բյուրո
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Կացութիւնը Կը Պահանջէ Հայաստան-Սփիւռք Քաղաքական Օրակարգի Անյապաղ Համընկնում

28 Մարտ 2026

Ստորեւ կու տանք 14 եւ 15 Մարտին, Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի «Սփիւռք» խորհրդաժողովին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի ներկայացում-ելոյթը՝ «Հայաստան-Սփիւռք քաղաքական տինամիքի (ուժաբանութեան) եւ քաղաքականութեան ներդաշնակեցում» նիւթին իբրեւ զեկուցաբերներէն մին.

Հայկական Սփիւռքը՝ իր բնօրրանէն դուրս հաստատուած զանգուածի մը սահմանումով 1600 տարիներու կեանք մը ունի: Վերջին հազարամեակին երեք մեծ կայսրութիւններու՝ Օսմանեան, Ռուսական եւ Պարսկական հանդիպակած տեղը ըլլալով՝ շա՛տ տուժած է հայութիւնը՝ տեղահանութեամբ եւ մնայուն արտահոսքով իր պապենական հողերէն:

Վերջին հարիւրամեակին, 3 եղելութիւններ բեկումնային նոր իրադրութիւն մը ստեղծեցին Հայկական Սփիւռք հասկացողութեան մէջ. անոնք էին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր թէժ հետեւանքներով, Հայաստանի Հանրապետութեան երկակի անկախացումը եւ Արցախի հայաթափումը:

Այս երեք մեծածաւալ դրոյթները նախ քաղաքական բնոյթի շրջադարձային փոփոխութիւններ եղան հայութեան համար, եւ ըստ այնմ նո՛ր տեսակի կացութիւններ ստեղծեցին ու փոխեցին հայութեան նախատիպը՝ landscape-ը, ըլլա՛յ անիկա Հայաստանի մէջ, Հայաստանի մերձակայ Սփիւռքին, այսինքն՝ Նոր Սփիւռքին, թէ՛ դասական յետ Ցեղասպանութիւն Սփիւռքին մէջ, մե՛ծապէս ազդելով անոր աշխարհագրական, ընկերային, քաղաքական, յարաբերակցական, թէ՛ կազմակերպական խճանկարին ու աշխատելադաշտին վրայ: Հետեւաբար, ամբողջ Background-ը եւ context-ը փոխուեցան:

Այսպիսի վերջին ցնցումը, որ իր տարողութեամբ չէր ալ բաղդատուէր հարիւրամեակին հետ, եղած էր Շահ Աբբասի՝ հայերու տեղափոխումով դէպի Պարսկաստան, 400 տարիներ առաջ:

Այսպէս՝ քաղաքականօրէն , ամողջութեամբ նոր տեսակի եւ մասշտաբի (scope & scale) կացութեան մը մէջ է ո՛չ միայն Սփիւռքը ներկայիս, այլ հայ ազգը ամէնուրեք, իր այսօրուան տարածութեամբ եւ համրանքով փոքրացած Հայաստանով ու աշխարհացրիւ հայութեամբ:

Յետ-Ցեղասպանութիւն սփիւռքեան համայնքներու եղափոխութեան մասին շա՛տ մելան հոսած է, եւ ես այսօր այդ մասին պիտի չխորանամ: Կեդրոնացումս պիտի ըլլայ այսօրուան թէժ իրավիճակէն դուրս գալուն, Հայաստան-Սփիւռք տինամիքը՝ ուժաբանութիւնը, զօրացնելուն եւ քաղաքականութեան ներդաշնակումին մեր թեմային շուրջ միայն:

Ուրեմն, տրուած ըլլալով՝

Որ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ հայութեան ձեռքը մնացած միակ պետութիւնն է իր բազմահազարամեայ պապենական հողերուն վրայ,

Որ շուրջ 250,000 արեւմտահայեր Ցեղասպանութենէն ետք ապաստանած էին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ,

Որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազգ-պետութիւն (nation-state) հասկացողութիւններով իսկ յատկանշուած վերջին երկու դարերու ժողովուրդներու պատմութեան մէջ՝ հայկական կանգուն միակ պետութիւնն է այսօր, իր բոլոր իրաւասութիւններով, ներկայացուցչութիւններով եւ միջպետական կառոյցներու անդամակցութեամբ,

Որ «մէկ ազգ-մէկ հայրենիք» հասկացողութիւնը միայն լոզունգ չէ,

Որ առաւել քան 1.4 միլիոն հայեր այսօր հեռացած են են Հայաստանի Հանրապետութենէն, անոր վերանկախացումէն ետք,

Որ արցախահայութեան բնական ապաստանարանը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է այսօր,

