Լեռնալիբանանի Սովին Վերաբերող Ուսումնասիրական Նոր Գիրքի Շուրջ Զրոյց-Հանդիպում
27 Մարտ 2026
Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 26 մարտի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿՄ-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Նարկիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելի եւ դոկտ. Անտրէ Նասսարի Լեռնալիբանանի սովին, (1914-1918) վերաբերող վերջին աշխատասիրութեան շուրջ զրոյց-հանդիպում մը` ներկայութեամբ լիբանանցի պատմաբաններու եւ ակադեմականներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամ Գրիգոր Էքմեքճեան, որ շեշտեց պատմական յիշողութեան կարեւորութիւնը` անդրադառնալով Լեռնալիբանանի սովին, Լիբանանի Նահատակաց տօնին, արցախահայութեան տեղահանութեան եւ շրջանի վերջին զարգացումներուն:
Լրագրող Հալա Հատտատ ներկայացուց ուսումնասիրութիւնը, ապա հետաքրքրական զրոյց մը ունեցաւ անոր հեղինակներէն դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելի հետ:
Զրոյցի աւարտին Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ իր խօսքին մէջ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Լեռնալիբանանի սովի օրերուն Զմմառու վանքին ունեցած կարեւոր մարդասիրական դերակատարութեան վրա:







