Եկեղեցին Անջատ Է Պետութենէն
12 Օգոստոս 2026
Պատմականօրէն աննախընթաց իրողութեան մը ականատես եղանք ուրբաթ, 7 օգոստոսին: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Հոգեւոր Գերագոյն խորհուրդի վեց եպիսկոպոսներ ներկայացան Հայաստանի Հանրապետութեան դատարան: Անոնք ամբաստանուած էին դատական որոշումի մը գործադրութիւնը խոչընդոտելու յանցանքով: Բացատրենք, թէ ի՛նչ խոչընդոտած էին:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջին, որ ձեւակերպուած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն կողմէ, միացան տասը եպիսկոպոսներ: Նիկոլ Փաշինեան եւ իրեն գործակից եպիսկոպոսները կը պահանջեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարեկարգումը` առանց յստակօրէն ըսելու, թէ ի՛նչ կը հասկնան բարեկարգում ըսելով: Անորոշ բարեկարգումի պահանջը քաղաքական դիրքորոշման մը ծխածածկոյթ էր: Նորակազմ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդը իր թեմին մէջ աշխուժօրէն սկսած ըլլալով «բարեկարգում» կատարել, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, որ նշանակած էր զինք այդ պաշտօնին, պաշտօնանկ ըրաւ: Առաջնորդը բողոքելով հայրապետական տնօրինման դէմ` դիմեց դատարան: Դատարանը, որ բացարձակապէս իրաւասու չէ նման դատական հարց մը ընդունելու, որոշեց մինչեւ վէճին լուծումը առաջնորդը վերահաստատել իր պաշտօնին: Առաջնորդ եպիսկոպոսը, որ իր ձեռնադրութեան սկզբնական բաժնին մէջ ծունկի վրայ հնազանդութիւն ուխտած էր կաթողիկոսին, կը ժպրհէր դատի տալ զայն: Հոգեւոր Գերագոյն խորհուրդը թելադրեց կաթողիկոսին` կարգազուրկ հռչակել ուխտադրուժ եպիսկոպոսը: Աշխարհական դարձած հոգեւորականը այլեւս չէր կրնար, նոյնիսկ` ժամանակաւորապէս, վարել առաջնորդական պաշտօնը: Այս է, որ դատախազութիւնը կը համարէ խոչընդոտ դատական նախնական որոշման:
Խոչընդոտի վերաբերեալ դատը բացուած է կաթողիկոսին եւ Հոգեւոր Գերագոյն խորհուրդի վեց եպիսկոպոսներուն դէմ` զանց առնելով խորհուրդի աշխարհական անդամները: Սահմանադրութեան 17-րդ յօդուածի 2-րդ կէտը կը սահմանէ. «Կրօնական կազմակերպութիւններն անջատ են պետութիւնից»: Եկեղեցին կը գործէ` համաձայն իր կանոնական իրաւունքին, իսկ պետութիւնը, առաւել եւս` գործող իշխանութիւնը, չի կրնար միջամտել Եկեղեցւոյ ղեկավարման գործին:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ վեց եպիսկոպոսները կրնային անտեսել դատական հայցը եւ չներկայանալ դատարան: Անոնք ներկայացան` իբրեւ օրինապահ քաղաքացիներ Հայաստանի Հանրապետութեան: Դատական նիստը տեւեց հազիւ քսան վայրկեան, որովհետեւ դատաւորը ինքնաբացարկ յայտարարեց, այսինքն մերժեց դատել ամբաստանեալները: Այժմ երկու կարելիութիւն կայ. կը նշանակուի նոր դատաւոր, եւ դատը կը վերսկսի, կամ յարգելով սահմանադրութիւնը` դատը չեղեալ կը համարուի:
Ինչպէս կառավարուած է Եկեղեցին Հայոց պատմութեան խռովայոյզ ժամանակներուն, հաւատքի ու դաւանանքի վերաբերող հարցերը քրիստոնեային խիղճին կը վերաբերին. խիղճը մաքուր, սուրբ պահելու գործին կը նպաստեն հոգեւորականները, որոնք կը մեկնաբանեն ու իմանալի կը դարձնեն Աւետարանէն բխող դաւանութիւնը: Եկեղեցին միաժամանակ մարդաշատ ու ծաւալուն հաստատութիւն մըն է, որ ներդաշնակօրէն գործելու համար կարիքը ունի կազմակերպուելու. ամէն կազմակերպութիւն կը գործէ հետեւողութեամբ օրէնքներու: Եկեղեցին եւս կը գործէ` համաձայն կանոնական իրաւունքի մը, որ մշակուած է բազմաթիւ Ազգային եկեղեցական ժողովներու եւ հայրապետական տնօրինումներու միջոցով: Քաղաքական պայմանները, հաւատացեալներու կենցաղային փոփոխութիւնները, տուեալ ժամանակի պահանջները, նոր կարելիութիւններու առկայութիւնը անհրաԺեշտ կը դարձնեն նոր կանոններու մշակումը եւ ղեկավարման արդիականացումը: Այսինքն` բարեկարգումը:
Հայ եկեղեցին ու յատկապէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը կարիքը ունի՞ն բարեկարգման: Ռուսական կայսրութեան կողմէ պարտադրուած, Հայ եկեղեցւոյ աւանդական կանոններուն ոչ հաշտ պոլոժենիայի խափանումէն ետք, Եկեղեցին կառավարուած է խարխափումներով ու ժամանակաւոր կարկտան կարգաւորումներով: Ուրիշ բան ալ չէր կրնար ըլլալ խորհրդային հակակրօն վարչակարգի պայմաններուն մէջ, ուր եթէ Եկեղեցին չէր հալածուեր, կը հակակշռուէր ուղղակի պետութեան կողմէ: Անկախութեան հռչակումէն երեք տասնամեակ ետք անհրաժեշտ է կանոնական նոր իրաւունքի մը մշակումը: Պետութիւնը, յանձինս իշխանութիւններուն, կրնայ օժանդակել այս գործին, որ Ազգային-եկեղեցական ընդհանուր ժողովի մը իրաւասութիւնն է: Օժանդակել, ո՛չ տնօրինել, ո՛չ ալ պարտադրել: Պետութիւնը պարտաւոր է յարգել Եկեղեցւոյ լիակատար անկախութիւնը, իսկ Եկեղեցին` ձեռնարկել բարեկարգումը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ
