Տասնեակ Հազարաւորներ Մասնակցեցան Արդարութեան Քայլարշաւին
26 Ապրիլ 2019 ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դատապարտելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու՝ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, 24 Ապրիլին, Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ դարձեալ հաւաքուեցան տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ, առաջնորդութեամբ շարք մը պետական պաշտօնատարներու եւ զօրակցութեամբ առաւել քան 50 աշխատաւորական, ուսանողական եւ քաղաքացիական, փոքրամասնութեանց ու ընկերային իրաւանց պաշտպան, ինչպէս նաեւ յունական, ասորական ու քրտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու։Իրենց ձայնը հայութեան արդարութեան կոչերուն միացուցած պաշտօնատարներուն շարքին էին՝ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Պրետ Շըրմըն, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քորեց, որուն ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնայ թրքական հիւպատոսարանը:

Արդարութեան Քայլարշաւը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին կողմէ, որ կը հանդիսանայ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին մէջ գործող 21 կրօնական, քաղաքական, երիտասարդական, բարեսիրական, մարզական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու համախմբումը։
Հաւաքին հանդիսավարութիւնը ստանձնեցին իրաւաբան Արմէն Ք. Յովհաննէսեան եւ Թենի Խաչատուրեան, իսկ ցոյցը սկսաւ Հայ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւորականներուն առաջնորդած աղօթքով, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները երգեցին շրջանի հայկական վարժարաններու աշակերտներէն բաղկացած երգչախումբը։ Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան նաեւ «Առ-Մին» եւ «Էլեմընթ» նուագախումբերը։
Երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց Ռաֆֆի Ճիւէլէկեան։
Ցոյցը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.facebook.com/asbarez/videos/444272439448998 կայքէջը։
Առնուազն 40 տարիներու աւանդութեան վերածուած տարեկան այս հաւաքով՝ համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ վնասուց արդար հատուցումներու իր պահանջը ուղղակի Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն ներկայացնելու առիթը կ՛ունենայ:
asbarez.com