Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Ալ Խուրիի հետ
05 Դեկտեմբեր 2019 Դեկտեմբեր 4-ին, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան քաղաքական իր հանդիպումները շարունակեց Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ եւ հիւրընկալուեցաւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամ, Լաւալ քաղաքի հայաշատ ընտրատարածքներէն Laval—Les Îles-ի պատգամաւոր Ֆայսալ Ալ Խուրիի հետ, որուն հետ աշխատանքային հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Գանատա-Հայաստան բարեկամական փոխ-յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարմները։
Իշխան Սաղաթելեանի կ՚ընկերակցէին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ ՀՅԴ Օթթաուայի «Վահան Յովհաննիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Գատէհճեան:
horizonweekly.ca