Որ համահայկական, այսինքն արեւելահայ, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ ուժերու միատեղման իսկ արդիւնքն էր Հայաստանի 1918ի հանրապետութիւնը, որ ինքնին ծննդեան վկայագիրն է այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան,

Որ բազմահարիւրամեայ հայ ազգային ազատագրական պայքարին իսկ իբրեւ արդիւնք, 16րդէն մինչեւ 20րդ դար, Հայաստանի Հանրապետութիւն մը, թէկուզ փոքր՝ գոյութիւն ունի այսօր։

Հետեւաբար, Հայաստանը եւ Սփիւռքը իրար հետ քաղաքական տինամիքը բարւոք զարգացնելու եւ քաղաքականութեան ներդաշնակում մը համահունչ (այսինքն՝ aligned) կերպով տանելու թէ՛ պարտաւորութիւնը ունին եւ արդէն թէ նուաճած են այդ իրաւունքը: Ահաւասիկ, մէկ-ազգ մէկ-հայրենիք հասկացողութիւնը ո՛չ թէ միայն գաղափարախօսական եւ ենթակայական ենթահող է հայութեան պարագային, այլ՝ տրամաբանական եւ առարկայական կառուցուածք:

Անշու՛շտ որ կարելի է իրաւական եւ գործնապաշտական պատճառներ թուարկել, այս համադրումին ու ներդաշնակումին հրամայականէն խուսափելու համար: Այդ մէկը պիտի ըլլար պատճառաբանութիւններու ետին գործը չընելու համար թագնուիլ:

Յա՛տկապէս հայութեան պարագային, ազգովին անիրաւուելո՛վ է որ մենք նոր Սփիւռք դարձանք: Կան քիչ ժողովուրդներ, որոնք այսպիսի ջլատող եւ հզօր երկուութեան մը առջեւ կը յայտնուին այսօր: Մէկ կողմէ անկախ պետականութիւն մը կը կերտեն, իսկ միւս կողմէ նոյն աղջամուղջին մէջ՝ ապակազմակերպ եւ ուռճացող նո՛ր Սփիւռք:

Այսպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հայութեան շահերը զիրար չեն խաչաձեւեր, այլ զիրար կ՛ամբողջացնեն: Շատ մը պարագաներու՝ մէկը միւսին, ընդհանրապէս Սփիւռքը Հայաստանին իբրեւ պահեստի ուժ, շտեմարան եւ կարողականութեան պէտք է ծառայէ: Հայաստանի եւ հայութեան շահերը իրար հակոտնեայ չեն: Ընդհակառակը՝ զիրար ուռճացնող կամ ամբողջացնող, փոխսնուցանող են, այսինքն synergistic և symbiotic են:

Իսկ երբ հարցի մը մէջ նրբանկատութեան կարիքը ըլլայ, ապա ողջմտութեամբ եւ համընկնեցումով զանոնք եւս կարելի է լուծել: Կարեւորը բարի (ո՛չ մրցակցային) կամեցողութիւնը եւ պատրաստակամութիւնն են:

Անկախութենէն ետք, այս գծով կարգ մը փորձեր եղան, սակայն, վերջին 8 տարիներուն ընթացքը խի՛ստ մտահոգիչ կացութիւն ստեղծած է: Հայաստանի իշխանութիւնները շատ մը պարագաներու հակադիր դիրքերու վրայ գտնուած են Սփիւռքի հաստատուած կառոյցներուն հետ, ըլլան անոնք քաղաքական, լոպիիստական, ընկերային-ուսումնական, դիւանագիտական, թէ կազմակերպական մարզերուն մէջ: Ցեղասպանութեան հետապնդումը Սփիւռքի ուսերուն շպրտելը, Արցախի հարցը յունական օրացոյցին նետելը, Սփիւռքի նախարարութիւնը փակելը եւ անոր պաշտօնէութիւնը արձակելը, Համահայկական ՀԱՍԵը պառակտելը, իսկ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները սահմանելը Զարեհ Սինանեանով եւ որոշ սփիւռքահայ անհատներով ու մէկդի ձգելով Սփիւռքի մէջ կազմակերպ գործ տարած ու տանող կառոյցները եւ նպաստած են ընդհանրական ամլացման: Այս բոլորին դիմաց, ունինք Սփիւռք մը որ կը զգայ որոշակիօրէն ապակողմնորոշուած եւ մասամբ կորսուած, նոր յարացոյցի մը ու նախատիպի մը փնտռտուքին մէջ, հիմնականին մէջ ինքն իր վրայ պարուրուելու եւ պաշտպանուելու վիճակին մէջ, մասամբ անսալով «կը բաւէ տուինք Հայաստանին ու Արցախին, հիմա ժամանակն է մենք մեզմով զբաղելու»՝ գաւաթին կէսը պարապ տեսնող բուճ կարգախօսին:

Արդ, ակնկալուածը ա՛յն է, որ հաշուետուութեան, պատասխանատուութեան, խորհրդակցութեան եւ տեղեկացուածութեան յստակ դերերու բաժանումներով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ կազմակերպ Սփիւռքը մշակեն ռազմավարութիւն, մարտավարութիւն եւ յաջողութիւնը նշաձողերով չափող ծրագիրներ, հետեւեալ մարզերուն մէջ.

