ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՄԸՄ
  • Լուրեր
  • Հարցազրույցներ

Փարիզի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.- «Ֆրանս»-ի մարզահամալիրի բացում

24 Նոյեմբեր 2025 ՓԱՐԻԶ.- Նո­յեմ­բեր 22-ին, հա­յահոծ արուար­ձաննե­րէն՝ Իսի Լէ Մու­լի­նոյի մէջ, բա­ցու­մը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»-ի մշա­կու­թա­յին ու մար­զա­կան կեդ­րո­նին։

Իսի լէ Մուլինոյի բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ կապեր հաստատուած եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծուած են՝ եկեղեցի, դպրոց, մշակութային միութիւններ, որպէսզի յաջողի այս ակումբին գործունէութիւնը։

Այս բա­ցառիկ իրա­դար­ձութիւ­նը կը զու­գա­դիպի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»-ի վերակազմաւորման յիսնամեակին եւ բո­լորո­վին նոր հո­րիզոն մը կը բա­նայ հա­մայնքին, յատկա­պէս Իսի Լէ Մու­լի­նոյի շրջա­կայ­քը հաս­տա­տուած հա­յու­թեան ու մա­նաւանդ ապագայ սե­րունդին առ­ջեւ:

Մշակութային առումով արդէն իսկ սրահ մը պիտի տրամադրուի «Արարատ» պարախումբին: «Համազգային»-ի հետ հայերէն դասընթացքներու ծրագիր մը գոյութիւն ունի, նաեւ կը մտածուի երեխաներու երգչախումբի մասին։ Կեդրոնը ունի նաեւ ճաշարանի բաժին մը։



Ձախէն աջ՝ Լեւոն Պաղտասարեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, Հրաչ Սիսեռեան, անոր ետին՝
Իսի Լէ Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Յարութ Խանճեան կը կտրեն ժապաւէնը

Նշենք, թէ Իսի լէ Մուլինոյի եկեղեցւոյ տուեալներով շրջանին մէջ 15 հազար հայ ընտանիք կ՚ապրի, այսինքն շուրջ 50-60 հազար հոգի։Փարիզի հարաւը եւս հայեր կ՚ապրին, հայկական գաղութ ունեցող շրջան՝ Ալֆորվիլէն եւս գետնուղիի ուղիղ գիծ պիտի հասնի Իսի լէ Մուլինօ:

Թե­մի Բարեջան Առաջ­նորդ Գրի­գոր եպիսկ. Խա­չատ­րեա­նի ձե­ռամբ կատարուած օրհնու­թեան կար­գէն ետք ծայր առաւ հան­դի­սու­թիւնը, որուն ներ­կայ էր հոծ բազ­մութիւն մը։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ տեսանիւթին մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի նոր կեդրոնի բացման առիթով հարցազրոյց
«Իմաստուններու Խորհուրդ»ի անդամ եղբայրներ՝ Հրաչ Սիսեռեանի եւ Լեւոն Պաղտասարեանի հետ

Շուրջ 500.000 հաշուող համայնքի մը մէջ նման մեծ նուաճումներ գրեթէ չկան, բացի եկեղեցէէն ու քանի մը դպրոցէ։

Մենք կառուցեցինք միասնական ուժով ու… կարծէք զարմացանք անոր յաջողութենէն։

Հ.Մ.Ը.Մ.էն անդին, գաղութին ծառայող կեդրոն մը ստեղծելու երազն էր, որ յաջողեցանք իրականացնել։

