Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Արտգործնախարարութեան պաշտօնատարներուն հետ
05 Դեկտեմբեր 2019 ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով Գանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան քաղաքական հանդիպումներուն ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 4-ին Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Արտգործնախարարութեան պաշտօնատարներուն ներկայացուցիչներուն հետ։
Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան յատկապէս ընդգծեց տարածաշրջանի հակամարտութիւնները խաղաղ ձեւով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը, շեշտելով, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է յանգի խաղաղ կարգաւորման: Ան աւելցուց, որ տագնապի խաղաղ լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համախոհութեան գոյացնելու տեսանկիւնէն դրական քայլ պիտի ըլլայ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ բոլոր կողմերու քաղաքական յանձնառութիւնը։
Հանդիպուման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Գանատա-Հայաստան փոխ յարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանկարները։
Իշխան Սաղաթելեանի կ՚ընկերակցէին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան:
horizonweekly.ca