Ազգային Գրադարանը Պիտի Պատրաստէ «Ազդակ»-ի Մատենագիտութիւնը
02 Դեկտեմբեր 2019 Հայաստանի Ազգային գրադարանին կազմակերպած մամլոյ գիտաժողովի վերջին նիստին Ազգային գրադարանի տնօրէնի տեղակալ Հայկանուշ Ղազարեան յայտարարեց, որ Ազգային գրադարանը պիտի ստանձնէ ամբողջ «Ազդակ»-ի հաւաքածոյին մատենագիտութեան պատրաստութեան աշխատանքը:
Ազգային գրադարանը ունի մատենագիտութեան բաժին, ուր մատենագէտներ հսկայ աշխատանք կ՛իրականացնեն ամէնէն գիտական մօտեցումներով ամբողջական տեսքի բերելու համար կարեւորագոյն գիտաշխատութիւններու եւ պարբերականներու մատենագիտական ուսումնասիրութիւնները:
«Ազդակ» օրաթերթի, բացառիկի եւ յաւելուածի ժողովածուներու մատենագիտական ուսումնասիրութիւնները պիտի գան համալրելու Ազգային գրադարանի մամլոյ մատենագիտական նիւթերուն հարուստ հաւաքածոն:
aztagdaily.com