1. Ուրկէ՞ ծնունդ առաւ եւ սաղմնաւորուեցաւ ակումբ կառուցելու գաղափարը։

1981-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կազմակերպած էր համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին մարզախաղերը, որոնք տեղի ունեցան Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսը մասնակցած էր պասքէթի խումբով։ Մոնթրէալի մէջ տեսանք եկեղեցի-դպրոց-ակումբ եռեակը, որ իսկապէս տպաւորիչ էր իբրեւ հայկական տաքուկ անկիւն։ Մեր վերադարձին ու այդ օրուընէ սկսեալ մենք ալ սկսանք փայփայել Փարիզի մէջ նման բան մը իրականացնելու երազը։ Անշուշտ, այդ օրերուն անկարելի էր, սակայն գաղափարը միշտ մեր մէջ վառ մնաց, թէ պէտք է անպայման մեր սեփական ակումբը ունենանք, մանաւանդ որ թափառական վիճակի մէջ էինք։ Վարչութիւններուն մտասեւեռումն էր իրականութիւն դարձնել այդ իղձը։

Թափառական կ՚ըսենք, որովհետեւ սկաուտական հաւաքատեղին ամէն տարի կը փոխուէր, տարբեր կեդրոնի մը մէջ էր, մէկ դպրոցէն միւսը…։ Պասքէթն ու ֆութպոլը տարբեր արուարձաններու ու դաշտերու վրայ՝ Փարիզ, Ալֆորվիլ, Շուազի, Քլամար…ստիպուած էին ընելու իրենց փորձերը եւ ամէն անգամ այդ վայրերը ունենալու համար բաւական դժուարին դիմումներ ու խնդրանքներ պէտք է ներկայացուէին քաղաքապետարաններուն, պատկան մարմիններուն… իսկապէս ջլատիչ էր։

Կ՚ուզէինք մեր կեդրոնը, որովհետեւ կը տեսնէինք, որ մասնաճիւղը քսան-քսանհինգ տարուան աշխատանքէն ետք ո՛չ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրած էր, նոյն տեղն էր։ Մեր գործունէութիւնները չէինք կրնար ընդլայնել, որովհետեւ համախմբելու տեղ չկար, մթնոլորտ ստեղծելու կարելիութիւն չկար։

Մարզիկներուն եւ սկաուտներուն միջեւ կապեր չէին ստեղծուեր, որովհետեւ այն մթնոլորտը զոր ամէն տեղ ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, հոս չկար, իւրաքանչիւր միաւոր տարբեր կողմ մըն էր, տաղտղնուած, իրարմէ անտեղեակ։

Մթնոլորտի բացակայութիւնը լուրջ պատճառ էր նաեւ, որ միութիւնը չհզօրանայ, չծաղկի, թիւը չբարձրանայ, սահմանափակ վիճակի մէջ մնայ։ Կարծէք գոյութիւն ունէր սահմանագիծ մը, տեղ մը կը հասնէինք, կ՚ուրախանայինք, բայց աւելի անդին չէինք կրնար երթալ, որովհետեւ սեփական տեղ չունէինք։

Բայց նաեւ արեւելքէն, Պէյրութ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի քաղաքէն եկած տղաք էինք եւ վարժուած էինք ակումբ հասկացողութեան ու ակումբ յաճախելու էական նշանակութեան։ Եւրոպայի մէջ հաւանաբար նման հասկացողութիւն չկար, եւ այդ մասին չէին մտածած։

Այդ օրերուն արեւելքէն՝ Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Պարսկաստան, դէպի Եւրոպա հասնող ահագին շարժում մը կար։ Նոր ուժեր կը հասնէին, նախկին Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ կամ ոչ, եւ այդ մեզ աւելի խթանեց, անպայման նման կեդրոնի մը գաղափարը ունենալու։

2. Ինչպէ՞ս գործնականացաւ այդ երազը, որովհետեւ գաղափարը գեղեցիկ է, սակայն միջոցները եւս անհրաժեշտ են զայն իրականացնելու համար։

2000-2001-ին երբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսը 50.000 եւրոյի առաջին նուիրատուութիւնը ստացաւ Պրն. Սաատ Հարիրիէն, այն ժամանակուան վարչութիւնը որոշեց մեծ գումարն ու հետագայի ստանալիք նուիրատուութիւնները իբրեւ ակումբի շինութեան հիմնադրամ ու անձեռնմխելի գումար պահ դնել։ Եւ ակումբի գաղափարը սկսաւ մարմին առնել…։

