Երկու Իրադարձութիւններ
03 Նոյեմբեր 2019 Յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի մեր համայնքին համար մերթ յոյզի եւ տխրութեան, մերթ ցնծութեան ու յաղթանակի սուր ելեւէջներով յատկանշուող շաբաթ մը եղան անցնող օրերը: Շաբաթը սկսանք ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը յառաջիկայ տարի փակելու որոշումին ցնցիչ ու սրտաճմլիկ լուրով: Երկուշաբթի օր, ականատեսը եղանք դպրոցի աշակերտութեան, ծնողներուն, ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտներուն եւ այլ հայրենակիցներու դպրոցի շրջափակին մէջ կատարած բողոքի ցոյցի յուզական պատկերին:Եւ յանկարծ, համայնքը համակած յուսախափութեան եւ անոր առթող յուսալքութեան հոգեվիճակէն դուրս գալով՝ հաւաքաբար ցնծութեան եւ յաղթանակի պահեր ապրեցաւ, երբ յա-ջորդ օրը՝ 29 Հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասապանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը:

Ժամանակագրական առումով, անշուշտ որ զուգադիպութիւն էր այս երկու իրադարձութիւններուն համընկնումը մէկ օրուան կարճ ժամանակամիջոցին մէջ:
Աւելի կարեւորը, սակայն, այս զուգադիպութեան բարացուցական խորհուրդն է, զոր հարկադրաբար, պահի դրդումով, վերյիշեցնելու կարիքը կը զգանք այսօր:
Այս առիթը թերեւս լաւագոյնն է ուշադրութեան յանձնելու, որ թիւ 296 բանաձեւին նմանութեամբ եւ կշիռով քաղաքական իրագործումներ կարելի պիտի չըլլային իրականացնել, եթէ չունենայինք նաեւ մեր կրթական հաստատութիւնները, մեր հայկական վարժարանները, այս համայնքին մէջ: Սփիւռքի մէջ դպրոց կառուցելու մեր ազգային-քաղաքական ռազմավարութեան առաջադրանքն է նաեւ հասցնել սերունդներ, որոնք իրենց ներոյժը պիտի բերեն մեր ժողովուրդի ազգային իրաւունքներուն վերատիրանալու եւ անոր հանդէպ գործուած պատմական չարիքի արդարահատուցումը պահանջելու մեր համազգային պայքարին մէջ: Ահա՛ այդ վարժարաններէն դուրս եկած սերունդի ճիգերուն եւ անխոնջ աշխատանքին արգասիքն է նաեւ թիւ 296 բանաձեւի քաղաքականօրէն հայանպաստ իրագործումը: Օր մը, նման յաղթանակներ ձեռք բերելու արդար ակնկալութեամբ, այլեւ երազով է որ սփիւռքեան այս համայնքի հիմնադիր սերունդները մարդկային վիթխարի զոհողութիւններով եւ նիւթական անչափելի յատկացումներով կառուցեցին նաեւ մեր վարժարանները:
Այս բոլորին մէջ, ամէնէն տխուր երեւոյթը այն է, որ վարժարանը փակելու որոշումը տուողներուն մօտ այսօր կը թուի կորսուած ըլլալ այդ տեսլականը:
ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
asbarez.com