Խմբագրական. Պատմական Արդարութեան Պահանջին Իրաւականութիւնը
28 Մարտ 2026
Հայաստանի մէջ, յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ ընտրարշաւը արդէն թափ հաւաքած է: Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնները նորութիւն չեն բերեր: Պարզապէս հետզհետէ աւելի բացայայտ, աւելի շեշտակի կ՛ըսեն այն, ինչ որ երբեմն անուղղակի, երբեմն նուազ շեշտադրումներով պատեհ-անպատեհ առիթներու կ՛արծարծուէին:
Կեդրոնանանք վերջին յայտարարութեան վրայ, որ կը վերաբերի կայսերական կամ ստալինեան հայրենասիրութենէն հրաժարելուն: Աւելի յստակ` պատմական արդարութիւն հետապնդելու պահանջներէն հրաժարելու եւ մեղադրելու ընդդիմախօսները` ժողովուրդը Արցախ վերադարձնելու «պատրանքներ» առաջ քշելու:
Վարչապետին բառերով, «ինչքան գնացինք պատմական արդարութեան յետեւից, այնքան առերեսուելու ենք նորանոր պատմական անարդարութիւնների: Պարտքս եմ համարում սրա մասին տեղեկացնել մեր ժողովրդին: Ես ուզում եմ նաեւ կառավարութեան նիստում արձանագրել եւ նոյնիսկ դատապարտել բոլոր այն միտումները, որոնց նպատակը Ղարաբաղից տեղահանուած մեր հայրենակիցներին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովրդին պանդուխտի կարգավիճակում պահելն է»: Ըստ անոր, խաղաղութեան մասին խօսիլը նաեւ հոգեկան-ընկերային խաղաղութիւն կ՛ենթադրէ, «որովհետեւ խաղաղութիւնը միայն պայմանագիր չէ, խաղաղութիւնն այն է, որ մարդը խաղաղուի: Չկայ աւելի դաժան եւ տառապալի բան, քան սպասումը»:
Գուցէ անտեղի է այս հաստատումներուն հակափաստարկները ներկայացնելով բանավէճի ներքաշուիլը: Այս գաղափարախօսութիւնը, գործող իշխանութիւններուն ետին կանգնած ուժին վարքագիծը հունաւորողն է:
Այս բանավէճի հրահրումը ընդդիմութեան ռազմատենչ ուժի պիտակաւորումը կը հետապնդէ եւ կը զգուշացնէ ընտրազանգուածը, որ եթէ իշխանափոխութիւն իրականանայ, ապա պատերազմը անպայման կը թակէ Հայաստանի Հանրապետութեան դռները:
Հիմա սակայն կեդրոնանանք իրաւական կէտերու վրայ: Գործող Սահմանադրութիւնը իրաւական աղերս ունի Անկախութեան հռչակագիրին հետ: Այլ խօսքով` Անկախութեան հռչակագիրը կը շարունակէ պահպանել իր սահմանադրականութիւնը: Հետեւաբար իրաւական հարց կը ծագի: Պետական ոեւէ պաշտօնեայ իրաւական խախտում կատարած կ՛ըլլա՞յ, եթէ սահմանադրական-իրաւական դրոյթ ունեցող հռչակագիրին կէտերուն հակասական յայտարարութիւն կատարէ:
Անկախութեան հռչակագիրը կը խօսի պատմական արդարութեան վերահաստատման, Արցախի Հայաստանի վերամիաւորման եւ համայն հայութեան իղձերու կենսագործման հրամայականներուն մասին:
Ասոնք հռչակագրային հիմնադրոյթներ չեն միայն: Ասոնք, Սահմանադրութեան նախաբանի յղումով իրաւադրոյթներ են, եւ հետեւաբար բարձրագոյն մակարդակներէ հնչած նման միտքեր պարզապէս հակասահմանադրական կը նկատուին: Այս բոլորի մասին կարելի կ՛ըլլայ խօսիլ, փոփոխութեան առաջարկներ հիմնաւորել, երբ պաշտօնապէս ճշդուած կ՛ըլլայ Սահմանադրութեան փոփոխութեան կամ նոր Սահմանադրութեան յատկացուած հանրաքուէի թուականը եւ անոր ընդառաջ քարոզչութիւն իրականացնելու օրէնքով սահմանուած կարգը:
Պարզ է, որ այս յայտարարութիւնները նաեւ կը ծառայեն Սահմանադրութիւնը փոխելու եւ Անկախութեան հռչակագիրը սահմանադրական ուժէ զրկելու որոշումին ապահովման աշխատանքներուն:
Վարչապետը կը յայտարարէր, որ եթէ հանրաքուէով չորդեգրուի նոր Սահմանադրութիւն, ապա դարձեալ պիտի փորձեն եւ այդպէս շարունակ, մինչեւ հաստատուի նոր Սահմանադրութիւնը:
Ժողովրդավար երկիրներու պարագային նման շրջադարձային եւ գաղափարական կտրուկ փոփոխութեան կեցուածքի մերժումը ժողովուրդին կողմէ համազօր է վստահութեան քուէի մերժումին: Ժողովրդային մերժումը, ժողովրդավար հասկացողութեամբ եւ գործնական ընկալումներով վարչակարգի փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ: «Դարձեալ փորձելու» խոստումը ժողովրդավարական հասկացողութիւններէն հեռու է:
«Ազդակ»