3. «Իմաստուններու Խորհուրդ»ի ստեղծման ուղղութեամբ ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել։

«Իմաստուններու Խորհուրդ» կազմելու գաղափարի միտք բանին ստեղծելն էր մարմին մը, որուն գործը պիտի ըլլար հսկել, ակումբին տիրութիւն ընել, նուիրատուութիւններ գտնել, գումարներ հաւաքել եւ շինարարութեան աշխատանքները կատարել։ Մեծ պատասխանատուութիւն էր, կարելի չէր երկու տարին անգամ մը նորընտիր վարչական կազմին, որ փոփոխական մարմին մըն էր, ձգել այդ գործը։

2018-ին կազմուեցաւ Խորհուրդը։ Մինչ տարի մը առաջ պատրաստուած էր անոր կանոնագիրը եւ ներկայացուած՝ Կեդրոնական Վարչութեան։ Այնուհետեւ սկսան Իսի լի Մուլինոյի քաղաքապետութեան հետ յարաբերութիւնները։

«Իմաստուններու Խորհուրդ»ի իրաւասութեան սահմաններն են զբաղիլ կեդրոնի շինարարութեամբ, ու անկէ ետք՝ ապահովել պիւտճէն ու անոր գոյատեւումը։ Այս ձեւով վարչութիւններն ալ այդ մտահոգութենէն զերծ կը պահուին։

«Իմաստուններու Խորհուրդ»ին գոյութիւնը կը միտի նաեւ պահպանել ակումը, որ ժամանակի ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերահսկողութենէն դուրս չելլէ։ Ան բաղկացած է հինգ մնայուն անդամներէ, առաւել երկու անդամէ, մէկը նշանակուած ընդհանուր ժողովի կողմէ, միւսն ալ վարչութեան ներկայացուցիչն է, որոնք փոփոխական են։ Խորհուրդի անդամներու իբրեւ տարիք ճշդուած է 75 տարեկանը, որ կրնայ մէկ անգամ երեք տարիով երկարաձգուիլ, որմէ ետք անպայման պէտք է անդամը փոխուի։ Զինք փոխարինողը կ՚որոշուի մնացեալ չորս անդամներուն կողմէ։

Օրին «Իմաստուններու Խորհուրդ»ը սկսած էր Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետ Պրն. Ա.Սանթինիի հետ կապեր հաստատել եւ առաջին համաձայնութիւնը (ներքին) ստորագրուեցաւ 2019-ին, իսկ երկրորդ պաշտօնական համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ քաղաքապետարանին մէջ 2022-ին։

Ի դէպ համայնքային խորհուրդի նիստին, քաղաքապետն ու քաղաքապետարանի 49 անդամները թեր քուէարկեցին, 99 տարուան պայմանաժամով այս հողը Հ.Մ.Ը.Մ.ին յատկացնելու որոշումին։

Պէտք է նշել, որ Իսի լէ Մուլինօ քաղաքը իր բոլոր պայմանագրութիւնները կը ստորագրէ 45 տարուան ժամկէտով։ Երկար ճիգերէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար բացառաբար, ունեցանք 99 տարուան ժամկէտով եւ վերանորոգելի պայմանով պայմանագիր մը։

Անշուշտ որոշ խոչընդոտներ եղան, սակայն միշտ ալ արագ լուծումներ գտնուեցան։

Բոլոր կողմերը հիմնական գաղափարին համաձայն էին, գլխաւորաբար քաղաքապետը։ Անշուշտ այս ծրագիրը հաւանաբար չէր իրականանար եթէ այս քաղաքապետը չ՚ըլլար ու մանաւանդ փոխ քաղաքապետ եղբ. Յարութ Խանճեանը, որուն նպաստն ու ճիգը անգնահատելի է ու խաղացած դերը՝ անշրջանցելի։