– Հայաստանի անկախ պետականութեան հզօրացման եւ գերիշխանութեան մէջ Սփիւռքի դերակատարութեան ներմուծում՝ իր բոլոր երեսներով, քաղաքական, դիւանագիտական, ռազմարդիւնաբերական եւ այլն:

– Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդման եւ հատուցման աշխատանքներուն մէջ ներդաշնակում, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան իր բնօրրանը հաւաքական եւ ապահով վերադարձի քայլերու համադրում:

– Սփիւռքի վտանգուած համայնքներուն գծով քայլերու համընկնում:

– Ընկերային-կրթական-ուսումնական եւ ընդհանրապէս ինքնութեան պահպանման մարզին մէջ the sky is the limit. Literally! Հո՛ս ալ Forward-leaning քաղաքականութեան մը կարիքը ունինք:

– Կա՛յ նաեւ դիւրաբեկ դարձած արեւմտահայերէնին թեւ-թիկունք կանգնելու նիւթը, որուն ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընելիք ունի իր դիւրամատչելի կարողականութիւններ:

– Ալ ու՞ր մնաց տնտեսական գործակցութեան, գործարարութեան եւ այլ բնագաւառներու պարագային քաղաքականութեան մշակումը եւ կիրառումը:

Երկու խօսք ալ Սփիւռքին վրան կեդրոնանալու առաջադրութեան մասին: Առանց առողջ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մը, մէկ կողմէ Հայաստանն է որ պիտի տուժէ, իսկ միւս կողմէ Սփիւռքն է որ պիտի շիջի: Սփիւռքի գոյութեան իմաստը հայութեան լինելութիւնը չէ՛: Սփիւռքը կ՛իմաստաւորուի Հայաստանը զօրացնելով, եւ մեր ազգային իրաւունքներուն վերատիրանալով: Արդ, Սփիւռքի ճանապարհը պէտք է ըլլայ հայկական ինքնութիւնը առաւելագոյնս պահպանելուն մէջ, մէկ խօսքով՝ հայակերտումով եւ Հայ Դատի իր լայն ընկալումով ու այսօրուան Հայաստանի ապահովութեամբ եւ զարգացումով: Այլապէս Սփիւռքը իր վրայ reflexive՝ ներհայեաց, ըլլալով պիտի խամրի:

Ուրեմն, կարելի է եւ բաղձալի՝ Սփիւռքը զօրացնել, քաղաքականացնել, ճիշդ առաջնորդութեամբ եւ գործադրումով ղեկավարել, առանց մենք մեր վրայ ոստրէի մը նման փակուելու: Որովհետեւ Սփիւռքը հզօրացնել չի նշանակեր Հայաստանին չհասնիլ կամ Հայաստանը տկարացնել: This is not a zero-sum game։

Խօսք մըն ալ Հայաստանէն արտագաղթածներուն, այսպէս կոչուած labor migrants-ներու հայկական Սփիւռքին մասին, որոնց մեծ մասը բարեկեցիկ կեանք փնտռելով է որ հեռացած է հայրենիքէն: Վերի ներկայացուցածիս մեծ մասը յետ Ցեղասպանութիւն Սփիւռքին մասին էր: Հայաստանահայ արտագաղթած զանգուածին դրուածքը, անոր խոր եւ տարբերող ենթամշակոյթը եւ հայրենիքէն հեռանալու դրդապատճառները առաւելաբար – բայց ոչ միայն – տնտեսական ըլլալով՝ այս հատուածը կը ներկայացնէ տարբեր մարտահրաւէրներու եւ կարելիութիւններու նոր տեսակի հոյլ մը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինչու չէ նաեւ դասական Սփիւռքը այս ենթազանգուածին հետ համադրումի դաշտ եւ օրակարգ պէտք է ունենայ հակառակ անոր որ Հայաստանը կամովին ձգող ու բարօրութիւն եւ օտար քաղաքացիութիւն փնտռող զանգուածին մօտ ազգային ինքնութեան պահպանման ջանքը ինքնին հարցադրումներ պիտի յառաջացնէր: Արժէ նաեւ նշել որ ժամանակի ընթացքին, Սփիւռքին մէջ երկրորդ եւ յաջորդող հայաստանահայերու եւ դասական սփիւռքահայերու տարբերակունմներն ալ պէտք է փոքրանան:

Շնորհակալութիւն։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company