
Վիգէն Զաքարեան

Ծնած է 15 Մարտ 1969-ին, Պէյրութ, Լիբանան:
Պատանի տարիքին անդամագրուած է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) որպէս սկաուտ, ապա հեծալարաւի խումբին:
1988 տարեշրջանին աւարտած է Համազգայինի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանը:
Հետեւած է Հայկազեան համալսարանի առեւտրական ճիւղի կարգ մը դասընթացքներու:
Եղած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (Լ.Ե.Մ.) «Դրօշակ» մասնաճիւղի վարչութեան ու Կեդրոնական Քարոզչական յանձնախմբի ներկայացուցիչ: Մաս կազմած է նաեւ Համազգայինի պարախումբին:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ մասնակցած է հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործին:
1992 թուականի Ապրիլին ժամանած է Արցախ եւ մասնակցած Շուշիի ազատագրութեան:
Զոհուած է 8 Մարտ 1992-ին, Զարիսլու:
Յետմահու պարգեւատրուած է Լ.Ղ.Հ. «Մարտական Խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով, «Արիութեան» եւ «Շուշիի Ազատագրման» մետալներով:
https://youtu.be/nukd0EWy0tQ
Վարդան Բախշեան

Ծնած է 1 Յունիս 1965-ին, Երեւան:
1982-ին աւարտած է միջնակարգ դպրոցը, 1983-1985 ծառայած է Խորհրդային բանակին մէջ:
1989ին աւաւրտած է Երեւանի պետական համալսարանը: 1900-91-ին աշխատած է պատմական աշխարհագրութեան եւ քարտեզագրութեան աշխատանոցին մէջ, 1991-էն նոյն ատէն դասաւանդած է Երեւանի «Խրիմեան Հայրիկ» հայագիտական դպրոցին մէջ:
1991-էն՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ:
Մասնակցած է ՀՀ սահմանամերթ, ԼՂՀ Ստեփանակերտի, Բերդաձորի ենթաշրջանի, Հատրութի եւ Ասկերանի ինքնապաշտպանական մարտերուն:
Զոհուած է 16 Դեկտեմբեր 1991-ին, Հասանապատ գիւղի մատոյցներուն:
Հետմահու պարգեւատրուած է ԼՂՃ «Մարտական Խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով եւ ՀՀ «Արիութեան» մետալով:
–«Ես մեկնում եմ կռիվ՝ մեռնելու կամ հաղթելու, բայց՝ հաղթելու»
-«Վարդան Բախշյանի պես տղերքը մեզ շատ են պակասում»
https://www.youtube.com/watch?v=t9MNxid4Wo8
Սարգիս Ազնաւորեան

Ծնած է 1924 թուականին Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամասը, Լիբանան:
Մանկութեան շրջանը հազիւ բոլորած, իր կեանքը հայ ժողովուրդի դարաւոր երազի նուաճման ի խնդիր ընծայաբերած հերոսներէն ներշնուած՝ ուղղուած է դէպի Դաշնակցութեան ակումբը, դառնալու հայ ժողովուրդի ցաւերը ամոքելու եւ դարաւոր մեծ երազանքը հետապնդելու երդումը կատարած անսակարկ նւիրեալներէն մէկը:
Ան մաս կազմած է շրջանի կուսակցական պատասխանատու մարմինին, իբրեւ կոմիտէի անդամ, ներկայացուցիչ, ապա Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ:
Սարգիս Ազնաւորեան նշանակուեցաւ Դաշնակցութեան Լիբանանեան կազմակերպութեան շարքերուն մէջ թրծուած, մարտական կառոյցի դժուարին ընտրութիւններէն անցած եւ գաղափարի ու զէնքի իր ընկերոջ՝ Աբօ Աշճեանի պատասխանատու աշխատանքը շարունակելու:
1985 թուականի Ապրիլ 24-ը, կրկնակի բողոքի օր եղաւ լիբանանահայութեան համար:
Ապրիլ 23-ին, Պուրճ Համուտի մէջ, դարանակալ ուժերու կողմէ նիւթուած դաւադրութեան մը զոհ գնաց Ընկեր Սարգիս Ազնաւորեանը:
https://www.youtube.com/watch?v=EiMcULS6jhY
Սարգիս Զեյթլեան

