ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Քննարկում
  • Լուրեր
  • Հոդվածներ

Հայ դատի 60-ամեակ — ­Բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով

27 Մարտ 2026 2026-ին յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն կը բո­լո­րո­ւի 60-ա­մեայ հանգ­րո­ւա­նը ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։ ­Վեց տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րող պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի բազ­մա­շերտ գոր­ծու­նէու­թիւն մը, որ իր քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ ցու­ցա­կան ե­րես­նե­րով հա­մախմ­բեց բո­վան­դակ յու­հա­յու­թիւ­նը մեր ազ­գա­յին ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման նո­ւա­ճում­նե­րուն շուրջ։

Ն­շա­նա­կա­լից այս ան­կիւ­նա­դար­ձը կա­րե­լի չէ տես­նել որ­պէս սոսկ յո­բե­լե­նա­կան հանգ­րո­ւան, այլ որ­պէս յու­նա­հայ գա­ղու­թի քա­ղա­քա­կան հա­սունաց­ման եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած պայ­քա­րի պատ­մա­կան ու­ղե­գիծ։

Վեց տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին ­Հայ դա­տը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ այն գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռանց­քին, ո­րուն շուրջ ձե­ւա­ւո­րո­ւե­ցաւ գա­ղու­թի ազ­գա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ գե­րա­զան­ցե­լով զուտ մշա­կու­թա­յին ինք­նա­պահ­պան­ման սահ­ման­նե­րը եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մը կա­պե­լով պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջին ու մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման պայ­քա­րին։

60-ա­մեայ նո­ւա­ճու­մը ա­ռի­թը ե­ղաւ որ­պէս­զի «Ա­զատ Օր» ձեռ­նար­կէ բա­ցա­ռիկ հա­տո­րի մը հրա­տա­րա­կու­թեան, ո­րուն մէջ ար­ձա­գանգ գտած է պատ­մա­կան եր­կար ու­ղին եւ կազ­մա­կեր­պա­կան ան­թուլ աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով գրի կ­՚առ­նո­ւի ու կ­՚ար­ձա­նագ­րո­ւի շարք մը ան­ձե­րէ, ո­րոնք եւս ի­րենց ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցան քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տան­քի զա­նա­զան հանգ­րո­ւան­նե­րուն։ Ան­մի­ջա­կան յու­շա­պա­տու­մը ա­ռի­թը կու տայ ըն­թեր­ցո­ղին հան­գա­մա­նօ­րէն ի­մա­նա­լու ­Հայ դա­տի բազ­մաո­լորտ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն եւ ա­նոնց ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թեան մա­սին յու­նա­հայ գա­ղու­թի քա­ղա­քա­կան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պատ­մու­թեան վրայ։

­* * *

Հա­տո­րի ա­ռա­ջին է­ջե­րուն մէջ տեղ գտած խմբագ­րա­կան նշու­մը ար­ժե­ւո­րու­մը կը կա­տա­րէ յու­նա­հայ գա­ղու­թի քա­ղա­քա­կան հա­սու­նաց­ման։ Այդ գոր­ծըն­թա­ցը միա­ժա­մա­նակ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ գա­ղու­թա­յին կազ­մա­կերպ­ման ամ­րապն­դու­մով, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մով։

Ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան լու­սար­ձա­կի տակ կ­՚առ­նէ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ 1996-ի պատ­մա­կան ո­րո­շու­մը՝ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­ցիու­թիւ­նը, պե­տա­կան օ­րէն­քի վե­րա­ծե­լով ա­նոր նշու­մի պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս կը նշէ յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը՝ բա­նա­ձե­ւը քա­ղա­քա­կան լուրջ կշիռ ու­նե­ցաւ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, կա­րե­ւոր էր ա­նոր մի­ջազ­գա­յին ազ­դե­ցու­թիւ­նը, ուր ­Յու­նաս­տան՝ որ­պէս Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ՆԱԹՕ-ի ան­դամ եր­կիր, այս քայ­լով ազ­դան­շա­նը կու տար մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին, թէ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ զո­հել քա­ղա­քա­կան շա­հե­րուն առ­ջեւ։

­Ծա­ւա­լուն աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ մը, ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան կը կա­տա­րէ պատ­մա­կան ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ար­ժե­ւո­րու­մը, նախ ներ­կա­յաց­նե­լով մին­չեւ 1965-ի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ան­կիւ­նա­դար­ձը ձե­ւա­ւո­րած ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման հո­լո­վոյ­թը, ա­պա ման­րա­մասն տա­լով ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հայ դա­տի քա­ղա­քա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հել­լէն քա­ղա­քա­կան, ա­կա­դե­մա­կան ու ըն­կե­րա­յին գոր­ծօն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­յու­թեան ար­դար դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հանգ­րո­ւան­նե­րուն։ ­Հան­գա­մա­նա­լից տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով պատ­րաս­տո­ւած աշ­խա­տու­թիւ­նը նաեւ միա­ժա­մա­նակ կա­րե­ւոր աղ­բիւր կը հան­դի­սա­նայ պատ­մա­գի­տա­կան ո­լոր­տի հե­տա­զօ­տող շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար, ո­րուն մէջ տեղ գտած են բազ­մա­թիւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հա­րուստ բո­վան­դա­կու­թեամբ։

­Հայ­րե­նի ծա­նօթ պատ­մա­գէտ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ ընկ. ­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեան եւս ծա­ւա­լուն յօ­դո­ւա­ծով մը կը նկա­րագ­րէ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ 19-րդ ­դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն մին­չեւ 1924, լոյս սփռե­լով պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը վրայ, որ նո­ւազ ծա­նօթ է ըն­թեր­ցո­ղին։ ­Գա­ղու­թի կազ­մու­թե­նէն ա­ռաջ, երբ յու­նա­հայ հա­մայն­քը տա­կա­ւին փոք­րա­թիւ պատ­կեր մը կը ներ­կա­յաց­նէր, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը գլխա­ւո­րա­բար կա­պո­ւե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան շրջա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հետ, երբ, յօ­դո­ւա­ծա­գի­րի դի­պուկ բնո­րո­շու­մով՝ ­­«­Փաս­տօ­րէն­­ ­Յու­նաս­տա­նի­ մէջ­ գոր­ծող­ դաշ­նակ­ցակ­ան­ կա­ռոյ­ցը­ ոչ­ միայն­ ներգ­րա­ւո­ւած­ է­ ա­զա­տագ­րա­կան­ պայ­քա­րին­ զէնք­ հասց­նե­լու­ գոր­ծին ­մէջ,­ այ­լեւ ­փոր­ձած­ է ­այդ ­պայ­քա­րին ­մաս­նակ­ցող ­մար­տիկ­ներ պատ­րաս­տել»։

«­Դէ­պի նո­րո­գո­ւած ազ­գա­յին տես­լա­կան» խո­րա­գի­րով, ընկ. ­Սե­ւակ ­Պէ­լեան կը խօ­սի սփիւռ­քի մէջ ­Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մա­սին։ ­Յա­ջորդա­բար, ան կը նշէ նո­րո­գուած ազ­գա­յին տես­լա­կա­նի մը որ­դեգ­րու­մը, յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րադ­րու­թեան լոյ­սին տակ։

­Վեր­լու­ծա­կան ըն­դար­ձակ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ մը, ­Հա­յաս­տա­նի Ա­կա­դե­միոյ պատ­մա­կան բա­ժի­նի դա­սա­խօս Ար­մէն ­Մա­րու­քեան կը վեր­լու­ծէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման գոր­ծըն­թա­ցի նշա­նա­կու­թիւ­նը այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րու յաղ­թա­հար­ման գոր­ծին մէջ։ Ան հան­գա­մա­նօ­րէն կը խօ­սի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հե­տանպնդ­ման ըն­թաց­քի եւ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ ճա­նաչ­ման ձե­ւա­ւո­րու­մի փոր­ձե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ կ’ար­ձա­նագ­րէ ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին հան­դէպ։

­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հետ առն­չո­ւած շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը ըն­կեր­ներ ­Գե­ղամ Եաղ­ճեա­նի եւ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նի հետ, ըն­թե­ցո­ղին տրա­մադ­րու­թեան տակ կը դնէ տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րած ­Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կա­րե­ւոր նո­ւա­ճում­նե­րը, ո­րոնց դե­րա­կա­տար ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը։ Եր­կու ըն­կեր­նե­րը, որ­պէս յանձ­նա­խու­մբի եր­կա­րա­մեայ ան­դամ­ներ, հան­գա­մա­նօ­րէն կը խօ­սին յու­նա­հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն ետք, քա­ղա­քա­կան հաս­տատ­ման եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի հա­սու­նաց­ման հանգ­րո­ւա­ննե­րուն մա­սին։

«­Յու­շա­մա­տեան» կայ­քէ­ջին մէջ լոյս տե­սած աշ­խա­տա­սի­րու­թեան մը ընդ­մէ­ջէն, Ա­նի Ա­բի­կեան կը կազ­մէ ման­րա­մասն նկա­րագ­րա­կա­նը ­Հայ դա­տի ռահ­վի­րան­նե­րէն եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թին մէջ պատ­մա­կան ու քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան դե­րա­կա­տարու­թիւն ու­նե­ցած ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի կեն­սագ­րու­թեան։ Ա­նուն մը, որ իր հետ­քը թո­ղեց մեր գա­ղու­թի կազ­մա­ւոր­ման մէջ, դառ­նա­լով նաեւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ան­դամ, ո­րուն վաս­տա­կը ան­մար կը մնայ յու­նա­հա­յու­թեան պատ­մագ­րու­թեան մէջ։

­Յու­նա­հայ ան­ցեա­լի մտա­ւո­րա­կան դէմք ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի մե­նագ­րու­թիւ­նը ­Գոր­ֆո­ւի հայ­կա­կան գա­ղու­թին մա­սին, պատ­մա­կան նկա­րագ­րում­նե­րով լե­ցուն վկա­յու­թիւն մըն է, ո­րուն հիմ­քը կազ­մած են հայ­կա­կան եւ օ­տար աղ­բիւր­ներ։ ­Հա­կա­ռակ իր նօս­րաց­ման ու ան­հե­տաց­ման, ­Գոր­ֆո­ւի հայ­կա­կան գա­ղու­թը դար­ձաւ հա­ւա­քա­վայ­րը մտա­ւո­րա­կան­նե­րու բա­ցա­ռիկ­ աստ­ղա­բոյ­լի­ մը՝ ինչ­պէս ­Վա­հան­ ­­Թէ­քէեան,­ Ն­շան­ ­­Պէ­շիկ­թաշ­լեան,­ ­Թէո­թիկ, ­Գէորգ ­Կառ­վա­րենց եւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք ե­ղան մա­զա­պուրծ ա­զա­տած հայ որ­բե­րու հո­գա­ծու­թեան ան­խոնջ պա­հա­պան­նե­րը։
­Յատ­կան­շա­կան է լու­սանկար­չա­կան հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոն, որ կը հրամ­ցո­ւի ըն­թեր­ցո­ղին։

Ան կ­՚ընդգրկէ 1975­-1985 թուա­կան­նե­րէն սկսած զար­թօն­քը խտաց­նող կեն­դա­նի դրո­ւագ­նե­րը՝ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րէն մին­չեւ ­Յու­նաս­տա­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած նստա­ցոյ­ցերն, փա­ռա­տօ­նե­րը եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ո՛չ միայն լսե­լի դար­ձու­ցին հա­յու­թեան ար­դար ձայ­նը, այ­լեւ կազ­մե­ցին յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մախմբ­ման եւ ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թեան կռո­ւա­նը։

­Նոյն հե­տաքրք­րու­թեամբ կա­րե­լի է տես­նել յու­նա­հայ պա­հան­ջա­տի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին հրա­տա­րա­կո­ւած որ­մազդ­նե­րը որ­պէս քա­րոզ­չա­կան «…ան­ցեա­լի» գրա­ւիչ գոր­ծիք մը։ ­Հե­տաքրքա­կան հա­ւա­քա­ծոն մեզ կը ճամ­բոր­դէ ան­ցեա­լի տա­րի­նե­րը, ուր որ­մազ­դը կը հան­դի­սա­նար ցու­ցա­կան պայ­քա­րի ա­մէ­նէն յատ­կա­շա­նա­կան քա­րոզ­չա­կան ձե­ւը, երբ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հա­ւատ­քով կը ձեռ­նար­կէր ա­նոնց տա­րած­ման ­Յու­նաս­տա­նի մեծ քա­ղաք­նե­րու ճամ­բա­նե­րուն վրայ։

­Հա­տո­րի յու­նա­լե­զու բա­ժի­նին մէջ, ընկ. ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեան կը փոր­ձէ տար­բեր պատ­մա­գի­տա­կան մօ­տե­ցում մը, այս ան­գամ ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ 19-րդ ­դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան։ ­Յատ­կա­նա­շա­կան են յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, հայ­կա­կան փոքր հա­մայն­քի կեան­քը եւ գո­յա­տեւ­ման ջան­քե­րը, միա­ժա­մա­նակ սա­տար հան­դի­սա­նա­լով ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րուն վրայ տա­րո­ւած ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին։ ­Հա­մայնք մը, որ հե­տա­գա­յին ուռ­ճա­ցաւ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ա­պաս­տա­նած հա­յու­թեան հսկայ զան­գո­ւած­նե­րով եւ հի­մը կազ­մեց գա­ղու­թի պատ­մու­թեան հաս­տա­տու­մին։

­Բա­ցա­ռիկ հա­տո­րը կ­՚ամ­փո­փո­ւի Աս­պետ ­Ման­ճի­կեա­նի պատ­մա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ (յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած ընկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­Գո­լա­նեա­նի կող­մէ), որ կը վեր­լու­ծէ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը յու­նա­կան տա­րածք­նե­րուն վրայ, սկսե­լով 5-րդ ­դա­րէն եւ հաս­նե­լով մին­չեւ Ա. աշ­խար­հա­մար­տի օ­րե­րը։ ­

Յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը կը նշէ բիւ­զան­դա­կան տա­րի­նե­րու պատ­մա­գի­տա­կան տո­ւեալ­նե­րը, ա­պա կը ներ­կա­յաց­նէ միջ­նա­դա­րեան տա­րի­նե­րու օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ պատ­մա­կան տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րը, յան­գե­լով մին­չեւ գաղ­թա­կան­նե­րու ե­րե­ւու­մը ­Յու­նաս­տա­նի ա­փե­րուն վրայ։

* * *

«Ա­զատ Օր»-ին կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւած բա­ցա­ռիկ այս հա­տո­րը յու­նա­հայ գա­ղու­թի քա­ղա­քա­կան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան 60-ա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան հան­դէպ տուրք մը ըլ­լա­լէ ան­դին, կը հան­դի­սա­նայ պատ­մա­կան ու­ղե­ցոյց մը յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար, որ­պէս հան­գա­նակ քա­ղա­քա­կան միտ­քի զար­գաց­ման՝ ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման եր­կար ճամ­բուն վրայ։

­Հա­տո­րը կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել դի­մե­լով «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը եւ ա­կումբ­նե­րը։

«Ա­զատ Օր»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Իշխան Սաղաթելյանը հանդիպել է Եվրոպայի

Բրյուսել աշխատանքային այցի շրջանակում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացո

15 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւա

Վարշաւայի անվտանգութեան ֆորումի շրջածիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարա

15 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը հանդիպել է Հանա Ջալո

Աշխատանքային այցով Բրյուսելում գտնվող՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայաց

14 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի համաշխարհային գործունէութիւն

«Հորիզոն» Մետիայի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Պէլեանի զրուցակիցն է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դ

14 Հոկտեմբեր 2026
Կեցցե՛ Փաշինյանի «ժողովրդավարությունը»

Նիկոլ Փաշինյանը բացարձակ անհանդուրժող է յուրաքանչյուրի նկատմամբ, որն իր հետ հա

13 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը Մանյատիսի հետ հանդիպ

Իշխան Սաղաթելյանը Մանյատիսի հետ հանդիպմանն անդրադարձել է Բաքվում պահվող հայ գե

13 Հոկտեմբեր 2026
Հետամուտ ենք լինելու Արցախահայության ս

Սեպտեմբերի 23-ին իմ նախաձեռնությամբ տեղի ունեցած, Էթնիկ զտման արդյունքում բռնի

13 Հոկտեմբեր 2026
Սիրանուշ Սահակեան Օթթաուայի մէջ գանատա

ՕԹԹԱՈՒԱ— Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան հոկտեմբեր

13 Հոկտեմբեր 2026
Սիրանուշ Սահակեան Մոնթրէալի մէջ ներկայ

ՄՈՆԹՐԷԱԼ— Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան հինգշաբթի

13 Հոկտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը և խմբակցության քարտուղար Ար

12 Հոկտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները հանդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար, Հայաստան-Իրան բարեկամական խմբի անդամ Աննա

12 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը Փարիզում հանդիպել է

Աշխատանքային այցով Փարիզում գտնվող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցի

10 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դամբան

Ստորեւ կը ներկայացնենք 9 Հոկտեմբեր 2026-ին, Վանգուվըրի մէջ, հանգուցեալ ընկհ. Մ

10 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Ե

Թարգմանչաց տօնի նշումը դասական առումով մեր մղած ինքնութեան եւ մշակութային պատե

10 Հոկտեմբեր 2026
Փաշինյանը պատմական ճշմարտության խայտառ

«Չէի ցանկանա որևէ ռեպլիկ մեկնաբանել, բայց Բիշքեկում կայացած Փաշինյան-Պուտին հա

09 Հոկտեմբեր 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակ

Երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2026-ին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչա

09 Հոկտեմբեր 2026
Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափո

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքով հետաքրքրուած ազգայիններ յաճախ հարց

09 Հոկտեմբեր 2026
Ռոստոմի «Վնասակար տարրեր» տեսությունը.

«Ամէն անգամ, երբ յեղափոխական փոքրամասնութեան անձնուէր, տոկուն եւ անվճար գործու

09 Հոկտեմբեր 2026
Արցախյան գոյամարտը․ անցյալի իմաստավորո

Արցախի Հանրապետության հռչակման 35-ամյակը լրացավ մի իրականության մեջ, երբ Արցախ

09 Հոկտեմբեր 2026
Ինքնութիւն, նկարագիր, դիմագիծ

Հարցեր կան որոնք պարբերաբար, եթէ ոչ տե՛ւաբար կը վերադառնան մեր ուշադրութեան, կ

09 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company