Երեսփոխան Բագրատունի Նամակ Մը Յղեց Ֆրանսայի Նախագահին
09 Փետրվար 2019
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով նամակ մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` գնահատելով Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին ընթացքին Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակելու անոր 2017-ի ընտրական խոստումին վերահաստատումը:
Բագրատունի յայտնեց, որ այդ խոստումին կատարումը տրամաբանական շարունակութիւնը պիտի ըլլայ 2001-ին Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պիտի ամրապնդէ հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը:
Ան աւելցուց, որ Ապրիլ 24-ի Հայոց ցեղասպանութեան ազգային օր հռչակումը պիտի ըլլայ արդարութեան, ճշմարտութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման պայքարին համար յաղթանակ մը:
aztagdaily.com