4. Աշխատանքին ծաւալը բնաւ մտավախութիւն չէ՞ յառաջացուցած։

Այո՛, ծրագիրը հսկայական էր, բայց խենթեր էինք, շատ հաշիւ չըրինք թերեւս։ Կամ բնա՛ւ հաշիւ չըրինք։ Բայց եթէ մտավախութեամբ ճամբայ ելլէինք տեղ պիտի չհասնէինք։ Կ՚ըսեն «խենթը քար մը գլորեց, տասը խելացի չկրցաւ զայն դուրս հանել»։ Նետուեցանք եւ յաջողեցանք։

Ամէնէն մղիչ ուժ տուողները եղան մեզ հեգնողները, անոնք որոնք չհաւատացին մեր կարելիութիւններուն եւ չվստահեցան մեր լրջութեան։

Կ՚ուզէինք նաեւ փաստել, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը իր որոշումներուն կը հաւատայ եւ կը հասնի իր նպատակին։ Անգիտակցօրէն անոնք մեզի տուին ուժ մը, փոխան՝ յուսահատութեան զգացումի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան մէջ մեր ստացած դաստիարակութիւնը անբացատրելի, լրացուցիչ, ապահով եւ վստահ բան մը ունի իր մէջ, որ կը ներշնչէ անձը եւ կը ստեղծէ այնպիսի վիճակ մը, որ յուսահատութիւն չես ճանչնար, տոկունութիւն մը կու տայ։

Ֆրանսերէն ըսելաձեւ մը կայ՝ «բնաւ խնդիր չկայ, այլ կան լուծումներ»։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ մենք պէտք է հետեւինք այս գաղափարին, մեզի համար միայն լուծումներ կան եւ այդ ձեւով աշխատեր ենք։
Մենք զիրար հասկցեր ենք գործի յարատեւութեան մէջ։

Այսօր յետադարձ ակնարկ մը նետելով, այո՛, կրնանք ըսել, որ ուրիշ բանաձեւում չկայ, բացի «խենթ ենք»էն։ Ո՛չ ոք 10 միլիոն պարտքի տակ կը մտնէր, պարզապէս բան մը ընելու համար։
Մենք պատասխանատու ձեւով այդ պարտքը առինք, գիտակից, որ ապագայ սերունդը միայն պարտատէր պիտի չդառնայ։ Պատասխանատուութիւններն ու նիւթական եկամուտները որոշ չափով ծրագրուած ու կազմակերպուած են արդէն, թէեւ ամբողջութեամբ չէ վերջացած, բայց շատ լաւ ընթացքի մէջ է։

Կեդրոնը իր ծախսերը պիտի փակէ եթէ մեծ սխալներ չգործուին։ Երիտասարդները այս գործին համար պէտք է հասուննան։ Մտավախութիւն չի մնար եթէ ընթացքը չխախտի, պահուի գծուած ուղին ու լաւ ձեւով կատարուի յանձանձումն ու տնօրինումը։

5. Շինարարական բաժինը աւարտած է, ինչպէ՞ս պէտք է «լեցնել» զայն։

Այո՛, շինարարութեան բաժինը յաջողեցանք իրականացնել, այժմ կը մնայ այս կառոյցին կեանք տալ ու անոր շարունակականութիւնը ապահովել։

Այդ մէկը շատ աւելի մեծ գործ է, ներկայիս, վարչութիւն, խորհուրդ, յանձնախումբ, բոլորը միասնաբար կը փորձեն աշխատանքը յառաջ տանիլ։

Երկու ամիսէ ի վեր գործունէութիւնները սկսած են ակումբէն ներս եւ արձանագրուողներուն թիւը արդէն 84 հոգիով աւելցած է, թէեւ բոլորը անդամ չեն, բայց մասնակցողներ են որեւէ գործունէութեան։

