Իշխան Սաղաթէլեանի քաղաքական հանդիպումները Օթթաուայի մէջ
06 Դեկտեմբեր 2019 ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Դեկտեմբեր 4-ին Օթթաուայի մէջ քաղաքավարական և ճանաչողական հանդիպում ունեցաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանի հետ։
Հանդիպման ներկայ էին ՀՀ դեսպանատան հիւպատոս պրն. Արա Մկրտչեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ ՀՅԴ Օթթաուայի «Վահան Յովհաննիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Գատէհճեան։
Իշխան Սաղաթէլեան հիւրընկալուեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Հան Տոնկի կողմէ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան քաղաքական հանդիպումներուն ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 4-ին Օթթաուայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ, Մեծն Թորոնթոյի Տոն Վալի հայաշատ ընտրատարածքի պատգամաւոր Հան Տոնկի կողմէ։
Մէկ ժամ տեւողութեամբ ՚հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ սերտացման հեռանկարները՝ դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներէ ներս:
horizonweekly.ca