Ծնած է 1930-ին, Մուսա Լեռան Խըտըր Պէկ գիւղը:
Յաճախած է Լիբանանի Այնճար հիւղաւանի «Յառաջ» ազգային վարժարանի նախակրթարանը, Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց» վարժարանը եւ Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայագիտական բաժինը, Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեան օրերուն:
1954-ին կը հրաւիրուի Գահիրէ, իբրեւ օգնական խմբագիր Ընկ. Վահան Նաւասարդեանի խմբագրած «Յուսաբեր» օրաթերթին, իսկ 1958-էն մինչեւ 1962-ին Լիբանան վերադառնալը, կը վարէ խմբագրի պաշտօնը:
Կը նշանակուի Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր եւ կը մնայ այդ պաշտօնին մինչեւ 1968:
ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր Ժողովին կ’ընտրուի Բիւրոյի անդամ, եւ կը մնայ մինչեւ իր առեւանգումը: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի հիմնադրութենէն ետք, շրջան մը իբրեւ օգնական խմբագիր պաշտօնավարելէ ետք, 1978-էն սկսեալ կը գործէ խմբագրապետի հանգամանքով, մինչեւ իր առեւանգումը՝ 28 Մարտ 1985:
28 Մարտ 1985-ի առաւօտուն Պէյրութի Զոքաք-Պլաթի շրջանին մէջ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի ճամբուն վրայ, հակադաշնակցական դաւադիր ուժերու ձեռքով կ’արեւանգուի եւ աւելի ուշ անծանօթ պայմաններու մէջ տմարդի ձեւով կը սպաննուի, իր ընկերակից, Լիբանանի Երիտասարդ Միութեան անդամ Կարօ Գոլանճեանի հետ:
-Սարգիս Զէյթլեանի պատգամը՝ ՀՅԴ 89 ամեակին, 1979
-Սարգիս Զէյթլեանի Մայիս 28-ի պատգամը
-Սարգիս Զէյթլեանի պատգամը՝ Լիբանանահայ երիտասարդներուն, 1976
https://www.youtube.com/watch?v=XZp-XzyFrOw
https://www.youtube.com/watch?v=Ivt8Wg62eM8
Սարգիս Թովմասեան - Սերժ

Սերժ, Սերժիկ, բուն անունով՝ Սարգիս Թովմասեան ծնած է 1943-ին, Պարսկաստան:
Զինւորական ծառայութեան իր շրջանը հազիւ բոլորած, ռազմագիտական միջոցներուն ու ձեւերուն քաջածանօթ, ՀՅԴ կուսակցական դպրոցի դասընթացքներուն հետեւելու համար Սերժը «Պարսկաստանի խորքից» 1969 թուականին կը մեկնի Պէյրութ:
Ան այդտեղ կը հետեւի նաեւ St. Joseph համալսարանի Արեւելեան Դրպութիւններու Դպրոցի հայագիտութեան ճիւղին:
Կուսակցական դպրոցի ուսանող էր եւ մաս կը կազմէր ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան, եւ միաժամանակ «Զաւարեան» Աշակերտական Միութեան քաղաքի մասնաճիւղի պատասխանատուն էր:
Յետոյ ան կ’ընտրուի Ուսանողական մարմնի անդամ եւ մասնակցութեան կարեւոր մասնակցութիւն կը բերէ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան ծրագրման եւ իրականացման աշխատանքներուն մէջ:
28 Մարտ 1976-ին, Սերժ, Անթլիասի «Աղբալեան» ակումբին մէջ «գիտակից» զոհ դարձաւ ռումբի պայթումի, եւ իրեն բաժնեց իր նորակազմ ընտանիքէն եւ ընկերային մեր շրջանակէն:
Սերժը գիտակցաբար զոհուեցաւ, որպէսզի ուրիշները ապրին:
Արշաւիր Շիրակեան