Կը խորհինք, որ պէտք ունինք երկու տարիի, որպէսզի կեդրոնը ինքզինք հաստատէ։

Եթէ գործը հարկ ու պատշաճ ձեւով հետապնդուի, պատճառ չկայ չյառաջդիմելու։

Իսի լէ Մուլինոյի եկեղեցւոյ տուեալներով 92-ի շրջանին մէջ (Hauts-de-Seine) 15.000 հայ ընտանիք կ՚ապրի, շուրջ 50-60 հազար հոգի։ Կը խորհինք, որ անոնցմէ հազար հոգին պիտի կարենանք ներգրաւել մեր ակմբային կեանքէն ներս։ Փարիզի հարաւը եւս հայեր կ՚ապրին, հայկական գաղութ ունեցող շրջան՝ Ալֆորվիլէն եւս գետնուղիի ուղիղ գիծ պիտի հասնի այս կողմը, ուրեմն կարելիութիւններ կան, հիմնականը լաւ կազմակերպուիլն է։

Մեր կեդրոնը ո՛չ քաղաքական եւ ոչ ալ կուսակցական ազդեցութեան ենթակայ է։ Բաց է բոլորին, ամէն մարդ կրնայ օգտուիլ անկէ, անշուշտ լրացնելով որոշ պայմաններ, բայց ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի միակ ակումբն է, որ հարիւր առ հարիւր անկախ է։ Անշուշտ մենք մեր քաղաքական համոզումները ունինք, իբրեւ անդամ եւ միութիւն, սակայն կեդրոնը անով պիտի չառաջնորդուի։ Կը հաւատանք, որ այս կեդրոնը պէտք է պատկանի բոլոր համայնքին, առանց քաղաքական գունաւորումի։ Այն որ կը փափաքի ու կը յարգէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծրագիր-կանոնագիրը կեդրոնէն ներս տեղ ունի։

6. Կեդրոնի ֆիզիքական բաժինին ու ապագայ ծրագիրներու եւ գործունէութեանց մասին կրնա՞ք փոքր անդրադարձ մը կատարել։

Իսի լէ Մուլինոյի բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ կապեր հաստատուած են, գործակցութեան ձեռք մեկնուած եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծուած են՝ եկեղեցի, դպրոց, մշակութային միութիւններ…։ Մշակութային գործունէութիւններ միասնաբար համադրելու ուղիին վրայ կը գտնուինք։

Սկաուտութեան համար ունինք չորս դասարաններ, որոնք մկրտուած են մահացած վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներու անուններով՝ Գառնիկ Մկրտիչեան, Միհրան Շիմշիրեան, Սուրէն Մուրատեան եւ Կապի Փոստու, նաեւ գործունէութեան համար բակ մը։

Գոյութիւն ունի մարզասրահը՝ ներքին ֆութպոլի, պասքէթի, վոլիպոլի, պատմինթոն… ուր վեց-եօթը խաղաձեւեր կարելի է կիրարկել։

Ունինք սրահ մը տրամադրուած ժիւտոյի, քոնկֆուի, թայչիի…

Գործունէութեանց կարգին են նաեւ՝ եոկա, փիլաթ (pilate), սալսա… ոմանք շատ լաւ չեն ընթանար, թիւերը գոհացուցիչ չեն, սակայն կ՚ենթադրուի, որ քանի մը ամիս փորձառական շրջան մը պիտի ունենանք գիտնալու թէ մարդիկ ինչի՞ պէտք ունին, կամ ո՞ր մարզը զիրենք կը հետաքրքրէ։

Մշակութային առումով առայժմ սրահ մը պիտի տրամադրուի «Արարատ» պարախումբին: Համազգայինի հետ հայերէն դասընթացքներու ծրագիր մը գոյութիւն ունի, նաեւ կը մտածենք երեխաներու երգչախումբի մասին, որ կրնայ մթնոլորտ ստեղծելուն նպաստել։

