ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Հայոց Ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի Եւ Լեռնալիբանանի Սովի Յիշատակներուն Նուիրուած Խորհրդաժողով

08 Մայիս 2019 Կազմակերպութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան, երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի եւ Լեռնալիբանանի սովի յիշատակներուն:

Խորհրդաժողովը, որ կը կրէր «Եւ կը մնան ազատ» խորագիրը, կ՛ընդգրկէր նաեւ վերոնշեալ երեք ահաւոր ցեղասպանութիւնները ներկայացնող լուսանկարներու եւ պատմական փաստաթուղթերու ցուցահանդէս մը:

Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան, երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սեպուհ Գալփաքեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Անթուան Փանօ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչ` նախկին նախարար Ճօ Սարգիս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ներկայացուցիչ հայր Սմբատ վրդ. Սապունճեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր – Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ` Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ասորի համայնքի Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեան, ինչպէս նաեւ Ասորիներու լիկան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Խորհրդաժողովին զեկուցաբերներն էին Մարք Ապու Ապտալլա, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Քրիսթիան Թաութալ եւ Մարոնի համայնքի կեդրոնի գիտահետազօտող հայր Ըսթֆեն Խուրի:

Խորհրդաժողովը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով վերոնշեալ ցեղասպանութիւններուն եւ սպանդներուն ընթացքին զոհուած նահատակներուն յիշատակը:

Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ յայտնեց, թէ իրենք միշտ հետապնդած են այդ արդար հարցերը եւ պահանջած անոնց արդար լուծումը:

Ան նկատել տուաւ, որ պէտք է ճշմարտութիւնները ընդունիլ եւ վերջ տալ հարցերուն ու իրականութեան դիմադրելու երեւոյթին:

Ան հաստատեց, որ պէտք է պատմութիւնը եւ պատմական ճշմարտութիւնները նկատի առնել եւ ազգային հաշտութիւններ կնքել` աւելցնելով, որ պատմական ճշմարտութիւնները ընդունիլ չի նշանակեր Լիբանանի յարաբերութիւնները այլ երկիրներու եւ պետութիւններու հետ խանգարել:

Ան հաստատեց, որ իրենք պայքարած են նաեւ Լիբանանի նոր պատմութեան դասագիրքին համար, որուն մէջ հայութեան կամ ասորիներուն անունը ոչ իսկ նշուած է, եւ կասեցուցած են այդ գիրքին տպագրութիւնը` ընդգծելով, որ անկարելի է ընդունիլ, որ պատմութիւնը նորահաս սերունդներուն մասնատուած եւ պակասաւոր կերպով ներկայացուի:

Ան աւելցուց նաեւ, որ իրենք այս իմաստով առաջարկած են նաեւ Ազգային օր մը յայտարարել` նշելու համար Հայոց ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի եւ Լեռնալիբանանի սովին յիշատակը: Այս առաջարկը, որ իբրեւ օրինագիծ պիտի ներկայացուի խորհրդարանին, քննարկած են Լիբանանի երեք հայկական կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ասորիներու լիկային հետ: Ազգային օրուան նպատակն է յիշեցնել այդ երեք ահաւոր դէպքերը, որպէսզի անոնք ապագային չկրկնուին:

Ապա խօսք առաւ առաջին զեկուցաբեր Մարք Ապու Ապտալլա, որ շեշտեց, թէ նման խորհրդաժողով մը կազմակերպելը` 6 մայիսին` խորհրդանշական է, յատկապէս երբ անիկա Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնին մէջ կը կատարուի:

Ապու Ապտալլա իր նիւթով անդրադարձաւ Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն հետ Օսմանեան կայսրութեան ունեցած աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններուն:

Երկրորդ զեկուցաբերն էր Հապիպ Աֆրամ, որ անդրադարձաւ այս երեք ցեղասպանութիւններուն նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած ուրացման քաղաքականութեան: Ան շեշտեց, որ այդ մասին միշտ պիտի յիշեցնեն եւ անոնց ճանաչումը մնայուն կերպով պիտի պահանջեն` աւելցնելով, որ իրենց հաւաքական յիշողութիւնը վերացական չէ, ստեղծագործական չէ եւ ո՛չ ալ վրէժխնդրութիւն կը հետապնդէ, այլ` անիկա ապագայի համար յիշողութիւն է:

Ապա խօսք առաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ հիմնականին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր յաջորդած հատուցումներու պահանջներուն, ինչպէս նաեւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն` Թուրքիոյ կառավարութեան վարած ժխտողական քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ:

Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ համիտեան ջարդերուն, Ատանայի կոտորածին եւ ապա 1915-1918 տեւած Հայոց ցեղասպանութեան, որուն ընթացքին նահատակուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր:

Ան հաստատեց, որ հայոց հիմնական ներկայութիւնը Արեւելեան Անատոլուի մէջ էր` ընդգծելով, որ հայոց թիւը կը հաշուէր երկու միլիոն չորս հարիւր հազար, որոնցմէ մէկուկէս միլիոնը սպաննուեցան:

Վ. Եագուպեան նկատել տուաւ, որ հայերը ո՛չ միայն իրենց կեանքը կորսնցուցին, այլեւ` իրենց կալուածները, աշխատանքը, ինչքերը, դպրոցները, եկեղեցիները, վանքերը, ազգային եւ մշակութային աւանդները:

Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը կը պահանջէ Թուրքիոյ պետութենէն, որ Օսմանեան կայսրութեան օրինական ժառանգորդն է` ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում հայցել եւ հատուցել զայն` նիւթական եւ բարոյական առումով:

Վ. Եագուպեան պահանջուած արդար հատուցումը բացատրեց միջազգային չափանիշներու հիման վրայ` ՄԱԿ-ի ճշդած օրինական պայմաններով, հաստատելով, որ Թուրքիան չի կրնար պատճառաբանել, թէ ինք հայոց դէմ Ցեղասպանութիւն չէ գործած` նկատի ունենալով Օսմանեան կայսրութեան լիիրաւ յաջորդը, հետեւաբար նաեւ` այդ արարքներուն պատասխանատուն ըլլալը:

Ան անդրադարձաւ Սեւրի դաշնագիրին, որ ստորագրուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ եւ որուն հիման վրայ Հայաստանի սահմանները ճշդուեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կողմէ` շեշտելով, որ Սեւրի դաշնագիրին գործադրութիւնը պահանջուած է:

Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ նաեւ շարք մը հարցումներու, որոնք յաճախ կը տրուին Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Ան ընդգծեց, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործուած սպանդներուն մասին բոլոր տեղեկութիւնները կու գան 1919-ին օսմանցի դահիճներուն դատավարութիւններէն` աւելցնելով, որ այդ դատավարութիւններուն ընթացքին կատարուած բոլոր խոստովանութիւնները եւ բացայայտուած իրականութիւնները գաղտնի կը մնան թուրք կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ անոնք կը հաստատեն Օսմանեան կայսրութեան գործած ահաւոր ոճիրները:

Վ. Եագուպեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին կարեւորութիւնը, որպէսզի ան հաշտուած ըլլայ ինքն իր պատմութեան հետ եւ հայութեան նկատմամբ յարգանք ցուցաբերէ ու հայ ժողովուրդը հատուցէ` նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Քրիսթիան Թաութալ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լեռնալիբանանի սովի աւանդին` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի պատմութեան ամէնէն ահաւոր էջն է, որուն ընթացքին թէ՛ իսլամը եւ թէ՛ քրիստոնեան միասին ջարդուեցան, «այսինքն` սովամահ դարձած Լեռնալիբանանի բնակչութեան 30 առ հարիւրին 15 առ հարիւրը իսլամներ էին, իսկ մնացեալը` քրիստոնեաներ», ըսաւ ան` շեշտելով, որ այդ դէպքին շուրջ լիբանանցիները պէտք է համախմբուին եւ իրենց պատմութեան մասին սորվին ու ոչ թէ զայն ժխտեն կամ մոռցնելու փորձեր կատարեն:

Նոյն թղթածրարին մասին խօսեցաւ հայր Ըսթֆեն Խուրի, որ յայտնեց, թէ իր մեծ հայրը Լեռնալիբանանի սովամահ նահատակներէն է: Ան ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը Լեռնալիբանանի սովը կը նկատէ բնական աղէտ եւ զայն չի տեսներ իբրեւ Լեռնալիբանանի բնակչութեան դէմ գործուած կանխամտածուած ցեղասպանութիւն, որուն մասին թուրք դահիճներէն Էնվեր փաշա Ճեմալ փաշային յղած նամակին մէջ յստակ կերպով հաստատած է. «Օսմանեան կառավարութիւնը իր ազատութիւնն ու պատիւը կը վերականգնէ, երբ թրքական կայսրութիւնը հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներէն զերծ մնայ: Առաջինը սուրով սպաննեցինք, իսկ երկրորդը սովամահ պիտի դարձնենք», մէջբերեց հայր Ըսթֆեն Խուրի:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մենք ունենք մեկ թիրախ, դա այսօրվա այս