Ծնած՝ Պոլիս, Թուրքիա: Պատանի տարիքին կը գործէ իբրեւ Հ.Յ.Դ. սուրհանդակ ու զէնք փոխադրող:
Եղեռնի շրջանին կը մասնակցի Պոլիս ապաստանող ընկերներու տեղէ-տեղ փոխադրութեան ու տեղաւորման գործին:
Որպէս «թուրք լակոտ» կ’ընկերանայ Սրբուհի Մարգարեանի՝ ծպտուած իբրեւ թրքուհի, ու կ’ազատագրէ հայ որբեր:
1920ին, կ’ահաբեկէ Վահէ Իհսան (Եսայեան), տնաքանդ մատնիչ թուրք գործակալը, Պոլիս:
Կը մեկնի Երեւան, ուր կը ծանօթանայ Արամ Երկանեանին. զինւորական նախարար Ռ. Տէր Մինասեանի կողմէ երկուքով կը ղրկուին Բաքու՝ Եղեռնի ջարդարարներու հետքերը որոնելու:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշումով կ’անցնի Եւրոպա, իրեն յանձնուած նոր անձագիրով – Արսել Սիրակ, յոյն եւ էտիրնեցի ծագումով:
1921ին, Հռոմի մէջ կ’ահաբեկէ թուրք վարչապետ Սայիտ Հալիմ Փաշան: Ապա Պերլինի մէջ իր եւ Արամ Երկանեանի գնդակներէն, իրարու վրայ կը տապալին Ճեմալ Ազմի՝ Տրապիզոնի կուսակալ (հայ մանուկները սնտուկներով Սեւ Ծով նետող ջարդարարը) եւ Պէհաէտտին Շաքիր՝ Իթթիհատեան ջարդարարը:
Կը մահանայ 73 տարեկանին, Միացեալ Նահանգներ:
-«Հայ ժողովուրդի նահատակաց կտակին արդարահատոյց բազուկը»-Նազարէթ Պէրպէրեան
-«Արշավիր Շիրակյան. հայ վրիժառու բազուկը»-Վահե Անթանեսյան
https://www.youtube.com/watch?v=fWLfWriK5b0
Սոֆի Արէշեան-Օհանջանեան - Ռուբինա

Ծնած՝ Թիֆլիս:
Որպէս դուստրը Սամուէլ Ֆայնի (Քրիստափորի գերման-հրեական ծածկանունը) Ռուբինա Ֆայն ծածկանունով, կը մասնակցի Սուլթան Համիտը ահաբեկելու անյաջող մահափորձին, Սէյլամլըքի (տօնական) օրը, Պոլսոյ մէջ:
Կը մահանայ Գանատա, 90 տարեկանին: Կողակիցն էր Համօ Օհանջանեանի:
Սիմոն Վրացեան

Ծնած՝ Նոր Նախիջեւանի Մեծ Սալա գիւղը, հիւսիսային Կովկաս: Կ’աւարտէ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը: Կը մասնակցի 4րդ Ընդհանուր Ժողովին, Վիեննա: Կը հետեւի Սբ. Փեթերպուրկի համալսարանի իրաւաբանական դասընթացներուն:
Խմբագտի պաշտօն կը վարէ Ամերիկայի մէջ՝ «Հայրենիք», Թիֆլիսի մէջ «Հորիզոն» եւ Փարիզի մէջ՝ «Դրօշակ» թերթերուն:
Կովկասի մէջ մաս կը կազմէ կամաւորական գունդերու կազմակերիչ մարմնին: Կ’ընտրուի Բիւրոյի անդամ:
Չորրորդ վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Կը հրատարակէ «Հայաստանի Հանրապետութիւն», յուշերու շարք մը եւ այլ գործեր:
1952էն մինչեւ իր մահը կը վարէ Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը:
Կը մահանայ Պէյրութ, Լիբանան, 87 տարեկանին
-ՅՈՒՇԱՊԱՏՈՒՄ Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 1890-1950
-«Հայաստանի վարչապետն ու Դաշնակցութեան դրօշակիրը»-Ն.
https://www.youtube.com/watch?v=Cp8gqnzfl9I
https://www.youtube.com/watch?v=-TXr4vzPs1I
Արտաշէս Յովսէփեան - Մալխաս

Ծնած՝ Տրապիզոն։ Երկորդական ուսումը կը ստանայ Էրզրումի Սանասարեան վարժարանը։
Սամսոնի մէջ կը մտնէ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան շարքերը, Եգիպտացիի յեղափոխական կնքահայրութեամբ։
Կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ՝ եղբօր մօտ, կը թղթակցի «Հայրենիք» թերթին։
Դաշնակցութան ներկայացուցիչ՝ Ուրմիոյ և Վանի մէջ։ Խոյի և Թադէի վանքի զէնքի փոխադրական գործի ղեկավար։ Պատրաստած է Վասպուրականի քարտէսը:
Սահմանադրութեան շրջանին կը մեկնի Տրապիզոն, ուր կը հրատարակէ «Խարիսխ» թերթը։
Հայաստանի Հանրապետության շրջանին՝ խորհրդարանի անդամ։
Փետուարեան ապստամբութենէն ետք կը վերադառնայ Ամերիկա։
Իր գրական գործերուն մէջ (Զարթօնք, և այլն) կը պատմէ յեղափոխական գործերու , դէմքերու և դէպքերու մասին։
Կը մահանայ Պէյրութ, Լիբանան, 85 տարեկանին։