Կեդրոնը ունի նաեւ ճաշարանի բաժին մը։ Ան նաեւ կրնայ օգտակար դառնալ մթնոլորտի ստեղծման, ծանօթացման…։

Առկայ է վարձակալութեամբ գործածուելիք սրահ մը։

Տակաւին նոր ենք, պէտք է հետաքրքրութիւն ստեղծենք, մարդիկ լսեն, նոյնիսկ մեր մօտիկ միջավայրէն անձեր տակաւին կեդրոնը չեն տեսած։ Բացման արարողութիւնը առիթ պիտի ըլլայ ծանօթանալու, ճանչնալու կեդրոնը, կարծիք կազմելու, զարմանալու, հիանալու, յուզուելու…

Տակաւին կան անկատար աշխատանքներ, որոնք այժմ իրենց լրումին հասցնելու ընթացքին մէջ ենք, որմէ ետք, քանի մը ամիս ետք կ՚անցնինք այլ մանրամասնութիւններու։

Մարդուժի առումով, բաց մը միշտ ու ամէն տեղ գոյութիւն ունի, բայց շատ լաւ երիտասարդական խաւ մը ունինք, աշխոյժ վարչութիւն մը կը գործէ, ինչպէս նաեւ՝ սկաուտ խորհուրդը։ Լիբանանէն հասած են պատրաստուած ուժեր, որոնք նոր եռանդ մը բերին մասնաճիւղին։


7. Միայն հայե՞ր կ՚ընդունուին գործունէութեանց, թէ՞ բոլորին համար բաց է։

Առայժմ միայն հայեր կ՚ընդունինք, բայց եթէ հետագային հայ մը իր հետ օտար բարեկամ մը բերէ, անհատական մարզանքի համար, ու վերջինս փակէ այդ մարզաձեւի տարեվճարը, կ՚ընդունինք, կարելի չէ մերժել…։

8. Միայն քանի մը բառ. ինչպէ՞ս կը սահմանէք այս ծրագիրն ու անոր աւարտը։

– Քրիստոնէական առաքինութեան մաս կազմող բառեր փոխ առնելով՝ «Հաւատք, Յոյս, Սէր եւ Մկրտութիւն»։

Մենք հաւատացինք, յուսացինք, սիրեցինք գործը եւ մկրտուեցանք այս գործին մէջ ու այս գործով։

– Կամքի ուժ։ Ինքզինքին յաղթել մըն էր այս աշխատանքը։ Ինքզինքին յաղթելով ամբողջ համայնքին ցոյց տալ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի էութիւնը։

– Միասնականութեան ուժ։ Շուրջ 500.000 հաշուող համայնքի մը մէջ նման մեծ նուաճումներ գրեթէ չկան, բացի եկեղեցէէն ու քանի մը դպրոցէ։
Մենք կառուցեցինք միասնական ուժով ու… կարծէք զարմացանք անոր յաջողութենէն։

– Հ.Մ.Ը.Մ.էն անդին, գաղութին ծառայող կեդրոն մը ստեղծելու երազն էր, որ յաջողեցանք իրականացնել։

– Տեսլական ունենալ, միջոցներ ստեղծել եւ կամքի ուժով իրագործել այդ տեսլականը։

Հարցազրոյցը վարեց` Սեւան Նազարեան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ակնարկ. «Իրական Սփիւռք»-ի Հրամցուող Ապ

Գործող իշխանութիւններու խորհրդարանական մէկ ներկայացուցիչին սփիւռքի մասին կատար

18 Օգոստոս 2026
Հայաստանի իշխանությունները կրկին չկատա

Կրթական ոլորտի խնդիրների մասին անցնող շրջանում շատ եմ խոսել և շարունակելու եմ

17 Օգոստոս 2026
Այցելություն Վահան Հովհաննիսյանի շիրիմ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետությունում ՀՀ արտակարգ եւ լիազ