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ այսօր՝ նոյեմբերի 26–ին, Ազգային ժող

26 Նոյեմբեր 2025
Սահմանադրութիւնը Գինի Չէ՛, Ո՛չ Ալ Հեղո

Ճարպիկի ու խորամանկի պատմուճան հագած՝ ան հպանցիկ անդրադարձաւ Արցախի փշոտ հարցի

26 Նոյեմբեր 2025
Ո՞վ Կը Քաղաքականացնէ Եկեղեցին

Ստեղծուած անիրաւ տագնապի սկզբնաւորութեան Նիկոլ Փաշինեան կը ծրագրէր ժողովրդային

26 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ. Լրացուցիչ Յայտարարութիւններ Եւ

Իսրայէլի իրականացուցած գործողութիւնները Հըզպալլայի կեդրոններու եւ պատասխանատու

26 Նոյեմբեր 2025
Հայաստանը վճարում է ամերիկյան հանրային

Ավելի կարևոր է, որ «Սպիտակ փաստաթուղթը» խեղաթյուրում է Հայաստանի Սահմանադրութ

25 Նոյեմբեր 2025
Ադրբեջանի իրական նպատակը ոչ թե խաղաղու

Արցախի ԱԺ նախկին փոխնախագահ, Արտաքին հարաբերությունների մշտական հանձնաժողովի ն

25 Նոյեմբեր 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորն

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներ Լիլիթ Գալստյանը, Աննա Գրիգորյանը,

25 Նոյեմբեր 2025
Փարիզի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.- «Ֆրանս»-ի մարզահ

Ձախէն աջ՝ Լեւոն Պաղտասարեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, Հր

24 Նոյեմբեր 2025
Աւելի քան մայրենիի բդեշխ մը, Սփիւռքեա՛

Պէտք կա՞յ ըսելու, որ մեր տարտերը կը բխէին ու մեր լեզուին եւ անոր պահապանը, մշա

23 Նոյեմբեր 2025
Սփիւռքը դիտորդ չէ. մեր գործունէութիւնը

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Պաքուի մէջ Արցախի նախկին քաղաքական եւ ռազմական

22 Նոյեմբեր 2025
Ադրբեջանական կողմը ընդամենը բաց հանդիպ

Մինչդեռ Բաքվում գտնվող քաղհասարակության ներկայացուցիչներն արդեն հայտարարել են,

22 Նոյեմբեր 2025
Ամերիկյան 27 սենատորներ պահանջում են ա

ԱՄՆ քսանյոթ սենատորներ՝ սենատոր Էդ Մարկիի և Շելդոն Ուայթհաուսի գլխավորությամբ,

22 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ. Իրան-Մագատէ յարաբերութիւնները

Վիեննայում, երէկ՝ նոյեմբերի 19-ին կայացած Միջազգային ատոմային էներգիայի գործակ

20 Նոյեմբեր 2025
Չակերտեալ հայկականը…

Հայաստանում իշխող վարչախմբի բոլոր կարգի հասարակա-տնտեսական յայտարարութիւններն

20 Նոյեմբեր 2025
Թուրքիան շահագրգռված է, որ Հայաստանը լ

Պարզապես Թուրքիան կրկնում է այն, ինչը Հայաստանի իշխանությունն արդեն մի քանի տա

20 Նոյեմբեր 2025
«Ազատությո՛ւն բոլոր քաղբանտարկյալներին

Այսօր՝ նոյեմբերի 20-ին, Գլխավոր դատախազության առջեւ տեղի ունեցավ բողոքի ակցիա՝

20 Նոյեմբեր 2025
Պաքուի «Դատագոյժ»-ը

«Եթէ մենք չպահպանենք արդարութիւնը, արդարութիւնը մեզ պիտի չպահպանէ»։ Ֆրանսիս Պ

20 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ. Ներդրում Եւ Սպառազինում

Միացեալ Նահանգներու նոր գործարքի վերաբերեալ կը հրապարակուին աստղաբաշխական թիւե

20 Նոյեմբեր 2025
Սոցիալական պայթյունի շեմին․ պարտքերի մ

Նախորդիվ անդրադարձել էի պետական պարտքին։ Վիճակագրություն էի ներկայացրել, թե եր

19 Նոյեմբեր 2025
Բարոյականութիւն. Ո՞ւր Կը Ծախուի…

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տունը Երեքշաբթի, 18 Նոյեմբերի կանուխ յետմ

19 Նոյեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company