16 Օգոստոս 2026
Այսօր Վահան Հովհաննիսյանը կդառնար 70 տ

«Մենք երբեք ձեզ երկնային մանանա չենք խոստացել: Մենք ասել ենք` եթե դուք իրոք պա

16 Օգոստոս 2026
Հայ երիտասարդությունը հավատարիմ է մնու

Ամփոփվեց ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միության և ՀՅԴ Ֆրանսիայի «Նոր Սերունդ» Երիտա

15 Օգոստոս 2026
Աշխարհասփյուռ երիտասարդական միությունն

«Հանուն Արցախի» բանակման շրջանակում ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Հովսեփ Տեր-Գևորգյանը հա

15 Օգոստոս 2026
Հայոց ցեղասպանության միջազգային ճանաչո

Հայոց ցեղասպանության միջազգային ճանաչման գործընթացը հնարավոր չէ կասեցնել. օգոս

15 Օգոստոս 2026
Ոտքի Կանգնող «Ամբաստանեալներ»-ը

«Ոտքի կանգնեցէ՛ք ամբաստանեալներ»․․․դատական նիստերու ընթացքին յաճախ գործածուած

14 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Պանք Օթոման Եւ Խոստումներ

Պանք Օթոմանի գործողութեան 130-ամեակին այժմէական հնչեղութիւն հաղորդելու որեւէ

14 Օգոստոս 2026
Այս իշխանությունը սպառնալիք է հայկական

Այս իշխանությունը սպառնալիք է հայկական պետականության համար, հետևաբար, նոր գում

12 Օգոստոս 2026
«Հանուն Արցախի»՝ միասին, Արցախ վերադառ

Արցախից բռնի տեղահանությունից հետո ժամանակը չի կարող մեզ հեռացնել Արցախից։ Ընդ

12 Օգոստոս 2026
Եկեղեցին Անջատ Է Պետութենէն

Պատմականօրէն աննախընթաց իրողութեան մը ականատես եղանք ուրբաթ, 7 օգոստոսին: Ամեն

12 Օգոստոս 2026
Էրդողանի կողմից ցեղասպանության ժխտումն

Չնայած իրենց դիվանագիտական խորամանկությանը՝ թուրք ղեկավարներն այդպես էլ չսովոր

11 Օգոստոս 2026
Պայքարը շարունակվում է. Բանակում Բյու

Օգոստոսի 3-ից 9-ը Բյուրականի «Գառնիկ Մկրտչյան» բանակավայրում տեղի ունեցավ ՀՅԴ

11 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Սեւրը՝ պատմական իրականութ

Սակայն, անհրաժեշտ է կատարել մի կարեւոր քաղաքա-իրաւական մատնանշում։ Սեւրի դաշնա

10 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Սեւրը՝ Ծրագիրին Եւ Հռչակագ

Սեւրի պայմանագիրի 106-րդ ամեակը յայտնաբար առիթ չէ հանդիսացած հայկական աշխարհին

10 Օգոստոս 2026
Արցախի ժողովրդի իրավունքները սակարկութ

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արա Պուլուզյանը «Ապառաժ»-ի հետ զրույցում, արձագանք

10 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ վերահաստատումը հայրենիքում՝ 36 տար

ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտեի նախաձեռնությամբ այսօր՝ օգոստոսի 8-ին Եռաբլուր զի

08 Օգոստոս 2026
Պայքարը շարունակելուց բացի այլընտրանք

ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենյակի պատասխանատու Կիրո Մանոյանի խոսքը Եռաբլուրում. 1990

08 Օգոստոս 2026
Խաղաղությունը չի կարող լինել անվտանգու

Այո, հակամարտությունն ու դրանից բխող Արցախի ժողովրդի վերադարձի, գերիների տունդ

08 Օգոստոս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company